ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎՈԼԻՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԺՈՂՈՎ

Շաբաթասկիզբին Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած հերթական ժողովին իր մօտ արձանագրուած բոլոր ակումբները տարեկան համագումարի հրաւիրեց:

Համագումարը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 28 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, «Մետիսըն» (Ժունիէ) պանդոկին մէջ:

Որոշուեցաւ նաեւ, որ 18-26 փետրուար 2012-ին տեղի ունենայ տղոց վոլիպոլի ակումբներու 30-րդ ախոյեանութիւնը` Լիբանանի մէջ:

Ինչ կը վերաբերի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանին, անիկա պիտի սկսի 6 յունուար 2012-ին:

Վերջապէս, ժողովին վերջին բաժինին մէջ որոշուեցաւ չորեքշաբթի, 28 դեկտեմբերը ճշդել իբրեւ այն թուականը, երբ ֆետերասիոնը տարիներու իր սովորութեան համաձայն կը պատուէ լիբանանցի մարզական լրագրողները. սոյն հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ «Մհաննա» ճաշարանին մէջ (Անթիլիաս):

 

Share this Article
CATEGORIES