ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ-ՄՈՒԽԱՅՊԵՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երեսփոխան Մուխայպեր եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց երեսփոխան Ղասսան Մուխայպերը, որուն հետ քննարկեց երկրին ներկայ իրավիճակը:

Հանդիպումէն ետք Մուխայպեր յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիին ներկայացուցած է Մարոքի մէջ տեղի ունեցած միջազգային խորհրդաժողովին այն արդիւնքները, որոնք կը վերաբերէին փտածութեան դէմ պայքարին եւ այդ առնչութեամբ ՄԱԿ-ի հետ ստորագրուած համաձայնագիրին:

Մուխայպեր նշեց, որ Լիբանան իր կարգին յանձնառու կը մնայ այդ համաձայնագիրին գործադրութեան:

Մուխայպեր յայտնեց, որ վարչարետ Միքաթիի հետ քննարկած է Լիբանանի մէջ փտածութեան դէմ պայքարելու բոլոր քայլերը եւ կարելիութիւնները` աւելցնելով ՄԱԿ-ի այս համաձայնագիրին տառացի գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը:

Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ այս իմաստով պէտք է համագործակցութիւն ապահովել խորհրդարանական բոլոր յանձնախումբերուն եւ համապատասխան նախարարութիւններուն հետ:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի ընդունեց Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ աշխարհագրական տեղեկութիւններու կարգաւորման խորհրդաժողովը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, զոր գլխաւորեց Ֆայսալ Ալմի: Ալմի շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Միքաթիին, որ իր հաւանութիւնը տուած էր հովանաւորելու վերոնշեալ խորհրդաժողովը եւ քաջարելելու անոր աշխատանքները:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի այսօր պիտի մեկնի Մեծի Բրիտանիա, ուր յառաջիկայ շաբաթասկիզբին հանդիպում պիտի ունենայ Մեծի Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES