ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ հերթաբար ընդունեց պետական նախարար Ալի Քանսոն եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչի տեղակալ Ռոպըրթ Ուաթքինզը, որոնց հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող իրավիճակը:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն զօրակցութիւն յայտնեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի առաջարկած ընտրական օրէնքին, որ հիմնուած է համամասնական դրութեան վրայ: Ան կոչ ուղղեց կառուցելու այնպիսի բանտեր, որոնք կը յարգեն մարդկային իրաւունքները:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ այցելելէ ետք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի յայտնեց, որ
Լիբանանի կառավարութիւնը հրաժարած կը նկատուի իր ստանձնած բոլոր պարտականութիւններէն:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր այցելեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտիի: Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր շեշտեց Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ Լիբանանը Միջազգային ընտանիքին դէմ տրամադրելը:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն է կառավարական հիւանդանոցներուն վերանորոգումը:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը երէկ ընդունեց առեւտուրի եւ տնտեսութեան հարցերու նախարար Նիքոլա Նահհասը, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական իրադարձութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Հասան Մնայմնէ յայտնեց, որ Հըզպալլա ամէն գնով պիտի արգիլէ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ «Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իրենք բարեկարգումներուն գործադրութեան մասին դրական նշաններ ստացած են հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի կողմէ:
Քննարկուեցան Տար Ֆաթուայի օրէնքները բարեփոխելու հաւանականութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Իպրահիմ Նաժժար յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Միջազգային դատական ատեանին վերաբերեալ կատարած իր յայտարարութիւններուն ընդմէջէն համոզուած կը թուի այդ ատեանին ֆինանսաւորման առումով:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան գոյատեւումը առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը դարձած է ճնշող իրականութիւն մը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնն է, որ պատերազմի ընթացքին ռմբակոծեց ելեւմուտքի նախարարութիւնը եւ հրկիզեց զայն:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութեան համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը սղած է 200 լ. ոսկիով, կազինը` 100 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 500 լ. ոսկիով:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ արձանագրուած է անկեղծ խորհրդակցութիւններու հանդիպում մը, որուն ընթացքին կարելի եղած է լուծել թիւրիմացութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ միջին դիրք մը ճշդած է` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն փարատելու համար Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հրահրած գրգռութիւնները:

