ԳԱՂՈՒԹԷ ԳԱՂՈՒԹ
ՍՈՒՐԻԱ
ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱԲԱՆ
ՄԱԿԻԻ ԵԼՈՅԹԸ
2011 տարին մանուկներու տարի հռչակման ծիրին մէջ եւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնակատարութիւններուն առթիւ, նախաձեռնութեամբ Դամասկոսի Ազգային Սրբոց Թարգմանչաց ճեմարանի հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան, 18 հոկտեմբերին հայ կաթողիկէ համայնքի «Ամինեան» հանդիսասրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ մանկական երգերու մեկնաբան Մակի Իսթիլեան, որ հայ փոքրիկներու աշխարհի մէջ փայլուն աստղերէն մէկը կը համարուի իր մանկական երգերու եւ ելոյթներու հարուստ վաստակով: Ելոյթին ներկայ էին աւելի քան հինգ հարիւր հայ մանուկներ:
Բացման խօսքով երիցուհի Մակի Թանաշեան բարի գալուստ մաղթեց Մակի Իսթիլեանին եւ բարի վայելում` սիրելի փոքրիկներուն, անդրադառնալով ելոյթի առիթին եւ արուեստագիտուհիի վաստակին: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ ձեռնարկը նուիրուած է Սրբոց Թարգմանչաց տօնին, աւելցնելով, որ երգը անբաժանելի մէկ մասն է մեր մշակոյթին եւ հասած է մեզի մեր թարգմանիչ վարդապետներու սխրանքին շնորհիւ, եւ անգամ մը եւս պիտի հնչէ Մակի Իսթիլեանի միջոցաւ: Երիցուհի Մակի Թանաշեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց նաեւ Մակի Իսթիլեանի կենսագրութիւնը եւ անոր ունեցած գործունէութիւնները:
Ապա մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ ներկաները վայելեցին Մակիի աննախընթաց ելոյթը:
Աւարտին Դամասկոսի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արի քհնյ. Թանաշեան խօսք առնելով` մատնանշեց երգի ու երաժշտութեան կարեւորութեանը ժողովուրդներու եւ մանաւանդ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ` որպէս մշակոյթի հիմնական եւ անբաժանելի տարր, պատմութեան, լեզուի, գիր ու գրականութեան կողքին: Ան շեշտեց, թէ մեր լեզուի կողքին անհրաժեշտ է պահել նաեւ հայ երգը եւ փոխանցել յաջորդ սերունդներուն եւ այսպիսով պահպանել հայ ինքնութիւնը մանաւանդ սփիւռքի մէջ, եւ երբեք թոյլ չտալ թուրքին` յաղթական դուրս գալ: Ան բարձր գնահատեց Մակիի մեկնաբանութիւնը եւ հաստատեց, որ նպատակայարմար ելոյթ մըն էր:
Ապա «Պահպանիչ»ով եզրափակեց ձեռնարկը:
ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ
Վերջերս Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Սուրիոյ առեւտրական միութեան անդամ եւ Հալէպի առեւտրական միութեան վարչութեան անդամ Լեւոն Զաքի որոշ զեկուցումներ տուաւ առեւտուրի մասին: «Ուղղուինք դէպի արեւելք. յաջող յարաբերութիւն` չինացիներուն հետ» Թեման ունեցող ասուլիսի ընթացքին Զաքի նկատել տուաւ, որ Սուրիա ուշացած է որոշում տալու դէպի արեւելք մուտք գործելու մէջ, եւ ասիկա իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցած է երկրի առեւտուրին վրայ:
Զաքի հաստատեց, որ Չինաստանը շատ լաւ գործընկեր կրնայ ըլլալ Սուրիոյ` առեւտուրի գետնի վրայ: Ան նկատել տուաւ, որ հարկ է փոքր գործերով սկսիլ յարաբերութիւնները Չինաստանի հետ, ապա անցնիլ մեծ գործերու, աւելցնելով, որ աշխատելաձեւին մէջ պէտք է հանդարտ ըլլալ եւ շահիլ չինացիներու բարեկամութիւնը: Ան տեղեկութիւններ տուաւ չինացիներու կենցաղին, մշակոյթին եւ անոնց սովորութիւններուն մասին, շեշտելով, որ պէտք է սորվիլ զանոնք եւ յարգել:
ՆՈՐ ՋՈՒՂԱ
ՏԻԱՆԱ ԱՂԱԲԷԿ ԱԲԳԱՐԻ ԿԵԱՆՔԻՆ ԵՒ
ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ
30 սեպտեմբերին Նոր Ջուղայի հայոց ազգային կրթահամալիրի թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհի առաջին կին դեսպան Տիանա Աղաբէկ Աբգարի կեանքին եւ գործունէութեան նուիրուած գիրքի շնորհահանդէսը:
2010 թուականին Հայ կնոջ տարուան առիթով Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանի հրամանով թեմի կրօնական խորհուրդը նախաձեռնեց հրատարակել
