«ԹՈՒՐՔԵՐԸ ՀԻԱՍԹԱՓՈՒԱԾ ԵՆ ԳԵՐՄԱՆԻԱՅԷՆ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան գերմանական «Պիլտ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Գերմանիոյ նկատմամբ ջերմ վերաբերմունք ունեցող թուրքերը հիասթափուած են այդ պետութենէն:
Ընդգծելով, որ Գերմանիոյ մէջ կ՛ապրին երեք միլիոն թուրքեր, Էրտողան նշած է, որ Պերլին բաւականաչափ ուշադրութիւն չի դարձներ գերմանաբնակ թուրքերու` գերմանական հասարակութեան հետ համարկումի հանգամանքին:
Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցին չաջակցելու համար գերմանական իշխանութիւնները քննադատելով` Էրտողան ըսած է. «Գերմանիոյ նկատմամբ ջերմ վերաբերմունք ունեցող թուրքերը այսօր հիասթափուած են այդ պետութենէն, որովհետեւ վերջինս Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթին մէջ անհրաժեշտ աջակցութիւն չի ցուցաբերեր»:
CATEGORIES Միջազգային


