ԶՕՐ. ԼԱՀՈՒՏ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին` ներկայութեամբ նախկին երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները եւ յատկապէս Սուրիոյ զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ Սուրիա նախանձախնդիր կը մնայ արաբական եղբայրական բոլոր յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ յանձնառու է, որ արաբական բոլոր երկիրները ըլլան մնայուն կապի եւ խորհրդակցութեան մէջ, յատկապէս այս հանգրուանին, երբ վտանգները կը սպառնան ամբողջ շրջանին:
Ալի շեշտեց, որ արաբական աշխարհին անհրաժեշտ է անդրադառնալ իր դէմ նիւթուող միջազգային դաւադրութիւններուն եւ զգուշանալ արաբ ժողովուրդին միասնականութիւնը քայքայել ու պառակտել փորձող սադրանքներէն, որոնք կը պատրաստուին Արեւմուտքի կողմէ:
Սուրիոյ դեսպանը շեշտեց, որ իրենք լաւատես են միջարաբական երկխօսութեան առումով` աւելցնելով, որ ամերիկացիներուն նպատակը արդարութիւն հաստատել չէ եւ այդ պատճառով ալ անոնք իրաւունք չունին մարդկային իրաւունքներու անունով խօսիլ:


