ԼՈՆՏՈՆԵԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ՈՐՈՇԵՑ ԱՍԱՆԺԸ ՇՈՒԷՏԻՆ ԱՐՏԱՅԱՆՁՆԵԼ

Ճուլիըն Ասանժ

Լոնտոնի դատարանը որոշած է «Ուիքիլիքս»ի հիմնադիր Ճուլիըն Ասանժը արտայանձնել Շուէտին, ուր անոր քրէական հետապնդում կը սպառնայ: Դատարանը մերժած է Ասանժի բողոքը եւ համաձայն չէ գտնուած անոր փաստաբաններու ներկայացուցած այն փաստարկներուն, թէ արտայանձնումը քաղաքական շարժառիթներ կը հետապնդէ:

Ասանժ կը վստահեցնէ, որ քրէական այդ գործը կազմակերպուած է իր հակառակորդներուն կողմէ, որոնք կ՛ուզեն կանգնեցնել իրենց համար «ոչ ձեռնտու փաստաթուղթերու հրապարակումը»:

Շուէտի մէջ Ասանժ կը մեղադրուի երկու կիներու բռնաբարութեան յանցանքով: Անոր փաստաբանները մտավախութիւն ունին, որ շուէտական դատարանին մէջ յաղթանակ տանելէ ետք ալ Ասանժը կրնան Միացեալ Նահանգներուն արտայանձնել, ուր անոր մահապատիժ կը սպառնայ` կառավարական գաղտնի փաստաթուղթեր հրապարակելուն համար:

Share this Article
CATEGORIES