ԴԵՍՊԱՆ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐ ՄԱՆՍՈՒՐԻ ԵՒ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

Նախարար Մանսուր եւ դեսպան Քոչարեան

Լիբանանի մէջ Հասաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան 1 նոյեմբերին այցելեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:

Հանդիպումին ընթացքին Մանսուր եւ Քոչարեան ընդգեցին բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու փոխադարձ այցելութիւններուն, առկայ իրաւական դաշտը թարմացնելու, միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ լիբանանեան-հայկական համագործակցութիւնը խորացնելու եւ առեւտրական ու տնտեսական յարաբերութիւնները աշխուժացնելու կարեւորութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին երկուստեք համոզում յայտնուեցաւ, որ բարձրաստիճան պատուիրակութիւններուն փոխադարձ այցելութիւնները կրնան երկկողմանի բարեկամական եւ ջերմ  յարաբերութիւնները հասցնել որակական նոր մակարդակի:

Հանդիպումին ընթացքին բարձր գնահատուեցան  խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի Հայաստան կատարած այցելութեան արդիւնքները: Մանսուր դրուատեց լիբանանահայութեան դերակատարութիւնը երկրին քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային մարզերուն մէջ:

Այլ գետնի վրայ, դեսպան Քոչարեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան առեւտրական եւ տնտեսական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու անոնց զարգացման հեռանկարները: Այս շրջագիծին մէջ ընդգծուեցաւ երկու երկիրներու գործատէրերուն փոխադարձ այցելութիւններուն, համաժողովներու կայացման եւ առեւտրական ու տնտեսական գրասենեակներուն միջեւ սերտ համագործակցութեան կարեւորութիւնը:

Դեսպան Քոչարեան նախարար Սապունճեանին ներկայացուց Հայաստանի տնտեսական զարգացումներն ու առաջնահերթութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու կարելիութիւնները:

Իր կարգին, նախարար Սապունճեան պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու լիբանանեան-հայաստանեան առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման ու խորացման:

Share this Article
CATEGORIES