ՈՒՂԵՂ ԵՒ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՕԴԸ ԼԱ՞Ւ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ, ԹԷ ԳԷՇ, ԿԱՐԵՒՈ՛Ր Է…

… ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԿԼԻՄԱՆ ԻՐ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՆԸ ՈՒՆԻ ՄԵՐ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ, ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ԳՐԷ ՄԱՐԻԱ ՔՈՆՆԻՔՈՎԱ «ՊԻԿԹԻՆՔ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ:

Օրերէ ի վեր կ՛անձրեւէ եւ երկինքը մռայլ է: Կը մտածեմ, որ օդի փոփոխութինը լաւ է: Հարց չէ ինծի համար: Սակայն հարց է ուղեղիս համար: Կը գիտակցիմ, թէ ոչ, անիկա կ՛ուղարկէ հրահանգներ, որոնց խթանը այս գորշ եւ մշուշոտ մթնոլորտն է: Կը գիտակցիմ, թէ ոչ, ասիկա երբեմն նրբօրէն, մերթ ուժեղ կերպով իր ներգործութիւնը պիտի ունենայ հակազդեցութիւններուս վրայ:

Պիտի մտածէինք` չի կրնար ըլլալ, որ տխուր ենք օդին պատճառով: Թերեւս ընդհանրապէս ուրա՞խ չենք, հարց պիտի տայինք մենք մեզի:

Շվարց եւ Քլոր 1983-ին հրատարակեցին տրամադրութեան վրայ օդին ներգործութեան վերաբերող հիմնական ուսումնասիրութիւն մը: Անոնք ի յայտ բերին, թէ արեւոտ օրերուն մարդիկ աւելի ուրախ կը զգան եւ աւելի գոհունակ` կեանքէն, քան` անձրեւոտ օրերուն: Սակայն ինչո՞ւ: Անոնք իրենց տրամադրութեան աղբիւրը (իրականութեան մէջ` օդերեւոյթը) սխալ կերպով վերագրած էին գոհունակութեան ընդհանուր զգացումի մը, հետեւաբար մտածած էին, թէ աւելի ուրախ պէտք էր զգայինք եւ աւելի գոհունակ, կամ` հակառակը. աւելի տխուր եւ նուազ գոհունակ: Այսուհանդերձ, բաւարար էր ուսումնասիրութեան մասնակցողներուն հեռաձայնով հարց տալ, թէ ինչպէ՞ս էր օդը իրենց քով, եւ հարցումին ներգործութիւնը ինքնին կը շրջէր ամէն ինչ: Երբ անձի մը ուշադրութիւնը կը կեդրոնանար իր տրամադրութեան վրայ ազդող բուն գործօնին վրայ, ան նուազ հակամէտ կը դառնար իր տրամադրութիւնը վերագրելու սխալ բանի մը:

ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ`
ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ ԿԱՅԱՑՆԵԼՈՒ ՎՐԱՅ

Օդերեւոյթի, տրամադրութեան եւ գոհունակութեան միջեւ կապին անդրադարձները բազմաթիւ են: Օդը ոչ միայն կը փոխէ մեր մտածելու եւ զգալու ձեւը, այլ նաեւ կրնայ շրջել մեր մտածելու եւ գործելու ձեւը:

ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ`
ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵԼՈՒ ՎՐԱՅ

Օրինակ, համալսարան ընդունման որոշումներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ այն ուսանողները, որոնք համալսարաններ կը փնտռեն անձրեւոտ օրերուն, յաւելալ ուշադրութիւն կը կեդրոնացնեն անոնց ակադեմական մակարդակին վրայ եւ հակամէտ են այս դիտանկիւնէն դատելու զանոնք: Սակայն կայ նաեւ աւելի՛ն. համալսարան այցելութեան օր մը ամպերու որեւէ փոփոխութիւն պատճառ կը դառնայ, որ ուսանող մը 9 առ հարիւր համեմատութեամբ հակուի տուեալ կառոյցը յաճախելու: Այլ խօսքով` մռայլ օդը կ՛աւելցնէ այն հաւանականութիւնը, որ ուսանող մը որոշէ յաճախել այդ օր իր այցելած համալսարանը: Այստեղ մեր տրամադրութեան վրայ օդին ներգործութեան սխալ վերագրումը պարզապէս կարելի չէ անտեսել իբրեւ չափանիշ: Իրականութեան մէջ անիկա կենսական դեր ունի կեանքի ճակատագրական որոշումի մը մէջ: Անշուշտ օդերեւոյթը միակ գործօնը չէ, սակայն վստահաբար կարելի է ի մտի ունենալ զայն:

ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ`
ԴՐԱՄԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ

