ՄԱՆՍՈՒՐ. «ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՓՈԽԸՄԲՌՆՈՒՄ ԳՈՅԱՑՆԵԼՈՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐԸ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՆ»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ առաւօտեան մեկնեցաւ Գահիրէ, ուր մասնակցեցաւ Արաբական լիկայի մէջ տեղի ունեցած արաբ արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ իրադարձութիւնները:

Նախքան իր մեկնումը, Մանսուր յայտնեց, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է սուրիացի իր պաշտօնակիցին` Ուալիտ Մոալլեմի հետ եւ անկէ իմացած, թէ կարելի եղած է Քաթարի վարչապետին նախագահած արաբական յանձնախումբին հետ համաձայնութիւն մը գոյացնել:

Մանսուր նկատել տուաւ, որ ինք դրական մթնոլորտի մէջ պիտի ուղղուի Եգիպտոս, որովհետեւ համոզուած է, որ Սուրիա պիտի կարենայ դուրս գալ իր տագնապէն եւ արաբական պատմութեան մէջ սպիտակ նոր կէտ մը եւս ապահովել:

«Սուրիական իշխանութիւններուն հետ փոխըմբռնում գոյացնելու արաբական ջանքերը յաջողութեամբ պսակուած են եւ այդ մէկը շրջանին մէջ տիրող սադրանքի ենթահողը պիտի կարենայ վերացնել», շեշտեց Մանսուր` նկատել տալով, որ երկխօսութիւնը Գահիրէի թէ Դամասկոսի մէջ կատարելու հարցը երկրորդական է եւ աննշան:

 

Share this Article
CATEGORIES