7 ԷՍԹՈՆԻԱՑԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՌԵՒԱՆԳՈՒՄԸ ԾՐԱԳՐԱԾ ՈՒ ԳՈՐԾԱԴՐԱԾ ՅԱՆՑԱԳՈՐԾԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՒ
Լիբանանի մէջ անցեալ մարտին 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն առեւանգումը կազմակերպած ու գործադրած յանցագործ Ուաէլ Ապպաս ձերբակալուեցաւ սուրիական ապահովութեան ուժերուն կողմէ եւ յանձնուեցաւ լիբանանեան ապահովութեան ուժերուն:
Ուաէլ Ապպաս ձերբակալուեցաւ Մասնաայի սահմանին վրայ, երբ ան կեղծուած անձնաթուղթով կը փորձէր մուտք գործել Սուրիա:
Լիբանանեան բանակը սուրիական ապահովական ուժերէն ստանձնեց Ապպասը եւ զայն փոխադրեց Պէյրութ, ուր ան պիտի հարցաքննուի եւ փոխանցուի զինուորական ատեան:
Նշենք, որ ամիսներ առաջ Լիբանանի մէջ շրջանառութեան մէջ դրուեցան այնպիսի լուրեր, թէ Արեւմտեան Պեքաայի Այն Պիրի շրջանին մէջ զինեալներու եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ բախումներուն ընթացքին Ուաէլ Ապպաս սպաննուած էր:
CATEGORIES Լիբանանեան