Նկատի ունենանք նաեւ հետեւեալը. կարգ մը առեւտրականներ տարբեր ձեւով առեւտուր կը կատարեն արեւոտ օր մը, բաղդատած` անձրեւոտ օրուան մը: Երբ մռայլ ամպեր կը ծածկեն երկինքը, առեւտրականներ աւելի հակամէտ են խուսափելու վտանգաւոր որոշումներ կայացնելէ: Իսկ երբ արեւը կը շողայ, անոնք աւելի հակամէտ կը դառնան արկածախնդրական քայլեր առնելու: Մինչեւ 20 տարի առաջ կատարուած ուսումնասիրութիւններ կապակցութիւն մը ի յայտ բերած են օդերեւութաբանական փոփոխութիւններուն եւ սակարանային շուկաներուն վերիվայրումներուն միջեւ: Թէեւ նման աշխատանք մը ոչ մէկ ձեւով կը փաստէ պատճառահետեւանքային գործօն մը, սակայն մտածել կու տայ, թէ օդերեւոյթը կրնայ որոշ դեր ունենալ դրամական ասպարէզի մէջ գործող արհեստավարժ անձերու դատողութեան վրայ` մասնաւորաբար վտանգաւոր որոշումներ կայացնելու մէջ, ինչպէս նաեւ` այն ընտրութիւններուն, զորս կը կատարեն անոնք օրուան մը ընթացքին: Անշուշտ այս մէկը նախ կախեալ է անոնց կիրարկած առեւտուրի մօտեցումէն, եւ այս ներգործութեան ենթակայ են միայն անոնք, որոնք ամէն օր առեւտուր կը կատարեն:

ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ`
ԱՍՊԱՐԷԶԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

Այլ ապացոյցներ ցոյց կու տան, թէ օդերեւոյթը կրնայ յատկանշական դեր ունենալ գործի մէջ յաջողութեան որոշ երեւոյթներու մէջ: Մասնաւորաբար` աշխատավարձի վերաբերող բանակցութիւններ աւելի հաւանական է, որ յաջողութեամբ աւարտին համեմատաբար լաւ օդին, իսկ գործի դիմող թեկնածուներու հետ հարցազրոյցներ շատ աւելի հաւանական է, որ դրական գնահատումի արժանանան արեւոտ օրերուն, քան` անձրեւոտ: Երկու պարագաներուն ալ որոշում կայացնող անձը կրնայ ենթարկուիլ օդերեւոյթի ներգործութեան, առանց գիտակցելու` հետեւաբար կրնայ իր որոշումը սխալ կերպով վերագրել այլ բանի մը, ինչպէս`թեկնածուի մը նկատմամբ համակրանքի կամ անոր աշխատանքին գնահատումին:

ՄԵՐ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՏ ԴԻՒՐՈՒԹԵԱՄԲ
ԵՆԹԱԿԱՅ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԱՅԻՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՆ

Անուղղակի գրգռիչ տարրերը իմաստ մը ունին: Հակամէտ ենք տուեալ վայրկեանի մը մեր ուրախ կամ տխուր տրամադրութենէն մեկնելով` կատարելու աւելի լայն դատողութիւններ, որոնք կրնան շատ հեռու գացող անդրադարձներ ունենալ մեր կեանքին վրայ:

Եթէ բանականօրէն մտածենք, ապա օդերեւոյթը որեւէ դեր պէտք չէ խաղայ մեր ուրախութեան մէջ, կեանքի մեր դատողութեան, համալսարան մուտքի, ասպարէզի ընտրութեան կամ դրամական հարցերու մէջ: Սակայն իրականութեան մէջ անիկա դեր մը կը խաղա՛յ: Եւ այս դերը մէկն է այն բազմաթիւ անուղղակի ազդակներէն, որոնք ենթագիտակցական մակարդակի վրայ իրենց ներգործութիւնը կ՛ունենան մեր մտածելու գործընթացքին վրայ` տուեալ որեւէ կացութեան մէջ:

Բաւական դժուար է, եթէ ոչ` անկարելի, պատ մը քաշել անուղղակի այն բոլոր ազդակներուն դէմ, որոնք ներկայ են, երբ որոշում մը կը կայացնենք կամ կարծիք մը կը ձեւաւորենք: Մարդ արարածը սառն եւ միայն բանականօրէն տրամաբանող մեքենայ մը չէ, ոչ ալ պէտք է ըլլայ: Սակայն, եթէ գէթ նկատի ունենանք, թէ նման ներգործութիւններ որքա՛ն առանցքային դեր կրնան խաղալ, ապա, ո՛վ գիտէ, թերեւս կրնանք զանոնք օգտագործել մեր հաշուոյն:

Հետեւաբար, երբ յաջորդ անգամ մտածէք աշխատավարձի յաւելում պահանջելու մասին, ստուգեցէ՛ք, թէ արդեօք արեւը պայծառ կը շողա՞յ կապոյտ երկինքի մը բարձրերը: Անձրեւոտ օրերը վերապահեցէք սակարանային շուկաներուն մէջ արկածախնդրական խաղեր խաղալու, իսկ երբ գորշ ամպերը ստեղծեն մռայլ երկինք մը, պարզապէս ճիշդ հակառակը ըրէք:

 

