ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՅԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ ԳՈՅԱՑԱՒ
Արաբական լիկան երէկ Գահիրէի մէջ դռնփակ նիստ մը գումարեց` քննարկելու համար լիկայի նախաձեռնութեան վերաբերեալ Սուրիոյ պատասխանը:
Նիստի աւարտին Քաթարի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանի, որ կը գլխաւորէ Սուրիոյ հարցով Արաբական լիկայի յատուկ յանձնախումբը, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ուրախութիւն յայտնեց յանձնախումբին եւ Սուրիոյ միջեւ համաձայնութեան գոյացման համար, սակայն նշեց, որ «աւելի ուրախ պիտի ըլլանք, եթէ համաձայնութիւնը անմիջապէս գործադրուի: Այժմ կարեւորը Սուրիոյ կողմէ համաձայնութեան գործադրութիւնն է»: Ան աւելցուց, որ եթէ Սուրիա չգործադրէ համաձայնութիւնը, Արաբական լիկան, որուն նիստը կացութեան հետեւելու համար բաց կը մնայ, ժողով պիտի գումարէ եւ որոշումներ տայ:
Ապա շէյխ Համատ լրագրողներուն ներկայացուց համաձայնութեան կէտերը, որոնք էին.1) Դադրեցնել բռնարարքները, ո՛ր կողմէն ալ ըլլան անոնք: 2) Ձերբակալեալները ազատ արձակել: 3) Զինեալ երեւոյթները հեռացնել քաղաքներէն եւ փողոցներէն: 4) Լրատուամիջոցներուն արտօնել Սուրիոյ մէջ կացութեան իսկութեան ազատօրէն հետեւիլ: 5) Սուրիա համաձայն կը գտնուի երկու շաբաթ ետք ազգային երկխօսութիւն կատարելու: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, Սուրիա նշեալ երկխօսութեան առաջարկուած վայրին շուրջ վերապահութիւն յայտնած է:
Շէյխ Համատ նաեւ ընթերցեց Արաբական լիկայի արտակարգ նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ լիկան կ՛ողջունէր իր ծրագիրին վերաբերեալ Սուրիոյ համաձայնութիւնը, կը նշէր, թէ Սուրիոյ հարցով յանձնախումբը պարբերաբար համաձայնութեան գործադրութեան շուրջ զեկուցում պիտի ներկայացնէ լիկային եւ համաձայնութեան գործադրութեան համար աշխատանք պիտի տանի տագնապի երկու կողմերուն հետ: Վերջապէս, լիկան կացութեան հեւեւելու համար իր նիստը բաց յայտարարեց:
Արաբական լիկային մօտ Սուրիոյ պատուիրակ Եուսեֆ Ահմետ յայտնեց, որ «արաբական արձանագրութեան կէտերը կը բխին Սուրիոյ հաստատ սկզբունքներէն` բռնարարքներու մերժումը, սուրիական արիւնի հեղումի բացարձակ մերժումը, ազգային երկխօսութեան դիմելը եւ բարեփոխումներուն զօրավիգ կանգնիլը:
Արաբական լիկայի աղբիւրներ լիբանանեան «Սաութ լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Արաբական լիկայի նիստէն առաջ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի, Քաթարի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանիի եւ լիկային մօտ Սուրիոյ պատուիրակ Եուսեֆ Ահմետի միջեւ հանդիպում տեղի ունեցած է: Հանդիպումին ընթացքին Սուրիոյ պատուիրակը ժողովի մասնակիցներուն ներկայացուցած է Սուրիոյ տագնապին լուծման համար լիկայի նախաձեռնութեան բովանդակած կէտերուն վերաբերեալ Սուրիոյ պաշտօնական պատասխանը:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը կը պատրաստուի Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու եւ դուռը բաց կը ձգէ հետագային անոր դէմ աւելի խիստ միջոցառումներու որդեգրման դիմաց, ինչպէս` ապահովական գօտիի կամ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի ստեղծումը:
Թունուզի խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած Իսլամական զարթօնք կուսակցութեան ղեկավար Ռաշետ Ղաննուշի ամերիկեան «Սաուա» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թունուզ կը զօրակցի Սուրիոյ Ազգային խորհուրդին: Ըստ ձայնասփիւռի կայանին, ան որոշած է Թունուզի մէջ դեսպանատունը փակել եւ դեսպանը վտարել:

