ՀԵՏԵՒԵԼՈՎ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՕՐԻՆԱԿԻՆ ՔԱՆԱՏԱ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՈՒՄԸ ԴԱԴՐԵՑՈՒՑ
«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Քանատայի իշխանութիւնները յայտարարած են, որ Պաղեստինի անդամակցութեան պատճառով կը դադրեցնեն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ֆինանսաւորումը: Ըստ անոնց, Պաղեստինի անդամակցութիւնը «պիտի խանգարէ» միջինարեւելեան խաղաղութեան հոլովոյթը:
Քանատայի կողմէ ՄԱԿ-ի նշեալ գործակալութեան ֆինանսաւորումը տարեկան 10 միլիոն տոլար կը կազմէ:
Նշենք, որ Պաղեստին 31 հոկտեմբերին անդամ երկիրներու քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի լիիրաւ անդամ դարձաւ:
Քուէարկութենէն առաջ Միացեալ Նահանգներ յայտարարած էին, որ եթէ Պաղեստին կազմակերպութեան մաս կազմէ, ապա պիտի դադրեցնեն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ֆինանսաւորումը: Միացեալ Նահանգներու կողմէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ֆինանսաւորումը տարեկան 70 միլիոն տոլար է: Քուէարկութենէն անմիջապէս ետք Ուաշինկթըն գործադրեց իր սպառնալիքը:
1990-ական թուականներուն Միացեալ Նահանգներու մէջ որդեգրուած է օրէնք մը, ըստ որուն, Միացեալ Նահանգներ կը դադրեցնեն ֆինանսաւորումը բոլոր այն կազմակերպութիւններուն, որոնք Պաղեստինը իրենց լիիրաւ անդամ կը դարձնեն: Պաղեստին 1974-էն ի վեր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ դէտի կարգավիճակ ունէր:

