ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` «ՍԵՌԱՅԻՆ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆԸ ՅՂԱՆԱԼԷ ԱՌԱՋ, ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԵՒ ԾՆՆԴԱԲԵՐՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ» ՆԻՒԹՈՎ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 2 նոյեմբեր 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան » սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Սեռային առողջութիւնը յղանալէ առաջ, ընթացքին եւ ծննդաբերութենէն ետք» նիւթով: Օրուան դասախօսն էր կնոջական հիւանդութիւններու եւ ծննդաբերութեան բժշկուհի Գոհար Վարդանեան-Քէշիշեան:
Բացման խօսքը առողջապահական յանձնախումբին կողմէ արտասանեց Յասմիկ Մկրեան, որ օրուան դասախօսը ներկայացնելէ ետք անդրադարձաւ նիւթին կարեւորութեան եւ ընդգծեց, թէ որքան անհրաժեշտ է, որ այր ու կին նախապէս պատշաճ բժշկական քննութիւններու ենթարկուին, յղութեան շրջանին զգուշաւոր կենցաղ որդեգրեն, չափաւոր ըլլան իրենց արարքներուն մէջ: Այրի ու կնոջ միացումով նոր կեանք մըն է, որ ծնունդ պիտի առնէ:
Տոքթ. Գոհար Վարդանեան-Քէշիշեան իր դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով, թէ վերոյիշեալ նիւթը ըլլալով հանդերձ զգայուն եւ երկար ժամանակ ամօթալի նկատուող, ներկայիս այլ պատկեր կը կազմէ, երբ տարբեր միջոցներով` պատկերասփռուած, լրատուական, համացանցի, անհատը իրազեկ կ՛ըլլայ այս բոլորին: Տակաւին տարբեր քաղաքակրթութիւններ, մշակոյթներ, դաստիարակութեան մեթոտներ ունին իրենց ուղղակի եւ անուղղակի ազդեցութիւնը սեռային հարցերուն մասին խօսելու եւ արտայայտուելու ձեւերուն վրայ: Վերջապէս, խօսելով այս նիւթերուն մասին պէտք չէ ենթադրել թէ ամօթը վերացած է, այլ ունենալ գիտութիւնը եւ գիտելիքները` առողջ սեռային կեանք մը վարելու: Լաւապէս պէտք է հասկնալ, թէ Աստուած ստեղծեց արու եւ էգ, միանալու եւ ըլլալու այր եւ կին, եւ այդ սեռային բնազդը պիտի դառնայ միջոց գոյատեւման ու ընտանիքի կազմութեան:
Դասախօսը բաղդատական մը կատարեց նախկին սերունդին եւ նոր սերունդին միջեւ: Նախկին սերունդին պատկանող անհատներ մօտաւորապէս 30-40 տարիներ առաջ յաճախ բաւարար սեռային կեանքի գիտելիքներ չ՛ունենալով կը հանդիպէին տարբեր դժուարութիւններու: Ներկայ ժամանակներուն պայմանները մեզի կը տրամադրեն ամէն միջոց գտնելու, հասկնալու այս բոլորը, բայց յաճախ նաեւ այս երեւոյթը կ՛ունենայ իր ժխտական անդրադարձը զոյգերուն մօտ: Չափաւորութիւնը եւ ներդաշնակ ապրելաձեւը բանալիներ են առողջ սեռային կեանքի:
Տոքթ. Գոհար Վարդանեան-Քէշիշեան` խօսելով նախքան յղանալը, սեռային յարաբերութեան մասին, նշեց, թէ արբունքէն ետք Ֆիզիքական ու հոգեկան հասունութիւնը անհրաժեշտ են, որպէսզի աղջիկ մը դառնայ կին եւ պատրաստ յղանալու: Հոս դասախօսը յիշեց տարբեր ազգերու, երկիրներու եւ մշակոյթներու ազդեցութիւնը վերոնշեալ երեւոյթին վրայ:
Վերջապէս, կանուխ տարիքի սեռային յարաբերութիւնը ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենայ ապագային: Հարկ է յիշել, թէ ուշացած սեռային յարաբերութիւնը նաեւ ունի իր ժխտական երեւոյթը:
Ամուսնական կեանքի յաջողութեան գրաւականը մեծ համբերութեամբ կապուած է ներդաշնակ սեռային կեանքին: Սեռային կեանքին նկատմամբ այրի եւ կնոջ մօտեցումները տարբեր են, բայց այրը պէտք չէ մօտենայ սեռային յարաբերութեան լոկ սեռային զգացումները գոհացնելու: Իսկ կինը` ըլլալով տարբեր իր Ֆիզիքականով ու հոգեկանով, նախքան սեռային յարաբերութիւնը պէտք ունի հոգեկան պատրաստութեան:
Յաջորդ բաժինով դասախօսը բացատրեց յղութեան շրջանը եւ սեռային յարաբերութիւնը. կինը մարմնապէս եւ հոգեպէս կը փոխուի, բայց սեռային յարաբերութեան ցանկութիւնը կը տարբերի տարբեր անհատներու քով: Այս հանգրուանին անհրաժեշտ է, որ այրը ըլլայ աւելի համբերող: Երբ յղութեան ընթացքը բնական է, սեռային յարաբերութիւնը կարելի է շարունակել բնական կերպով, բայց զգուշանալ յատկապէս առաջին երեք ամիսներուն եւ յղութեան վերջին ամսուան ընթացքին: Երբ յղութեան ընթացքը բնական չէ տարբեր պատճառներով, ընդհանրապէս պէտք չէ սեռային յարաբերութիւն ունենալ:
Ծննդաբերութենէն 6-8 շաբաթներ ետք կնոջ մարմինը կը վերադառնայ նախքան յղութեան շրջանի վիճակին, եւ կինը պատրաստ կ՛ըլլայ յարաբերութեան, եթէ բնական ծննդաբերութիւն տեղի ունենայ:
Վերջին բաժինով տոքթ. Գոհար Վարդանեան-Քէշիշեան բացատրութիւններ տուաւ տարբեր երեւոյթներու շուրջ, որոնք առնչուած են սեռային կեանքին հետ: Օրինակ, ճիշդ չէ այն համոզումը, թէ երեխային կաթ տալու ընթացքին կինը յղի չի մնար, եւ օգտագործելով տարբեր հակաբեղմնաւորիչ դեղեր կը վնասեն նորածինի առողջութեան:
Իբրեւ եզրակացութիւն` տոքթ. Գոհար Վարդանեան-Քէշիշեան յիշեց, թէ այրի եւ կնոջ սեռային կեանքի ներդաշնակութիւնը հիմնական պայմանն է ունենալու խաղաղ եւ երջանիկ ընտանիք:
Աւարտին դասախօսը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն` տալով համապատասխան բացատրութիւններ եւ գիտելիքներ:
