ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ. ԾԱՅՐԱՅԵՂ ԷՔ, ԹԷ՞ ՉԱՓԱՒՈՐԱԿԱՆ

Կեանքի մէջ ձեզի համար ամէն բան սեւ կամ ճերմա՞կ է, թէ՞ մոխրագոյնը կը բաւարարէ ձեզ: Այլ խօսքով, ձեր առօրեայ կեանքին մէջ չափաւորակա՞ն, թէ՞ ծայրայեղ անձ էք: Իմանալու համար պատասխանեցէք փորձ-հարցարանին, ապա կարդացէք արդիւնքը:

1

Դպրոցէն գանգատ կը ստանաք ձեր զաւկին կարգապահական վիճակին մասին.

ա.- Ձեր զաւակը խստօրէն կը պատժէք:
բ.- Ձեր զաւակը կը յանդիմանէք` խիստ պատիժի սպառնալիքով մը:
գ.- Կը բաւարարուիք անկէ դրական խոստում մը լսելով:

2

Պետութիւններու միջեւ հակադրութիւնները կը լուծուին.

ա.- Պատերազմով:
բ.- Բանակցութիւններով:
գ.- Երրորդ կողմի մը միջամտութեամբ:

3

Ճաշի հիւր ունիք եւ ձեր գլխաւոր ճաշը ձախողած է.

ա.- Կը թափէք զայն եւ դուրսէն արագ ապսպրանք մը կ՛ընէք:
բ.- Տակաւին կէս ժամ ժամանակ ունիք, կը մտածէք նոր, բայց աւելի դիւրին ճաշի մը պատրաստութեան մասին:
գ.- Պատրուակ մը գտնելով` կը յետաձգէք հրաւէրը:

4

Դուք ձեզ կը նմանցնէք.

ա.- Ճէյն Ֆոնտային:
բ.- Մայր Թերեզային:
գ.- Ոչ ոքի:

5

Ձեր գործատէրը ձեր ուժերէն վեր գործ յանձնած է ձեզի եւ կ՛ակնկալէ, որ օրին աւարտէք.

ա.- Երկու-երեք օր անքուն կը մնաք եւ գործը գլուխ կը հանէք:
բ.- Յաւելեալ ժամանակ կը պահանջէք անկէ:
գ.- Յուսախաբ ընելու գնով ձեր ժամանակը կ՛առնէք եւ օգնական կը պահանջէք:

6

Բարեկամուհիներով կը հանդիպիք եւ կ՛որոշէք անգամուան մը համար «խենթանալ»…

ա.- Մինչեւ առտու կը խմէք, կը պարէք, կը գինովնաք… Դուք ձեզի այդ իրաւունքը կու տաք:
բ.- Մինչեւ ուշ ատեն կը մասնակցիք խնճոյքին, երկու բաժակ ալ կը խմէք, բայց հրաժեշտ կու տաք` յաջորդ օրուան գործը պատճառաբանելով:
գ.- Կը մերժէք մասնակցիլ, քանի որ երեխաները առանձին չէք կրնար ձգել:

7

Ձեր մօտիկ ընկերը կը բացայայտէ ձեր կողմէ իրեն վստահուած գաղտնիք մը.

ա.- Վերջնականապէս ձեր կապերը կը խզէք անոր հետ:
բ.- Ձեր ընդվզումն ու յուսախաբութիւնը կը յայտնէք իրեն:
գ.- Կ՛որոշէք այսուհետեւ ոչ մէկ գաղտնիք վստահիլ անոր:

ԱՐԴԻՒՆՔ

– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, բաւական ծայրայեղ անձ էք, ձեզի համար երկու չափ երկու կշիռ չկայ. ամէն բան սեւ կամ ճերմակ է ձեր մօտ: Ասիկա հաւանաբար արդիւնք է յանձնառու չափազանց իտէալապաշտ ձեր բնաւորութեան: Միջակութիւնները, խախուտ լուծումները, անպարկեշտութիւնը կ՛ընդվզեցնեն ձեզ. հետեւաբար հարցերուն մէջ կ՛երթաք մինչեւ ծայր, նոյնիսկ եթէ ժամանակ մը ետք պիտի անդրադառնաք ձեր սխալին:

– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, չափաւորական անձ էք. հարցերը խաղաղ ճամբով լուծելու բանակցութիւններու եւ երկխօսութեան կողմնակից անձ էք: Պորթկումներ եւ զղջումներ չէք ունենար, անոնց առաջքը կ՛առնէք ձեր խոհեմ եւ մտածուած հակազդեցութիւններով, խօսքերով, կեցուածքով:

– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, կրաւորական, չնախաձեռնող եւ չդիրքորոշուող անձ էք: Ձեր մօտ կը պակսի հետաքրքրութիւնը եւ մղումը:

Դարձէք աւելի յանձնառու, դիրքորոշուեցէք ձեր շուրջ պատահող անցուդարձերուն, այլ խօսքով` մասնակցեցէք կեանքին:

 

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ

ՀԱԶԸ ԴԱՐՄԱՆՈՂ
ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

1

6-8 բողկ բարակ շերտերով կտրատել եւ իւրաքանչիւր կտորի վրայ առատօրէն շաքարաւազ կամ մեղր լեցնել: 12 ժամ ետք կը ստացուի հիւթ մը. այդ հիւթէն խմել ապուրի դգալ մը` ժամը անգամ մը:

2

Թուզը եփել կաթի մէջ եւ ուտել, իսկ կաթը խմել:

3

Չոր թուզը թրջել օղիի մէջ, գիշերը հանել օղիէն եւ մէկ կողմ դնել, առաւօտեան անօթի փորով ուտել թուզը:

4

Ժամը անգամ մը խմել կէս կիտրոնի հիւթի մէջ 1 ապուրի դգալ լուծուած մեղրը:

5

Խնձորը խորովել եւ ուտել:

6

Գլուխ մը սոխ քերոցէ անցընել, աւելցնել կէս գաւաթ խնձորի քացախ, ձգել 1-2 ժամ փակ ամանի մէջ, ապա քամոցէ անցընել, խառնել մէկ գաւաթ մեղրի հետ: Օրական 3 անգամ մէկ ճաշի դգալ խմել:

 

ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ

ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ
ԵՒ ՍՆՈՒՆԴԸ

Ըստ հնդիկ փիլիսոփաներու, տրամադրութիւնը ինքնին արդիւնք է մարսողութեան: Յոգնածութեան, անտրամադիր ըլլալու պարագային, պէտք է անպայման վերանայիլ սննդականոնը, ապա նախապատուութիւնը տալ կենսանիւթ Սէ եւ Պէ-ով, մակնեզիոմով, երկաթով հարուստ ուտելիքներուն: Անհրաժեշտ է սպառել առատ նարինջ, քիուի: Նախընտրելի է սնունդի մէջ ընդգրկել ձուկ, տուրմ եւ ընդեղէններ` ստանալու համար անհրաժեշտ մակնեզիոմը, որ կ՛օգնէ վերականգնելու ֆիզիքական եւ մտային հաւասարակշռութիւնը:

Կանաչ բանաջարեղէն ուտելով` կը բարելաւուի տրամադրութիւնը, յատկապէս մութ գոյն ունեցողները` շոմին, պրոքոլի: Ֆոլիք թթուի անբաւարարութիւնը նոյնպէս կը նուազեցնէ ուղեղին պարունակած սերոթոնին հորմոնը, որուն պակասը պատճառ կը դառնայ տխրութեան: Սերոթոնին հորմոնի քանակը կը բարձրացնեն պանանը, ճերմակ մսեղէնները, պանիրի տեսակները, երկաթով հարուստ ուտելիքները: Ֆոլիք թթուի 200-500 մկ-ը կը փարատէ տխրութիւնը: Ուղեղի աշխատանքին վրայ դրական կ՛ազդէ հաւկիթ եւ ձուկ ուտելը, որոնց  պարունակած քոլինը կը բարելաւէ յատկապէս յիշողութիւնը: Քոլին կը պարունակեն նաեւ` բրինձը, աւոքատոն, ոլոռնը: Սակայն քոլինի շտեմարանը հաւկիթի դեղնուցն է: Ծովային ուտելիքները, պարունակելով սելենիոմ, կը հանդիսանան սնունդ ուղեղի համար, կը բարելաւեն տրամադրութիւնը: Սելենիոմի պակասը կը յառաջացնէ ջղային, յոգնած եւ անտրամադիր վիճակ: Սելենիոմ կը ստանանք ծովային ուտելիքներէն, հաւու լեարդէն, արեւածաղիկի կուտէն, պահածոյ թոնէն, եւ վարսակէն: Սխտորը դրական ազդեցութիւն ունի ոչ միայն քոլեսթերոլի նուազումին վրայ, այլեւ կ՛ազդէ տրամադրութեան բարելաւման վրայ:

Յոգնածութիւն եւ տրամադրութեան անկում կը նկատուի յաճախ ձմրան եղանակներուն, յատկապէս` կիներուն մօտ: Պատճառը ամպոտ օրերն են, արեւի բացակայութիւնը: Չմեռնային յոգնածութիւնը փարատող սննդատեսակի հետեւելով` կարելի է խուսափիլ այդպիսի վիճակներէ: Անհրաժեշտ է ձմրան սպառել փրոթէինով հարուստ սնունդ` մսեղէն, կաթնեղէն, հաւկիթ, դանդաղ ջերմուժ արտադրող ածխաջրատներ` մեղր, չոր պտուղներ, քալսիոմով, մակնեզիոմով, ֆոսֆորով, կենսանիւթ Ա, Պէ, Սէ, Փէ.Փէ.-ով հարուստ սնունդ, հացահատիկներ, տուրմ:

Յոգնեցուցիչ օրուան վերջաւորութեան, լարուածութիւնը հեռացնելու եւ ուժերը վերականգնելու համար, ընթրիքէ ետք խմել թէյ, մէկ թէյի դգալ կանաչ թէյով, մէկ ճաշի դգալ անանուխով, որուն վրայ աւելցնել մէկ գաւաթ եռացած ջուր, կարելի է աւելցնել մէկ դգալ մեղր եւ շերտ մը կիտրոն:

Յիշողութեան վնասող «թոյներէն» են` ծխախոտը եւ ալքոհոլը, արեան գերճնշումը եւ շաքարախտը:

ՔՈՒՆԸ ԵՒ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆԸ

Քունը կենսաբանական անհրաժեշտութիւն է, իսկ խոր եւ բաւարար քունը անհրաժեշտ է նոր օր սկսելէ առաջ, լաւ տրամադրութիւն ապահովելու համար: Ժողովրդական առածը կ՛ըսէ. «Որքան քունը խոր ըլլայ, այդքան մտքերը պարզ կ՛ըլլան»: Արտաքինէն պարզ թուացող, սակայն շատ կարեւոր մէկ պայման է նոյն ժամուն քնանալը եւ նոյն ժամուն արթննալը: Ատիկա կարեւոր է մարմնին կենսաբանական, ներքին բնական կշռոյթը չխանգարելու համար: Շատերը քնանալէ առաջ կամ ուշ երեկոյեան ուտելու ցանկութիւն կ՛ունենան` պատճառաբանելով, որ անօթի քնանալ չեն կրնար: Նախընտրելի է մէկ գաւաթ հիւթ խմել, կամ կէս պանան ուտել: «Լեցուն» ստամոքսը չի նպաստեր հանգիստ եւ խորը քունի, ինչ որ պատճառ կը դառնայ ծանր երազներու: Հանգիստ քունին կը խանգարէ ընթրիքի ընթացքին իւղոտ ուտելիքներու եւ կազային ըմպելիքներու չարաշահումը: Անքնութեամբ տառապողները պէտք չէ օգտագործեն քաֆէին պարունակող խմիչքներ` սուրճ, մութ թէյ. քաքաօ կարելի է, այն ալ` առաւօտեան: Հանգիստ եւ խորը քուն ունենալուն կը նպաստեն` պանանը, դեղձը, խնձորը, տանձը եւ սալորը: Մեղրը կը փարատէ անօթութեան զգացումը, կ՛ապահովէ խոր քուն. եթէ ընթրիքին ուտէք մէկ ճաշի դգալ մեղր, կամ աւելի արդիւնք ստանալու համար` զայն խմել մէկ գաւաթ ջուրով, որուն աւելցուած է 2 թէյի դգալ խնձորի քացախ: Խուսափիլ քնաբեր դեղահատերէն` մարմինը անոնց չվարժեցնելու համար:

 

Ի՞ՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՄԱՔՐԵԼ

ԱՐԾԱԹԵՂԷՆ

1

Ձեր արծաթեայ իրերը կը վերագտնեն իրենց փայլքը, եթէ զանոնք շփէք կիսուած կիտրոնով կամ խաշած գետնախնձորով:

2

Խաշած գետնախնձորի ջուրը մի՛ թափէք, անոր մէջ ամբողջ գիշեր մը թրջեցէք ձեր դգալները, դանակներն ու պատառաքաղները, որպէսզի անոնք վերագտնեն իրենց փայլքը:

3

Ծխախոտի մոխիրին վրայ աւելցուցէք քանի մը կաթիլ կիտրոնի հիւթ եւ ստացուած նիւթով շփեցէք արծաթեայ իրերը, ապա ցօղուեցէք ջուրով եւ փայլեցուցէք մաքուր, փափուկ լաթով:

4

Եթէ արծաթեայ իրերը ծակոտկեն հիւսուածքով են, զանոնք լուացէք տաք քացախով եւ շփեցէք մաքուր, փափուկ լաթով:

5

Եթէ արծաթեայ դանակներուն շեղբերը ժանգոտած են, զանոնք շփեցէք շաքարի մէջ թաթխուած, կիսուած սոխի կտորով մը:

6

Արծաթեղէնները չեն սեւնար, եթէ անոնց տուփին մէջ կտոր մը կաւիճ դնէք:

7

Որպէսզի արծաթեայ ապարանջանը, մատանին կամ մանեակը ձեր մորթը չսեւցնեն անոնց ներսի կողմը (մորթին հետ շփման մէջ եղող երեսը) ծեփեցէք եղունգի թափանցիկ ներկով:

 

ԽՈՀԱԳԻՐ

ՊԷՅՔԸՆՈՎ ԴԴՄԱՃ

Բաղադրութիւն 6 անձի համար

– 500 կրամ «Փեննէ» դդմաճ
– 250 կրամ կտրտուած պէյքըն
– 2 դդում
– 2 պճեղ սխտոր
– Թարմ, կանաչ ծոթրին
– Ձիթաիւղ
– Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Խոշոր կաթսայի մը մէջ ջուր եռացնել, աղ աւելցնել եւ դդմաճը խաշել, ապա քամոցի մէջ փոխադրել:

Դդումները լուալ, մաքրել եւ բարակ ցպիկներու պէս կտրտել եւ եռացած ջուրի մէջ եփ մը հանել, մինչեւ կակուղնան:

Տապակին մէջ դնել կտրտուած պէյքընը, ճզմուած սխտորը եւ ծոթրինը եւ կրակին վրայ 2-3 վայրկեան դարձնել:

Կաթսային մէջ դնել խաշած դդմաճը, դդումները եւ սխտորով պէյքընը, քիչ մը ձէթ աւելցնել եւ կրակին վրայ 2 վայրկեանի չափ տաքցնել:

Հրամցնելու ատեն երեսը զարդարել փարմըզան պանիրով եւ ծոթրինի տերեւներով:

 

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ

ՀՍԿՈՒՄ

Քի՛չ մըն ալ հսկեմ, գիտեմ, կը լուսնայ.
– Դուրսը լուսնկայ գիշեր է խաղաղ –
Ճրագիս բոցը շուտ-շուտ կը ցածնայ,
Քի՛չ մըն ալ հսկեմ, գիտեմ, կը լուսնայ…

Ինչո՞ւ այս գիշեր հսկումն այս յամառ.
– Դուրսը լուսնկայ գիշեր է խաղաղ –
Աչքերըս կ՛այրին, միտքըս չի կենար,
Ինչո՞ւ այս գիշեր հսկումն այս յամառ…

Բիւր անգամ չըսի՞ թէ ա՛լ չեմ սիրեր.
– Դուրսը լուսնկայ գիշեր է խաղաղ –
Հոգիիս վրայ սեւ քօղ եմ ձգեր,
Բիւր անգամ չըսի՞ թէ ալ չեմ սիրեր…

Բայց ամէն անգամ որ այսպէս լռին
– Դուրսը լուսնկայ գիշեր է խաղաղ`
Միտքըս չի՛ կենար, աչքերըս կ՛այրին,
– Ահ, յիշատակը այն խոշոր ժայռին…:

ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES