ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԺՈՂՈՎ. ՀՄԸՄ – ԹԱՏԱՄՈՆ ՊԷՅՐՈՒԹ ՄՐՑՈՒՄԸ` ՈՒՐԲԱԹ, 11 ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ

Շաբաթասկիզբին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած ժողովին վաւերացուց Ա. եւ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները.

Հրապարակելէ ետք այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Ա. եւ Բ. դասակարգի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը` ֆետերասիոնը հրապարակեց նաեւ Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը, որ պիտի սկսի ուրբաթ, 11 նոյեմբերին:

ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը տարեշրջանի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ վերոնշեալ թուականին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ` հիւրընկալելով Թատամոն Պէյրութը (ժամը 2:15-ին):

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 15 նոյեմբերին` Հարաւային Քորէայի դէմ, Մարզական աւանին մէջ, այդ գծով յատուկ կարգադրութիւններու դիմուեցաւ ինչ կը վերաբերի դաշտ մուտք գործելու:

Սովորական թրիպիւններուն մուտքը ձրի է: Պատուոյ թրիպիւնի սակ ճշդուեցաւ 50 հազար լիբանանեան ոսկի, իսկ Ա. դասակարգի թրիպիւնին համար` 15 հազար լիբանանեան ոսկի:

Ա. եւ Բ. դասակարգերու մրցումներուն սակերը ճշդուեցան հետեւեալ ձեւով.

Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ.- Պատուոյ թրիպիւն` 35 հազար, Ա. դասակարգի թրիպիւն` 15 հազար եւ սովորական թրիպիւն` 5 հազար:

Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ.- Պատուոյ թրիպիւն` 15 հազար եւ սովորական թրիպիւն` 3 հազար:

Share this Article
CATEGORIES