1919-1920 թուականներին Ճափոնի մէջ Հայաստանի դեսպան Տիանա Աբգարի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած գիրք մը: Նշուած գիրքը արդիւնքն է մասնագէտ անձերու համատեղ աշխատանքին, որոնց շարքին կարելի է յիշատակել պատմաբան Արծուի Բախչինեան, ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ» պարբերականի խմբագիր դոկտ. Կարէն Խանլարեան, բանասէր- հրապարակախօս Էդիկ Անդրէասեան: Գիրքին մէջ տեղ գտած են Տիանա Աբգարի մտորումները, կենսագրութենէն դրուագներ եւ շարք մը վկայութիւններ յիշեալի գործունէութեան ու հայրենասիրութեան մասին: Գիրքին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Տիանա Աբգարի յղած նամակներուն, հեղինակած գիրքերուն, աշխատանքներուն եւ յօդուածներուն, որոնցմով ընթերցողը առաւել եւս կը ծանօթանայ մեծ հայուհիի նկարագրին, մտածելակերպին եւ աշխատաոճին: Գիրքը տպագրուած է դասական եւ աբեղեանական ուղղագրութիւններով եւ գիրքի հրատարակութեան ծախսերուն իր մասնակցութիւնը բերած է Նոր Ջուղայի հայ կանանց գթութեան (Կարմիր խաչ) միութիւնը:
Գիրքի շնորհահանդէսին հնչեցին շնորհաւորանքի խօսքեր եւ արտայայտութիւններ, ուր անդրադարձ եղաւ գիրքի հրատարակման անհրաժեշտութեան, նիւթերու հաւաքագրման ու ձեւաւորման, գիրքի բովանդակութեան եւ Տիանա Աբգարի ծաւալած գործունէութեան եւ հայրենասիրութեան: Այս առիթով խօսք առին Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան, դեսպան Գրիգոր Առաքելեան, Սպահանի հայոց թեմի Կրօնական խորհուրդի ատենապետ Արշալոյս Խիւտավերտեան, դոկտ. Կարէն Խանլարեան, Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վարուժ Մովսիսեան եւ Հայ կանանց գթութեան (Կարմիր խաչ) միութեան վարչութեան նախագահ Լիտա Սիմոնեան:
Շնորհահանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ գինեձօնի արարողութիւն:
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ
«ԱՐՄԵՆԻԱ ԻՔՈՆՈՄԻՔ ՖՈՐՈՒՄ»
Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան, Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան եւ Հայաստանի դրամատուներու համախմբումին, 25 սեպտեմբերին Լոս Անճելըսի «Եունիվըրսըլ Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ «Արմինիա Իքոնոմիք ֆորում», որուն ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգիսեան:
Կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Քենտիրճեան գոհունակութիւն յայտնեց բոլոր յառաջդիմութիւններուն համար, որ ունեցած է Հայաստանը վերջին 20 տարիներուն ընթացքին: Ան նկատել տուաւ, որ տակաւին կը դիմագրաւենք շատ մը մարտահրաւէրներ: Ան հաստատեց, որ Հայաստանը աւելի լաւ ապագայ պիտի ունենայ:
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգիսեան հաստատեց, որ Հայաստան ներկայիս շատ աւելի հզօր է, քան` 20 տարի առաջ: Ան նկատել տուաւ, որ զանազան բնագաւառներու մէջ վերելքներ ունեցած է Հայաստան եւ կրնայ ասկէ աւելին ունենալ, եւ յոյս յայտնեց, որ նման նախաձեռնութիւններ աւելի ուժ եւ հզօրութիւն շնորհեն ապագայի նկատմամբ:
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Արթուր Ժաւատեան հաստատեց, որ դրամատունը միշտ կը հսկէ Հայաստանի դրամատան օրէնքներուն վրայ եւ աշխատանք կը տանի անոր կայուն մնալուն:
Հայաստանի դրամատուներու համախմբումի նախագահ Աշոտ Օսիբեան հաստատեց, որ հայկական դրամատան աշխատելաձեւը շատ քաշողական եւ թափանցիկ է:
Ապա խօսք առին զանազան անձնաւորութիւններ, որոնք շեշտը դրին տնտեսական մարզին մէջ դրամատուներու աշխատելաձեւին, Հայաստանի դրամատան թափանցիկ ըլլալուն եւ տարուած աշխատանքներուն վրայ:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՆԻՍՏ
Կազմակերպութեամբ Արեւելեան Ամերիկայի Հայկական կրօնական ուսումնական խորհուրդին, 7-9 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ 4-րդ երիտասարդական վարժանիստը, մասնակցութեամբ 20 մասնագէտներու եւ քոլէճի աշակերտներու: Վարժանիստին նիւթն էր` «Առաջին քայլը հոգեկան ճամբորդութեան կեդրոնանալով հաւատքի եւ հայկական եկեղեցւոյ վրայ եւ եկեղեցւոյ յարաբերութիւնը հաւատացեալներուն հետ»:
Յայտագիրը կը բովանդակէր 4 դասախօսութիւններ թեմի առաջնորդ` Անուշաւան եպս. Դանիէլեան անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ սուրբերուն: Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ հովիւ Գարեգին վրդ. Պետուրեան Կեդրոնացաւ Նոր կտակարանի օրինակներուն եւ իմաստին վրայ:
Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հովիւ Կոմիտաս Ա. քհնյ. Պաղսարեան բացատրեց ինչպէս գործածել մեզի տրուած հոգեկան տուեալները մեր առօրեայ կեանքին մէջ եւ իրարու օգնելու այդ տուեալներով: Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Նարեկ Թրթռեան խօսեցաւ կեանքի ընթացքին հաւատքի դերակատարութեան մասին: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ խմբային աշխատանքներ եւ կարծիքներու փոխանակում:
ՇՔԱԴՐՈՒՄ` ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆՆԵՐ
ՌՈՊԵՐ ԵՒ ԷԼԻԶԱՊԵԹ ՏՈԼԵՐՈՒ
Կազմակերպութեամբ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին, 15 հոկտեմբերին Պոսթընի մէջ տեղի ունեցաւ 5-րդ տարեկան ձեռնարկը, որուն ընթացքին ծերակուտականներ Ռոպէր եւ Էլիզապեթ Տոլ ստացան «Ազատութեան» շքանշանը` ի նպաստ հայ ժողովուրդին տարած իրենց աշխատանքին համար: Իրենց կարգին Ստեփան Տուլկարեան եւ Ռութ Թովմասեան ստացան «Վահան Գարտաշեան» շքանշանը` ի նպաստ Հայ դատին իրենց տարած աշխատանքին համար:
ՍԱՆ ՓԱՒԼՕ
ՍԵՐԳԷՅ ՓԱՐԱՋԱՆՈՎԻ
ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
22 հոկտեմբերին Սան Փաւլոյի 35-րդ Միջազգային շարժապատկերի շրջանակներու ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ հայ ականաւոր բեմադրիչ Սերգէյ Փարաջանովի կիրառական աշխատանքներու ցուցահանդէսի բացումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Պրազիլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Եղիազարեան, նահանգային եւ քաղաքային կառավարութեան անդամներ, մտաւորականներ, պրազիլահայ համայնքի ներկայացուցիչներ, լրագրողներ:
Ցուցադրուած էին Փարաջանովի հեղինակած ժապաւէնները, ինչպէս նաեւ` անոր մասին պատմող վաւերագրական ժապաւէններ:
Ցուցահանդէսին զուգահեռ, ներկայացուած էին հայ լուսանկարիչ, Երեւանի Փարաջանովի թանգարանի տնօրէն Զաւէն Սարգիսեանի` Հայաստանի մասին պատմող լուսանկարները:
Ս. ԿԻՐԱԿՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՑՄԱՆ`
ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
22 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Տիգրանակերտի վերանորոգուած Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ բացումը: Այս առիթով սփիւռքի զանազան երկիրներէ իրենց մասնակցութիւնը բերած անձնաւորութիւններու կարգին էր Արեւելեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան:
Ս. Կիրակոսի մէջ մատուցուած Ս. պատարագէն ետք, քաղաքապետ Պայտէմիր հիւրերը հրաւիրեց ճաշի, որուն ընթացքին Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այիք բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` այս պատմական դէպքին իրենց բերած մասնակցութեան համար:
Խաժակ արք. Պարսամեան խօսք առնելով` հաստատեց, որ այս նախաձեռնութիւնը յոյսի օր մըն է բոլորին համար: Ապա ան «Ս. Վարդան» շքանշանը յանձնեց կառավարիչներուն` Օսման Պէյտէմիրի եւ Ապտալլա Տիմիրպասի: Արամ արք. Աթէշեան իր կարգին արծաթէ շքանշաններ յանձնեց զոյգ կառավարիչներուն եւ եկեղեցւոյ ճարտարապետին:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
