ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԱՋԱԿՑԻԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՍՈՐԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՍՏԵՂԾՄԱՆ
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ կառավարութեան մէջ ընդունեց տարբեր երկիրներու ասորական համայնքներու ներկայացուցիչները:
Կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը փոխանցեց, որ ասորական համայնքներու ներկայացուցիչները Հայաստանի կառավարութեան աջակցութիւնը խնդրած են Հայաստանի մէջ Համաշխարհային ասորական գիտահետազօտական եւ մշակութային կեդրոն ստեղծելու գործին մէջ:
Վարչապետը ողջունեց նախաձեռնութիւնը եւ խոստացաւ աջակցիլ կեդրոնի ստեղծման աշխատանքներուն:
CATEGORIES Հայկական

