ՀԱՅԵՑԻ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՈՒՍՈՒՑՄԱՆ ԲԱՐԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԴԻՄԱՑ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հայերէնը հայածնունդ մարդոց, մասնաւորաբար նորահաս սերունդին համար օտար լեզու չէ, աւելի ճիշդ` պէտք չէ ըլլայ, պէտք չէր ըլլար: Իսկ մօտաւոր քննութիւն մը ցոյց կու տայ, որ ան հազիւ թէ օտար լեզու է, զոր կարելի է սորվիլ կամ գիտնալ, կամ պարզապէս` անգիտանալ: Այս բացասական ընթացքը ղեկավարութիւններու սխալ կողմնորոշումներու սիւնակին մէջ կ՛արձանագրուի եւ զանոնք ըստ այնմ չենք գնահատեր:

Համաշխարհայնացումը, մշակութային եւ տնտեսական, եւ հայ մարդոց գործնապաշտ պատշաճեցումները ստեղծած են այնպիսի կացութիւն, որուն եզրայանգումը չենք ուզեր տեսնել, հաւկուրութեամբ, ազգային գաղափարախօսութենէ, տեւելու կամքէ թելադրուած հիմնական պատասխանատուութիւններէ խուսափելու վատութիւն, սպասելով, որ ժամանակը վճռէ մեր շիջումը:

Այս մտահոգութիւնը ապահովաբար ունին Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային հարազատ խորք ունեցող ոչ բիզնեսային մտաւորականները: Բայց ան հայկական համարուած սփիւռք(ներ)ի հիմնահարց է՞, թէ՞ ի միջի այլոց գործունէութեան դաշտ` ներազգային ժամանակավրէպ մրցակցութիւններու ծառայող: Աւելի պարզ. եթէ հայ ժողովուրդի որպէս ազգի աւելի քան կէս հատուածի տեւելու, այսինքն չձուլուելու համար համազգային ռազմավարութիւն ունի՞նք, անոր հունով կ՛առաջնորդուի՞նք, երբ ղեկավարութիւններ կը յառաջացնենք, նախաձեռնութիւններ կ՛ունենանք: Մեր նախաձեռնութիւնները հայկական զանգուածներուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերաբերեալ, համայնքայինէ տեսակարար տարբե՞ր նկարագիր ունին` այս կամ այն երկրի նկատմամբ բարեսիրութենէ: Հայերէնի ուսուցումը, իւրացումը եւ գործածութիւնը երբ կը դադրի ազգի քաղաքականութեան առանցք ըլլալէ, կը դատապարտուինք արագ կամ դանդաղ շիջումի: Այս առարկայականութեամբ կը մօտենա՞նք հարցերուն:

Կան հիմնահարցեր: Օրը օրին ապրելու գործնապաշտութեամբ կամ անգիտութեամբ, զանոնք չենք քններ` իբր թէ անտեղի հարցերէ խուսափելու կամ պառակտում չյառաջացնելու մտմտուքով: Սփիւռք(ներ)ի պարագային հիմնահարց է հայերէնի ուսուցումը, իւրացումը եւ գործածութիւնը, պղպջակ են ուշագրաւ միւս երեւոյթները, նոյնիսկ երբ կը շոյեն մեր դատարկ եւ անհեռանկար ինքնասիրութիւնը: Ո՞վ պիտի ըսէ յստակութեամբ, թէ առանց հայերէնի ի՞նչ կը ժառանգենք ո՞ւր հասնելու համար: Ազգի աւելի քան կէս սփիւռք(ներ)ի համար կը նախատեսե՞նք ծագումով հայ ըլլալէ տարբեր հեռանկար, որուն առանցքին ըլլան (ըլլային) ինքնութեան եւ հայրենադարձութեան անանջատելի զոյգ խնդիրները:

Եթէ զգացական, մխիթարական եւ բարեսիրական թափահարումները փակագիծի մէջ դնենք, տեղական, տեղայնական, համայնքային, կողմնապաշտական եւ դիրքապաշտական ժամանակավրէպ եւ ըստ ամենայնի վնասակար կեցուածքները փոխարինենք համազգային եւ հեռանկարային վերաբերումով, ազգը կրնանք առաջնորդել տոկալու եւ տեւելու ճամբով:

Առաջին հերթին սփիւռք(ներ)ը հարկ է հասկնալ, սահմանել, ճշդել անոր տեղը եւ դերը հայ ժոսղովուրդի լինելութեան ընդհանուր գիծին վրայ: Սփիւռք(ներ)ը հողատէր, ուրոյն մշակոյթ եւ լեզու ունեցող հայրենահանուած ժողովուրդ է, ինչ որ յաճախ կը մոռնանք, մեր աշխատանքները եւ նախաձեռնութիւնները բեւեռելով Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ, կարծէք հաշտուած ըլլալով, որ հայրենահանուած ժողովուրդը դատապարտուած է կորստեան եւ անոր բնիկ աշխարհը արձանագրուած պատմութեան շահ-վնասի տոմարին մէջ արդէն կ՛ըսուի` Պատմական Հայաստան: Սփիւռքի որպէս ազգի հատուած տոկալու եւ տեւելու առանցքային խնդիրը հոս կը գտնուի:

Առաջինը, ներկայ հանգրուանին, լեզուն է:

Եթէ իսկական ազգային-քաղաքական վերաբերում ունենանք, ամենայն յստակութեամբ պիտի ճշդենք, որ հայրենահանուած ժողովուրդի լեզուն արեւմտահայերէնն է, որ առաջին սերունդներուն հետ պահուեցաւ: Ներկայիս այդ ճիգի թափը նուազած է, զանազան ձեւի թեթեւսոլիկութիւններու պատճառով, երբ գէշ իւրացուած արեւելահայերէն մը, – անոր սովետահայերէն տարբերակը -, կը ներխուժէ արդէն իսկ դժուար պահուող արեւմտահայերէնի դաշտը: Իսկ սփիւռք(ներ)ը չմշակեց այս գծով յատուկ ուսուցման մանկավարժութիւն եւ կեցուածք չորդեգրեց եւ անգիտութեամբ կը նպաստէ ե՛ւ լեզուի, ե՛ւ ինքնութեան կորուստին:

Սփիւռք(ներ)ը կը շարունակէ աւազախրիլ ժամանակավրէպ հակասութիւններու եւ հակամարտութիւններու մէջ: Օրինակ մը: Հայկական համայնքներու մէջ գոյութիւն ունին ուսումնական խորհուրդներ կամ մարմիններ: Այդ խորհուրդները կազմուած են ազգային առաջնորդարաններու շրջանակին մէջ: Յարանուանական կամ միութենական վարժարանները կը գործեն անկէ դուրս, եւ ազգային վարժարան անունով ներկայացողները միայն կ՛ենթարկուին կամ կը գտնուին անոնց հսկողութեեան ներքեւ: Այս պայմաններուն մէջ ինչպէ՞ս կարելի է համադրական աշխատանք կատարել, լեզուի որակը եւ ուսուցումը բերել նոյն հասարակ յայտարարի: Դասագիրք կը պատրաստուի եւ կ՛որդեգրուի նոյն ձեւով, կողմնապաշտութեամբ:

Մտահոգութիւնը նորահաս սերունդն է` հեռանկարային ըմբռնումով, ո՛չ յաւելեալ լուսապսակը եւ ո՛չ ալ յաւելեալ իրաւունքը:

Այլ խօսքով, հայեցի կրթութեան եւ հայերէնի ուսուցման համար նախ հարկ է ճշդել ընդհանուր քաղաքական-փիլիսոփայական մօտեցում եւ ապա` յատուկ մանկավարժութիւն: Այսօր սփիւռք(ներ)ի մէջ հայերէն կարելի չէ ուսուցանել ինչպէս կէս դար առաջ, այնպէս, ինչպէս սորված էին այսօրուան երէցները: Այս խնդիրը կը կարօտի բազմակողմանի եւ բազմաձայն քննութեան` առանց հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւններու առջեւ կանգ առնելու: Ազգի աւելի քան կէս սփիւռք(ներ)ը այս քննութիւնը պարտի կատարել ի՛նք, ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ միջավայրի ոչ-մակերեսային տուեալներու լոյսին տակ:

Յաջողելու համար պիտի կարենա՞նք գոյացնել բարոյական համաձայնագիր մը, ոչ թէ գերադասի կամ ստորադասի տխրութիւններէ մեկնելով, այլ` նկատի ունենալով մշակոյթով եւ լեզուով կարենալ տեւելու անշրջանցելի հրամայականը, գիտակցելով, որ առանց այդ զոյգին` սերունդ չի պահուիր, սերունդ չի հայանար: Իսկ սփիւռք(ներ)ը ըլլալով իւրայատուկ կացութիւն` կրնանք ըսել նոյնիսկ ժողովուրդի մը համար անբնական, մշակուած ծրագիրները նկատի պիտի ունենան անկէ բխած երկուութիւնները:

Ֆրանսայի աւելի քան կէս միլիոն հաշուող հայկական համայնքը չէր ունեցած ուսումնական խորհուրդ կամ մարմին: Տասնամեակներու սպասումէ ետք, այսօր նման մարմին գոյութիւն ունի: Բայց գոյութիւն ունեցող քանի մը վարժարանները եւ հայերէնի միօրեայ դպրոցները գործած են իրարմէ անջատ: Իւրաքանչիւրը կը տապկուի իր իւղին մէջ: Քարացած սովորութիւն:

Եթէ նպատակ է ազգի աւելի քան կէս սփիւռք(ներ)ի գոյատեւումը, եթէ ճառերը կեղծիք չեն, անյետաձգելի պահանջ է համադրական աշխատանքը` կարողութիւններու մէկտեղումով եւ օգտագործումով:

Այլապէս, անմիջական յաջողութիւնները եւ գեղատեսիլ շէնքերը կ՛աւազախրին: Որպէս հայօրէն գիտակից հաւաքականութիւն` կ՛ունենա՞նք բաւարար ողջմտութիւն անմիջականը, աւանդականը, սովորութիւն դարձած տարբերութիւնները յաղթահարելու:

Այս` հոն, ուր հայեր կան, որոնք, պղպջակային իրարանցումներէ անդին անցնելով, կ՛ուզեն տոկալ եւ տեւել ազգային հարազատութեամբ:

 


Share this Article
CATEGORIES