«ԿՈԿԻԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳՈՅՆԵՐԸ» ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՆԻՒԹՈՎ ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ, ՔԱՆԴԱԿՆԵՐՈՒ ԵՒ ԽԵՑԵԳՈՐԾՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան եւ կազմակերպութեամբ «Կոկիկեան» հիմնադրամի, երէկ` չորեքշաբթի, 2 նոյեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀԲԸՄ «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Լիբանանի գոյները» ընդհանուր նիւթով 16 լիբանանցի գեղանկարիչներու, քանդակագործներու եւ խեցեգործներու ցուցահանդէսը:

Ցուցահանդէսին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Արամ Գարատաղլեան, որ ըսաւ, թէ այս նախաձեռնութիւնը չորրորդ դրամահաւաքն է, որ միեւնոյն ատեն կը միտի քաջալեր հանդիսանալ լիբանանցի արուեստագէտներուն:

Գարատաղլեան նշեց, որ ցուցահանդէսին մասնակից իւրաքանչիւր արուեստագէտ ունի իր յատուկ գոյնը, եւ բոլորին միացումը կը կազմէ Լիբանանի գոյնը: Ան հաստատեց, որ «Կոկիկեան» հիմնադրամը կը պատրաստէ ապագայի առաջնորդները, որոնք պիտի ծառայեն իրենց ընկերութեան եւ Լիբանանին:

Ապա խօսք առաւ «Կոկիկեան» հիմնադրամի սաներէն Մելքոն Էլէյճեան, որ յայտնեց, թէ հիմնարկը տեսլական ունի եւ ուսանողներուն երազները կը վերածէ իրականութեան: Էլէյճեան վստահեցուց, որ սաները ապագային իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հաւաքականութեան բարգաւաճման աշխատանքներուն:

Իր կարգին, «Կոկիկեան» հիմնադրամի սան Հրակ Աւետանեան հաստատեց, որ գիտութիւնը ուժ է, ուժը` փոփոխութիւն, որուն կարիքը ունի աշխարհը: Ան ըսաւ, որ բախտաւորութիւն ու պատիւ է մաս կազմել «Կոկիկեան» հիմնարկի ընտանիքին: Երիտասարդներուն դերին մասին խօսելով` Աւետանեան շեշտեց, որ անոնք լիբանանահայութեան եւ Լիբանանի ապագան պիտի կերտեն:

Լիբանանի մշակոյթի նախարարին անունով խօսք առաւ Ղասսան Ապու Շաքրա, որ մեծապէս գնահատեց «Կոկիկեան» հիմնադրամին դերակատարութիւնն ու արդիւնաբեր գործունէութիւնը:

Ապու Շաքրա հաստատեց, որ հիմնադրամը իր ճիշդ գրաւը դրած է մարդկային պաշարներուն վրայ, եւ այդ գրաւին արդիւնքը արդէն մօտիկ ապագային կը քաղէ: Ան նաեւ շնորհաւորեց ցուցահանդէսին մասնակից արուեստագէտները, որոնց ստեղծագործութիւնները մեծ արժէք կը ներկայացնեն:

Վերջապէս, ցուցահանդէսին վերջին խօսքը առաւ «Կոկիկեան» հիմնադրամի հիմնադիր եւ նախագահ Միշէլ Կոկիկեան, որ շեշտեց, թէ այս հաւաքը աւանդական ցուցահանդէսի մը հասկացողութենէն շատ հեռու է, քանի որ այստեղ արուեստին կողքին նաեւ կայ սաներու կրթաթոշակներ տրամադրելու ծրագիրը:

Ան աւելցուց, որ այս բոլորը կը միտի փայլուն ապագայ ապահովել Լիբանանին եւ լիբանանահայ գաղութին: Ան յայտարարեց, որ անցնող տարի տասը երիտասարդներ արժանացան ամբողջական կրթաթոշակի, եւ այս աշխատանքը կը ծառայէ մարդուժի պատրաստութեան:

Ցուցահանդէսին 64 ստեղծագործութիւններով մասնակցած են արուեստագէտներ Կիւլեն Տէր Պօղոսեան, Շահէ Տէր Պօղոսեան, Միրէյ Կոկիկեան, Ժան Փոլ Կիրակոսեան, Ժիրար Փանոսեան, Մարալ Փանոսեան, Միսաք Թերզեան, Րաֆֆի Թոքաթլեան, Լիւսի Թիւթիւնճեան, Ժանեթ Յակոբեան-Եափուճեան, Շըքրալլա Ֆաթթուհ, Նիքոլա Ֆաթթուհ, Իսսա Հալում, Շարլ Խուրի, Սամիր Մուլլէր եւ Միշել Ռուհանա, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ներկայացուցած էր իր իւրայատուկ ոճին պատկանող ստեղծագործութիւններ` տարբեր գոյներով, նիւթերով, երանգներով:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ 9 նոյեմբեր, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:

 

 

Share this Article
CATEGORIES