ՃԱՏՐԱԿ. ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ 2011-Ի ԽՄԲԱՅԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Այսօր` հինգշաբթի, Փորթօ Քարրասի մէջ (Յունաստան) կը սկսի Եւրոպայի ճատրակի տղոց եւ աղջկանց խմբային ախոյեանութիւնը: Տղոց մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 38 հաւաքականներ, իսկ աղջկանց մրցաշարքին` 28:
Տղոց մրցաշարքին գծով, աշխարհի խմբային ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացած Հայաստանի հաւաքականը, որ ճատրակի մասնագէտներու կարծիքով կը նկատուի տիտղոսին գլխաւոր թեկնածուն, դասուած է 4-րդ (2716): Առաջին դասուած է Ռուսիա (2758), ապա յաջորդաբար` Ուքրանիա (2729) եւ Ազրպէյճան (2727): Առաջին 10-ին մէջ են նաեւ Հունգարիա, Ֆրանսա, Պուլկարիա, Անգլիա, Հոլանտա եւ Գերմանիա:
Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ զուիցերիական ձեւով, այսինքն` 9 հանգրուան: Մրցումները տեղի պիտի ունենան յաջորդաբար ինը օրերու վրայ, առանց հանգիստի օրուան:
Տղոց նման աղջկանց հաւաքականը եւս դասուած է 4-րդ: Առաջին երեք դիրքերը յաջորդաբար կը գրաւեն Ռուսիա, Ուքրանիա եւ Վրաստան:
Տղոց հաւաքականին մարզիչն է` Արշակ Պետրոսեան, իսկ աղջկանց հաւաքականին` Արթուր Չիպուխչեան:
Ստորեւ կու տանք մրցաշարքին մասնակցող հայրենի զոյգ հաւաքականներուն կազմերը.
ՏՂԱՔ
Լեւոն Արոնեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Վլատիմիր Յակոբեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան:
ԱՂՋԻԿՆԵՐ
Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Լիլիթ Կալոյեան, Մարիա Քուրսովա եւ Նելլի Աղինեան:

