ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՊԻԵԼՈՌՈՒՍԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՏԵՂԱԿԱԼԻՆ ՀԵՏ

Փեթրիշենքօ եւ Նալբանդեան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր ընդունեց Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Իկոր Փեթրիշենքոն, որ Հայաստան ժամանած էր արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ քաղաքական խորհրդակցութիւններուն մասնակցելու նպատակով:

Ողջունելով Իկոր Փեթրիշենքոն` նախարար Նալբանդեան գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ հայ-պիելոռուսական աւանդական ջերմ կապերը շարունակական զարգացում կ՛ապրին համագործակցութեան բոլոր մարզերուն մէջ:

Ըստ նախարար Նալբանդեանի, շուրջ երկու ամիսներ առաջ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ խորհրդակցութիւններու մասին փաստաթուղթը արդէն կ՛իրագործուի եւ ատիկա կը վկայէ համագործակցութեան իսկական արդիւնաւէտութեան մասին:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Ի. Փեթրիշենքօ նախարար Նալբանդեանին փոխանցեց Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Մարթինովի ողջոյնները եւ բարեմաղթութիւնները:

Հանդիպման ընթացքին երկու կողմերը ընդգծեցին, որ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը, փոխադարձ այցելութիւնները, տնտեսական փոխադարձ գործակցութիւնը, խորհրդարանական կապերը, ապակեդրոնացուած համագործակցութիւնը, մշակութային փոխանակումները կարելիութիւն կու տան աւելի խորացնելու երկու ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութիւնը:

Նշելով լայն իրաւապայմանագրային դաշտի գոյութիւնը` զրուցակիցները միաժամանակ շեշտեցին ատիկա աւելի ընդարձակելու անհրաժեշտութիւնը:

Էդուարդ Նալբանդեան եւ Իկոր Փեթրիշենքօ անդրադարձան երկկողմանի առեւտրատնտեսական փոխադարձ գործակցութեան յաւելեալ աշխուժացման նպատակով ձեռնարկուող քայլերուն:

 

Share this Article
CATEGORIES