ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԵԼՈՅԹ ՈՒՆԵՆԱԼՈՎ` ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԷՋ ԶՈՒՏ ՕՐԻՆԱԿԱՆ ԲՆՈՅԹ ՈՒՆԵՑՈՂ ՀԱՐՑԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՎ ՉՇԱՀԱԳՈՐԾԵԼՈՒ

Խորհրդարանի երէկուան նիստէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան 22 օրինագիծեր, որոնցմէ 18-ն վաւերացուեցան:

Նիստին ընթացքին, պատասխանելով երեսփոխաններ Մարուան Համատէի եւ Ահմետ Ֆաթֆաթի այն արտայայտութիւններուն, թէ Պէյրութի մօտակայ շրջաններէն մէկուն մէջ կուսակցութիւն մը կը վտարէ սուրիական քաղաքացիութիւն կրող քիւրտերը, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ Պուրճ Համուտի մէջ արձանագրուած զարգացումներուն մասին աղմուկ մը բարձրացած է, տարբեր լրատուամիջոցներ ապատեղեկատուութիւն կատարած են այդ մասին, իսկ կարգ մը երեսփոխաններ իրենց քաղաքական տեսակէտը արտայայտած են եւ անճիշդ տեղեկութիւններ փոխանցած Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին որոշումին մասին:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան որոշումը կը վերաբերի վարձակալման համաձայնագիրներու կարգաւորման, ինչպէս նաեւ օրինազանցութիւններու եւ ապօրինութիւններու սանձումին: «Սակայն այդ հարցին տրուեցաւ քաղաքական խորք, որուն շրջագիծին մէջ`  քաղաքացիներուն, լիբանանեան կուսակցութեան մը եւ պետական հաստատութիւններուն հասցէին արձանագրուեցան ամբաստանութիւններ, որոնք անցան նաեւ լիբանանեան սահմանները:

«Պէտք է իմանալ, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի որոշումին նպատակն է շրջանին մէջ լիբանանցիներուն եւ ոչ լիբանանցիներուն կողմէ գործուող ապօրինութիւններուն վերջ տալ, անկարգութիւնները արգիլել եւ հանրային բարոյականութեան վնաս հասցնող վարուելակերպը սանձել` գործակցելով լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն հետ:

«Կը հաստատեմ, որ այս քայլերը քաղաքական ոչ մէկ ենթահող ունին եւ կը պահանջեմ չշահագործել Պուրճ Համուտի մէջ օրինազանցութիւնները սանձելու այս որոշումը: Պուրճ Համուտէն լիբանանցի թէ սուրիացի մեր քիւրտ եղբայրներուն վտարումին մասին խօսիլ կը նշանակէ հարուածել Պուրճ Համուտի մէջ տիրող ազգային համերաշխութիւնն ու գոյակցութիւնը, ինչպէս նաեւ հարուածել միացեալ պատմութիւն եւ միացեալ ճակատագիր ունեցող հայ եւ քիւրտ ժողովուրդները, որոնք սպանդի ենթարկուած են ու ջարդուած նոյն դահիճին ձեռքով:

«Կը փափաքիմ զուտ օրինական բնոյթ ունեցող այս հարցը քաղաքական ներքին թէ արտաքին նպատակներու համար չշահագործել, որովհետեւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ լիբանանահայութիւնը շատ հեռու ենք նման նպատակներէ», շեշտեց երեսփոխան Յ. Բագրատունի:

Միւս կողմէ, խորհրդարանը վաւերացուց Թուրքիոյ հետ զինուորական գործակցութեան վերաբերող համաձայնագիրը:

Այս համաձայնագիրին դէմ արտայայտուեցաւ եւ զայն կտրականապէս մերժեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Նշենք նաեւ, որ երեսփոխան Յ. Բագրատունիի արտայայտած մերժումի կեցուածքին առընթեր, երեսփոխաններ Ապպաս Հաշեմ, Նեպիլ Նիքոլա, Ալի Ֆայեատ եւ Ուալիտ Սըքքարիէ մտավախութիւն յայտնեցին գաղտնի սպասարկութեան մարզին մէջ թրքական գաղտնի սպասարկութեան հետ գործակցութեան առնչութեամբ: Այս համաձայնագիրին մասին վերապահութիւն յայտնեցին նաեւ արտաքին յարաբերութեանց, պաշտպանութեան եւ ելեւմուտքի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերուն մէջ ՀՅԴ-ի դաշնակից երեսփոխաններ:

Նախքան համաձայնագիրին շուրջ կատարուելիք քուէարկութիւնը, պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն հաստատեց, որ երկու բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը պիտի չշրջանցէ մարզումի բաժինը, եւ ամէն պարագայի գաղտնի սպասարկութեանց գործակցութեան մէջ միշտ նկատի պիտի առնուին Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու շահերը:

Նշենք,որ խորհրդարանը երէկ վաւերացուց նաեւ Իսրայէլի արտասանած լիբանանցիներու հարցերու կարգաւորման վերաբերող օրինագիծը:

Յայտնենք, որ նիստէն ետք Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի եւ Սինիորա յայտնեցին, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած են ելեւմտական հարցեր, յատկապէս պետական պիւտճէի նախագիծին վերաբերող:

Անհրաժեշտ է նշել, որ Պըրրի խոստացաւ Ատհայի տօնէն ետք գումարել կառավարութեան հարցապնդումի յատուկ խորհրդարանի նիստ մը:

 

Share this Article
CATEGORIES