ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՍԱՀՆԱՈՒԻԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ համացանցի եւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մարզին բարգաւաճումը ապահովող հեռանկարներ:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որուն հետ քննարկեց քաղաքական հարցեր:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց երկիրը յուզող ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին սահմաններուն պաշտպանութեան առումով բանակին որդեգրած քայլերն ու բանակին կարիքները:
CATEGORIES Լիբանանեան


