ՏՈՀԱՅԻ ՄԷՋ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ` ԿՐՕՆՆԵՐՈՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ 9-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ
Հովանաւորութեամբ Քաթարի իշխանին եւ կազմակերպութեամբ Տոհայի Կրօններու երկխօսութեան կեդրոնին, 23-27 հոկտեմբեր 2011-ին տեղի ունեցաւ Կրօններու երկխօսութեան 9-րդ միջազգային համագումարը, Տոհայի մէջ, Քաթար:
Միջազգային այս համագումարին մասնակցեցան միաստուածեան երեք կրօններու` քրիստոնէութեան, իսլամութեան եւ մովսիսականութեան ներկայացուցիչներ` թիւով աւելի քան 242 հոգի, աշխարհի 60 երկիրներէ եկած: Սոյն համագումարին հրաւիրուած էր նաեւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի անդամ Սեպուհ արք. Սարգիսեան` ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը:
Համագումարին բացումը կատարեց Քաթարի արդարութեան նախարար շէյխ Հասան Պըն Ապտալլա Ղանեմը, որ յանուն Քաթարի իշխանին եւ կառավարութեան ողջունեց ներկաները, յաջողութիւն մաղթեց մասնակիցներուն, ապա շեշտեց անհրաժեշտութիւնը նման համագումարներուն, որոնք քով-քովի կը բերեն միաստոածեան կրօններու հոգեւոր առաջնորդներն ու մտաւորականները, որպէսզի միասնաբար խորհրդածեն, նոր միջոցներ գտնելու, զանազան կրօններու հետեւորդներու մերձեցման ու համատեղ գործակցութեան:
Համաժողովի առաջին օրուան դասախօսներէն մին էր Սեպուհ արք. Սարգիսեան, որ ներկայացուց «Զանգուածային լրատուամիջոցներ իբրեւ հաղորդակցութեան նոր լեզու կրօններու երկխօսութեան մէջ» նիւթը:

