ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի հովուապետական այցելութիւնը պատմական որակաւորուելու իրաւունքը շահած է մեր գաղութին համար:

Պատմական նշանակութիւն ունի վեհափառին բերած պատգամը` տնտեսական ծանրագոյն պայմաններու տակ իսկ ազգային վարժարաններուն թիկունք կանգնելու յանձնառութեան անտեղիտալիութեան վերաբերեալ:

Համազգային տարողութեամբ պատմական նշանակութիւն ունին վեհափառին պահանջատիրական շեշտադրումները` Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրէին իսկական շարժումի մը մակարդակին բարձրացնելու հատուցման հարցին հետապնդումը: Վեհափառի վերջին շրջանի յայտարարութիւններն ու նախաձեռնութիւնները կը թելադրեն, որ կաթողիկոսութիւնը ոչ միայն իր մասնակցութիւնը բերէ, այլեւ կարեւոր դերակատարութիւն ստանձնէ հարիւրամեակի միջոցառումներուն առաւել տարողութիւն ու ուժականութիւն տալու:

Ակնյայտ է վեհափառին ճիգը իր այս այցելութիւնը առաւելագոյնս ծառայեցնելու ժողովուրդին հետ ուղղակի շփուելու, յատկապէս` երիտասարդներու հետ հանդիպելու, անոնց հարցերուն պատասխանելու, անոնց տագնապներուն ծանօթանալու ու զանոնք մեր իրականութեան մէջ դերակատար դարձնելու նպատակին: Ուղղակի խրախուսական յորդորներով, հարցերուն ճակատային մօտեցումով ու առաւելագոյն յստակութեամբ բանաձեւուած պատասխաններով վեհափառը մեր ներկայ իրավիճակը գունազարդելու մօտեցումէն խուսափելու դիրքը որդեգրած է` մեզ բոլորս դնելով մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու ահագնութեան գիտակցելու պարտաւորութեան տակ:

Թէ որքանո՞վ կ՛արդիւնաւորուին վեհափառին ճիգերը` այս նպատակները իրականացնելու, անշուշտ կախեալ է թեմի պատասխանատուներու հետագայ ընթացքէն, վեհափառին գծած ուղիէն քալելու անոնց պատրաստակամութենէն ու վճռակամութենէն:

Մէկ բան յստակ է. մեր համայնքային կեանքը նոյն խաղաղութեամբ ու ինքնագոհութեամբ պէտք չէ ընթանայ: Նորացման անհրաժեշտութիւնը հայրապետական հաստատումով ծունկ դրած է մեր դրան առջեւ:

(«Ասպարէզ» իր այսօրուան թիւով, յատուկ ներդիր մը հրատարակելով` գաղութս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմութեան ծանօթացնելու նախնական փորձ մը մը կը կատարէ):

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս հոկտեմբեր 6-23 հովուապետական այցելութիւն մը տուաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմ: Օրը օրին մեր թերթը արագ անդրադարձներով լրատուութիւններ կատարծ էր վեհափառ հօր Քալիֆորնիա այցելութեան հիմնական հանգրուաններուն։ Ստորեւ ընդհանուր գիծերու մէջ կ՛անդրադառնանք անոր այցելութեան միւս հանգրուաններու համապատկերին։

– Ուրբաթ, 7 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ դպրեվանքի սանուց միութեան կողմէ, ի պատիւ վեհափառին կազմակերպուած ճաշկերոյթ մը, Փասատենայի Հայ կեդրոնին մէջ: Ուրախալի էր, որ այդ խանդավառ երեկոյին ընթացքին հին եւ նոր բարերարներու կողմէ դպրեվանքին կատարուած սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն գումարը հասաւ շուրջ 350 հազար տոլարի:

Ճաշկերոյթի աւարտին վեհափառը փոխանցեց իր պատգամը, որուն մէջ շեշտեց դպրեվանքին կարեւորութիւնը: Ան նշեց, որ դպրեվանքը իր հաւատքով, տեսիլքով, առաքելութեամբ եւ ծառայութեամբ, իբրեւ ոգի, ամէն տեղ է, ներկայ եւ պատրաստ է ծառայելու հայ ժողովուրդին հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային բոլոր կարիքներուն: Կաթողիկոսը աւելցուց, որ դպրեվանքը մարդակերտումի եւ հայակերտումի սրբազան օճախ է: Ան նշեց, որ միաբանութեան նայելով` յայտնի կը դառնայ դպրեվանքին կոչումը` ծառայութեան տէր նուիրեալներ հաւատքի, սիրոյ եւ զոհողութեան բարձր գիտակցութեամբ զսպանակուած եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի ծառայութեան եւ առաքելութեան յանձնառու ընտրեալներ: Կաթողիկոսը իր խօսքը եզրափակեց հետեւեալ տողերով. «Անթիլիասը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ անոր բաբախող սիրտը հանդիսացող մեր սիրելի դպրեվանքը գո՛րծ է, հաւա՛տք է, տեսի՛լք է, նուիրո՛ւմ ու հոգեւոր առաքելութեան ճամբայ. եկէ՛ք մասնակից, ուղեկից եւ ճանապարհորդակից եղէք Անթիլիասի հաւատքի առաքելութեան»:

– Չորեքշաբթի, 12 հոկտեմբերին, վեհափառը  այցելեց Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարան: Ան յայտարարեց, որ` «այս հիւպատոսարանը մեր տունն է, ինչպէս որ մեր տունն են եկեղեցին եւ Հայաստանը, մեր մշակոյթը»: Կաթողիկոսը շեշտեց, որ հայութիւնը ո՛ւր ալ գտնուի, նոյն միացեալ ընտանիքին անդամն է, կը պատկանի նոյն եւ մէկ ազգի, որուն հանդէպ պէտք է նախանձախնդիր ըլլայ եւ իրաւունքներուն համազօր պարտաւորութիւններ զգայ:

Գլխաւոր հիւպատոսը ճաշի հիւրընկալութիւն մը կազմակերպած էր «Հայկական տան» մէջ: Ան իր եւ անձնակազմին անունով արտասանեց ողջոյնի խօսք մը եւ նկատել տուաւ, որ վեհափառը կարեւոր եւ իւրայատուկ անձնաւորութիւն մըն է ոչ միայն հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, այլ նաեւ` միջեկեղեցական բեմին վրայ:

Վեհափառը իր կարգին գնահատանքով արտայայտուեցաւ հիւպատոսին եւ անձնակազմին հայրենանուէր աշխատանքին մասին: Ան նաեւ ընդգծեց, որ Հայաստանը հայութեան անցեալը եւ պատմութիւնն է, ներկան ու ապագան: Ան շեշտեց, որ Հայաստանը պահած է հայ ժողովուրդը, իսկ հայութեան պարտականութիւնն է պահել եւ պահպանել Հայաստանը:

Կաթողիկոսը անդրադարձաւ նաեւ հայութեան ազգային պահանջատիրութեան: Վեհափառը շեշտեց, որ հայութիւնը` Էջմիածինէն մինչեւ Անթիլիաս եւ Լոս Անճելոսէն մինչեւ աշխարհի չորս ծագերը, մէկ բռունցք պիտի դառնայ, պիտի մնայ պահանջատէր իր դատին եւ պիտի շարունակէ հետապնդել իր արդար իրաւունքները:

Կաթողիկոսին հովուապետական այցելութեան հիմնական նապատակներէն մէկն էր մղում տալ հայ դպրոցի զարգացման եւ բարգաւաճման, միաժամանակ գնահատել հայկական վարժարաններուն մատուցած ծառայութիւնը եւ թափ տալ հայ դպրոցին եւ անոր ծածկին տակ իրագործուող հայեցի կրթութեան ծրագիրներուն: Ի մտի ունենալով նաեւ, որ վեհափառը 2011-ը հռչակած է Հայ մանուկի տարի, ան իր այցելութեան յայտագիրին մէջ լայն տեղ տրամադրած էր հայկական վարժարաններուն:

Իւրաքանչիւր հայկական վարժարան այցելութեան ընթացքին կաթողիկոսը բարձր կը գնահատէր բոլոր այն ծնողները, որոնք հայկական դպրոցին վստահած են իրենց զաւակներու հոգիներուն եւ միտքերուն հարստացման գործը եւ կոչ կ՛ուղղէր ոչ հայկական վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներու ծնողներուն, որ հայկական դպրոցի ջերմութեան առաջնորդեն իրենց զաւակները:

Այս ծիրին մէջ, չորեքշաբթի, 12 հոկտեմբերին, Վեհափառը առաջին հերթին այցելութիւն տուաւ Ազգային Վահան եւ Անուշ Շամլեան վարժարան:

Աշակերտները եւ ուսուցչական կազմը հաւաքուած էին վարժարանին բակը, ուր տնօրէնը արտասանեց ողջոյնի հակիրճ խօսք մը եւ վարժարանին համար «կրկնակի պատմական օր» որակեց վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը, տրուած ըլլալով, որ ան նաեւ պիտի կատարէր վարժարանի նոր մարզարանին հիմնաքարի օրհնութիւնը:

 

Վեհափառը աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն ուղղելով իր խօսքը` շեշտեց, որ հայ դպրոցը հայ կեանքի արեւն է եւ առանց հայ դպրոցին` ազգային կեանքը խաւարի կը մատնուի: Ան նշեց, որ անոնք այս վարժարանէն պիտի առնեն հայ մշակոյթին եւ ազգային ոգիին ջերմութիւնը եւ երբ մեծնան, հայ ազգային կեանքը պիտի լուսաւորեն եւ ջերմացնեն այդ արեւով:

Պատգամը փոխանցելէն ետք, վեհափառը կատարեց վարժարանի մարզարանին հիմնաքարին օրհնութիւնը: Վարժարանի տնօրէնութիւնը հիւրերուն համար կազմակերպած էր պատշաճ հիւրասիրութիւն մը, որուն ընթացքին աշակերտները հայկական մթնոլորտ մը ստեղծեցին երգերու փունջով մը: Կաթողիկոսը յուշանուէր յանձնեց աշակերտներուն:

– Նոյն օրը երեկոյեան, Կլենտէյլի «Պրենտ» գրադարանի յարկին տակ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որ առիթ հանդիսացաւ ժողովուրդին ծանօթացնելու վեհափառ հայրապետին նորագոյն հատորը`  «Թէյքինկ տը չըրչ թու տը փիյփըլ» եւ անոր բովանդակութեան շուրջ բաց զրոյց մը ունենալու հեղինակին հետ: Այս առիթով չորս զեկուցաբերներ հրաւիրուած էին ներկայացնելու վեհափառին հատորը: Զեկուցաբերները անդրադարձան արդի աշխարհի մերթ անհաճոյ հարկադրանքներուն, որոնցմէ կը բխին եկեղեցին, ընկերութիւնը եւ մարդկութիւնը տագնապի մատնող հարցերը եւ մարտահրաւէրները, որոնց անդրադարձած է վեհափառ հայրապետը` արծարծելով եկեղեցւոյ վերանորոգութեան եւ արդի ժամանակներուն հետ քայլ պահելու, հոգեւորականներուն բարեփոխման եւ ժողովուրդին հետ հաղորդակցութիւն պահելու հրամայականները: Անոնք նաեւ կատարեցին առաջարկներ` խնդրելով, որ կաթողիկոսը զանոնք նկատի ունենայ բարեկարգչական իր աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն մէջ:

Կաթողիկոսը իր կարգին նշեց, որ հատորին նպատակն է հարցեր արծարծել, խորհրդածութիւններու մղել ընթերցողը, սակայն նաեւ խորհրդածութիւններէն ետք եւ անդին` զայն մղել գործելու, կեանքին որակ տալու եւ անոր մէջ որակական բարեփոխում բերելու:

Կաթողիկոսը նշեց, որ` «կ՛ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր կարելի չէ ըսել, թէ այսինչ հարցը ինծի չի վերաբերիր, որովհետեւ բոլորս ալ աղերսակից ենք հարցերուն, մարտահրաւէրներուն»: Ան վեր առաւ այն իրողութիւնը, որ եկեղեցին անմասն եւ անտարբեր չէ այս բոլորին հանդէպ, չի կրնար ինքզինք անջատել այս իրականութիւններէն, որովհետեւ եկեղեցին նոյնինքն ժողովուրդն է, եկեղեցին միայն հոգեւորականներուն չի պատկանիր, առանց ժողովուրդին` եկեղեցին իմաստէ կը պարպուի, ինչպէս որ եկեղեցիէն դուրս քրիստոնէութիւնը չի կրնար գոյութիւն ունենալ:

Ան շեշտեց, որ հայ կեանքի բոլոր մասնակիցները դեր եւ բաժին ունին այս հարցերուն դիմագրաւման մէջ, սակայն երիտասարդութենէն աւելին կ՛ակնկալուի:

– Հինգշաբթի, 13 հոկտեմբերին առաւօտեան, կաթողիկոսը այցելեց Ազգային Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանը: Վեհափառը իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն` յայտնեց, որ հայ դպրոցը փոքր Հայաստան է: Ան ընդգծեց, որ Ցեղասպանութենէն ետք, իրենց հայրերը եւ մեծ հայրերը սփիւռքի մէջ հաստատեցին, պահեցին եւ պահպանեցին այս փոքր Հայաստանները, որպէսզի անոնց ճամբով իրենց զաւակները կազմաւորուին ազգային ինքութեամբ եւ զայն ամուր պահեն իրենց կեանքին մէջ: Վեհափառը վեր առաւ փոքր հայրենիք ըլլալու հայ դպրոցին արժանիքը եւ ազգային ինքնութեան կերտումին մէջ անոր դերը:

Աւելի ուշ, վեհափառին ներկայացուեցաւ աշակերտներու արուեստի գործերէն բաց ցուցահանդէս մը, ուր կային եկեղեցիներու մանրակերտեր:

Աշակերտները քայլարշաւ մը կազմակերպած էին հովուապետական այցելութեան առիթով` իբրեւ գործնական արտայայտութիւն Հայ մանուկի տարուան տօնախմբութեան: Ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ, աշակերտները ճամբայ ելան դպրոցէն` քալելու համար Փոքր Հայաստանի փողոցներէն, կտրելու 5 քմ. տարածութիւնը եւ վերադառնալու դպրոց:

– Կլենտէյլի «Մեմորիըլ Հոսփիթըլ» իր այցելութենէն քանի մը օր ետք, վեհափառ հայրապետը հինգշաբթի, 13 հոկտեմբերի կէսօրին, այցելեց Հոլիվուտի «Չիլտրընզ հոսփիթըլ» եւ աղօթք ու օրհնութիւն բաշխեց հիւանդ մանուկներուն, անոնց ծնողներուն եւ հիւանդանոցի անձնակազմին:

Կաթողիկոսը գնահատեց հիւանդանոցի անձնակազմին անխտրական կամքով սպասարկելու ոգին եւ նուիրուեալ աշխատանքը: Ան շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու մեծութիւնը կը կայանայ բազմաթիւ ազգերու, մշակոյթներու եւ լեզուներու համերաշխ գոյութեան մէջ, որ արտայայտութիւն կը գտնէ այս հիւանդանոցի ծառայական կեանքին ճամբով:

– Արամ Ա. կաթողիկոս իր ժամանակացոյցին մէջ տեղ յատկացուցած էր մտաւորական հանդիպումի մը, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 14 հոկտեմբերի կէսօրին, «Ու. Սի. Էլ. Էյ.» համալսարանին մէջ:

Հիւրասիրութիւնը եւ անոր հետեւող հայրապետական դասախօսութիւնը կազմակերպուած էին Միջին Արեւելքի ուսումնասիրութեան ամպիոնին, կրօնական հարցերու ուսումնասիրութեանց, պատմութեան, հայկական ամպիոնին եւ Միջազգային հարցերու ուսումնասիրութեանց հիմնարկին միացեալ գործակցութեամբ: Ներկայ էին նշեալ բաժանմունքներու պատասխանատուները, ինչպէս Ռիչըրտ Յովհաննէսեան:

Հայ եւ օտար մեծ թիւով ունկնդիրներ, մեծ մասամբ երիտասարդներ, լեցուցած էին սրահը: Դասախօս Ռիչըրտ Յովհաննէսեան ներկաներուն ծանօթացուց կաթողիկոսը, որմէ ետք վեհափառը սկսաւ իր դասախօսութիւնը, որուն նիւթն էր «Քրիստոնէութեան ապագան Միջին Արեւելքի մէջ»: Ան ներկայացուց

միջինարեւելեան երկիրներու նորագոյն զարգացումները, աշխարհաքաղաքական իրավիճակները եւ ծանօթ դէպքերուն եւ զարգացումներուն պատճառով ստեղծուած բարդ իրավիճակը: Ան լայնօրէն խօսեցաւ ժողովրդավարութեան եւ քաղաքացիական իրաւունքներու կենսագործման նպատակով տեղի ունեցող շարժումներուն մասին: Ան շեշտեց, որ երեք կրօններու զաւակներուն համար Միջին Արեւելքը եղած է եւ պէտք է մնայ միացեալ գոյութեան, գործակցութեան եւ փոխադարձ հանդուրժողութեան հայրենիքը, ինչպէս բոլոր փոքրամասնութիւններուն, այնպէս ալ շուրջ 15 միլիոն քրիստոնեաներուն ազատութիւնները եւ իրաւունքները պէտք է երաշխաւորուին:

Իսլամ, քրիստոնեայ եւ մովսիսական կրօններուն միջեւ համերաշխ գործակցութեան հրամայականին կողքին, վեհափառը գնահատեց նոյնինքն քրիստոնեաներուն միջեւ միասնութեան եւ գործակցութեան կարեւորութիւնը, միաժամանակ շեշտելով իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ սփիւռքեան գաղութներուն ներդրումին կարեւորութիւնը:

Եզրափակիչ նշումներուն մէջ վեհափառը անհրաժեշտ նկատեց իրապաշտ մօտեցումը, իբրեւ օրինակ անդրադարձաւ Լիբանանի 17 համայնքներուն միջեւ համակեցութեան տարազին, սակայն նաեւ նշեց, որ իւրաքանչիւր երկիր իր իւրայատկութիւնը ունի:

Դասախօս Ռիչըրտ Յովհաննէսեան շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառին այս համապարփակ ու շահեկան դասախօսութեան համար, ապա առիթ տուաւ, որ ներկաները հարցումներ ուղղեն:

– Ուրբաթ, 14 հոկտեմբերի երեկոյեան, «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութեան կողմէ ի պատիւ կաթողիկոսին կազմակերպուած ճաշկերոյթը առիթ մը դարձաւ պատուելու բազմաշխատ խմբագիր եւ մտաւորական Նազարէթ Պէրպէրեանը` աւելի քան քառասուն տարիներու վրայ երկարող մամլոյ եւ ազգային իր ծառայութիւններուն համար: Ներկայ էին աւելի քան 150 ազգայիններ: «Ասպարէզ»ի տնօրէն Աբօ Պողիկեան արտասանեց ողջոյնի խօսք մը: Ան նկատել տուաւ, որ Նազարէթ Պէրպէրեանը պատիւի արժանացնելու վեհափառին որոշումը վկայութիւն է մամլոյ, մշակոյթին եւ հայութեան ծառայողները գնահատելու կաթողիկոսին նկարագրային գիծին:

Աբօ Պողիկեան հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ Նազարէթ Պէրպէրեանի վաստակին ու խմբագիրի եւ ազգին ծառայողի յատկանիշներուն, որմէ ետք Սարգիս Մահսէրէճեան ներկայացուց անոր կեանքի վաստակը:

Այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ Արամ Ա. կաթողիկոս, որ յայտարարեց, թէ Նազարէթ Պէրպէրեանի հետ իր ծանօթութիւնը հաստատուած է Լիբանանի տագնապի այն օրերուն, 1978-ին, երբ կոչուած է Լիբանանի առաջնորդի պաշտօնին եւ ուսումը կիսաւարտ թողած` վերադարձած է Լիբանան: Ան նշեց, որ Նազոն մէկն էր այն երիտասարդ ծառայողներէն, Դաշնակցութեան հաւատաւոր անդամներէն, որոնք այդ օրերուն լծուած էին գաղութի հարցերու դարմանումին եւ ծանր կացութիւնը հակակշռելու գործին: Ըստ կաթողիկոսին, Նազարէթը առաջին հերթին նուիրեալ անդամ մըն էր իր կուսակցութեան, իսկ անոր երկրորդ արժանիքը լուրջ հրապարակագիր ըլլալն էր: Իր խօսքի աւարտին կաթողիկոսը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պատուեց Նազարէթ Պէրպէրեանը, որ իր կարգին երախտագիութեան խօսք մը ուղղեց բոլոր անոնց, որոնցմէ բան մը սորված է եւ` կազմաւորուած: Ան յայտնեց, որ ինչ որ առած է ժողովուրդէն, զայն կը վերադարձնէ ժողովուրդին:

– Կազմակերպութեամբ Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինին եւ գործակցութեամբ ազգային վարժարաններուն, շաբաթ, 15 հոկտեմբերի երեկոյեան, Ազգային Ֆերահեան վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-հանդիպում մը` ի պատիւ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Շուրջ 500 հայորդիներ ընդառաջած էին այս նախաձեռնութեան:

Վարժարանի տնօրէնը լուսարձակի տակ առաւ կաթողիկոսին հովուապետական այցելութեան գլխաւոր նպատակները` հոգեւոր վերանորոգում, հայ դպրոցի դերակատարութեան վերաշխուժացում եւ Հայ դատին ի նպաստ աշխատանքներուն պայքարի հզօրացում: Ան նկատել տուաւ, որ հայ կինը եւ հայ ընտանիքն ալ առանցքային տեղ ունին վեհափառին հոգածու վերաբերմունքին մէջ, իսկ հայ ընտանիք ըսելով` կը հասկցուի նաեւ հայ հաւաքականութիւնը` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: Վեհափառը «Կիլիկեան իշխան» շքանշանով պատուեց եւ վարձատրեց Ազգային առաջնորդարանի եւ ազգային վարժարանի բարերարները: Ան անդրադարձաւ հայ դպրոցին եւ հայ դաստիարակին առաքելութեան: Կաթողիկոսը անգամ մը եւս հաստատեց, որ հայ դպրոցը կենսական կարեւորութիւն ունի մեր ազգային կեանքին մէջ, իսկ դպրոցին հիմքը կը կազմէ հայ ուսուցիչը, որ առաքելութիւն ունի իբրեւ մարդ եւ իբրեւ հայ կերտելու նորահաս սերունդները: Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ որակաւոր ուսուցիչներու թիւը չի համապատասխաներ կարիքին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ զգալի կը դառնայ այս վիճակը. տակաւին, հայ մանուկներ հեռու կը պահուին հայ դպրոցներու հայացնող մթնոլորտէն, ինչ որ կը տանի այլասերումի եւ հայութենէ հեռացումի, մինչդեռ հայ դպրոցն է, որ պիտի ապահովէ մեր վաղուան սերունդներուն հայօրէն աճումը:

– Կիրակի, 16 հոկտեմբերի առաւօտուն, տօնական մթնոլորտ կը տիրէր Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Երէց, մանուկ, երիտասարդ ու պատանի եկեղեցի փութացած էին դիմաւորելու համար կաթողիկոսը: Վեհափառը եկեղեցի ժամանեց ժամը 10:30-ին եւ թափօրը «Հրաշափառ»ով մուտք գործեց եկեղեցի: Պատարագէն ետք վեհափառը ուղղեց իր պատգամը, որուն ընթացքին օրհնեց ներկաները: Ան յատկապէս ողջունեց առաջնորդ սրբազանը, որ նուիրումով լծուած է եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի ծառայութեան:

Մեկնելով օրուան Աւետարանի հատուածէն, որ կը ներկայացնէր Յիսուսի Նազարէթ առաջին այցելութիւնը, կաթողիկոսը նշեց, որ Յիսուս այդ առիթով ընթերցում մը կատարած էր Հին կտակարանէն, ուր արձանագրուած էր, թէ Աստուծոյ հոգին իր վրայ է, ինք առաքուած է Ս. Հոգիէն, որպէսզի հիւանդներ բժշկէ, ճնշուածները ազատագրէ, Աստուծոյ խօսքը տարածէ եւ դէպի Աստուած եւ փրկութիւն ճամբայ բանայ մարդկութեան համար:

Խօսելով մեր պատմութեան եւ եկեղեցւոյ դերին մասին` կաթողիկոսը հաստատեց, որ Քրիստոս ինքզինք Հայաստանի մէջ բացայայտեց Ս. Էջմիածինով, հաստատելով մեր եկեղեցին, որ այնուհետեւ դարեր շարունակ եւ մինչեւ այսօր վկայութիւն է հայութեան եւ Հայաստանի կեանքին մէջ Քրիստոսի ներթափանցումին եւ ներկայութեան: Ան աւելցուց, որ եկեղեցւոյ ձայնը այսօր ալ կը շարունակուի Հայաստանէն մինչեւ Արցախ եւ սփիւռքեան օճախներ, հոն` ուր հայու շունչ կայ:

– Կիրակի, 16 հոկտեմբերի երեկոյեան, Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին կողմէ ի պատիւ կաթողիկոսին կազմակերպուած մեծարանքի ճաշկերոյթին ընթացքին, կաթողիկոսը «Կիլիկեան իշխան» եւ «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշաններով պատուեց կաթողիկոսարանին, Ազգային առաջնորդարանին, ազգային հաստատութիւններուն եւ միութիւններուն նիւթապէս եւ ֆիզիքապէս ծառայած ու նուիրաբերած ազգայինները:

 

(Շար. 1)

 

Share this Article
CATEGORIES