ԻՆՉՈ՞Ւ ՏԳԵՂ ՏԱՌԱՏԵՍԱԿՆԵՐԸ ԵՒ ԽՃՃՈՒԱԾ ՁԵՌԱԳԻՐԸ
Կ՛ՕԳՆԵՆ ՅԻՇԵԼՈՒ, ԹԷ Ի՛ՆՉ ԿԱՐԴԱՑԱԾ ԵՆՔ

ՆՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ՍԽԱԼ Է ԱՅՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՄՈԶՈՒՄԸ, ԹԷ ԴԻՒՐԻՆ ԸՆԹԵՌՆԼԻ ՏԱՌԱՏԵՍԱԿՆԵՐ ԿԸ ԴԺՈՒԱՐԱՑՆԵՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐՈՒ ԻՒՐԱՑՈՒՄՆ ՈՒ ՎԵՐՅԻՇՈՒՄԸ: «ՏԷՅԼԻ ՄԷՅԼ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔԸ:

Նուազ հաւանական է, որ ելեկտրոնային գիրքեր ընթերցողները իւրացնեն իրենց կարդացածը, որովհետեւ անիկա իրենց կը մատուցուի շատ պարզ ձեւի մէջ:

Ամազոն Քինտըլ եւ Սոնի Ռիտըրի նման ելեկտրոնային գործիքներ գրութիւնները կը ներկայացնեն այնպիսի յստակ եւ ընթեռնլի ձեւի մէջ, որ կը քաջալերէ ուղեղին ծուլութիւնը եւ կը դժուարացնէ նիւթերուն ընկալումը, ինչպէս կ՛ըսէ նոր կատարուած ուսումնասիրութեան մը արդիւնքը:

Այս յայտնաբերումը կը հակասէ աւանդական այն իմաստութեան, թէ ընթեռնլի գրութիւն մը կը դիւրացնէ գիտելիքներ սորվելու եւ յիշելու մարդկային կարողութիւնը:

Փրինսթընի համալսարանէն հոգեբաններու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւնը ի յայտ բերած է, թէ ուսումնասիրութեան մասնակցողներուն նկատառելի մէկ համեմատութիւնը շատ աւելի տեղեկութիւններ վերյիշած է, երբ անոնք ներկայացուած են արտասովոր տառատեսակներով, որոնք հազուադէպօրէն կը գործածուին դասագիրքերու մէջ:

Ուսումնասիրութիւնը կ՛եզրակացնէ, թէ տեղեկութիւնները անընթեռնլի տառատեսակներով մատուցելով զանոնք երեւութապէս դժուարամատչելի դարձնելը կը խորացնէ սորվելու գործընթացը եւ կը խթանէ տեղեկութիւն մը միտքին մէջ աւելի լաւ պահելու կարողութիւնը:

Հոգեբանները կ՛ըսեն, թէ սովորական գրութեան մը մէջ ա՛յն տեղեկութիւնը, որ աշխուժօրէն կ՛արտաբերուի եւ ոչ թէ «կրաւորական ձեւով կ՛ընկալուի», աւելի երկար ժամանակ եւ աւելի ճշգրիտ ձեւով կը մնայ յիշողութեան մէջ:

Ուսումնասիրութիւնը հարցականի տակ կ՛առնէ այն տեսութիւնը, թէ Թայմզ նիւ ռոմընի եւ Արիըլի նման տառատեսականեր, որոնք ընդհանրապէս կ՛օգտագործուին ակադեմական գիրքերու մէջ, կ՛օգնեն, որ ուսանողներ դիւրութեամբ վերաքաղ մը ընեն քննութեան ներկայանալէ առաջ:

Ամերիկացի հոգեբան Ճոնահ Լեհրըր անընթեռնլի գրութիւններու մասին իր կարծիքը յայտնած էր Wired.com կայքին մէջ, նախքան ուսումնասիրութեան հրատարակութիւնը:

Լեհրըր բացատրած է, թէ իրեն համար աւելի դժուար էր յիշել ա՛յն տեղեկութիւնները, զորս կարդացած էր իր Քինտըլ ելեկտրոնային գործիքին վրայ:

Թէեւ Քինտըլ գործածողները կրնան փոխել տառի մը չափը, սակայն չեն կրնար փոխարինել քայսիլիա տառատեսակը, որ հանգիստ ընթեռնլի է:

Լեհրըրի համաձայն, ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ տպագրութեան ամբողջ պատմութիւնը հիմնուած է սխալ դատողութեան վրայ, երբ հարցը կը վերաբերի բան մը սորվելու:

«Անիկա միշտ ալ ընթացած է դէպի դիւրին ընթեռնլի տառատեսակներ որդեգրելու ուղղութեամբ: Կը կարծենք, թէ ինչ որ կը դիւրացնէ պարունակութիւն մը տեսնելը, նպաստաւոր է», կ՛ըսէ ան:

«Ասիկա մասնաւորաբար տիրական է դասարաններու մէջ, ուր ուսուցիչներ կը կարծեն, թէ ընթեռնլիութիւնը կը քաջալերէ գիտելիքներ սորվելու եւ յիշելու մանուկներուն կարողութիւնը»:

«Յայտնապէս հակառակը ճիշդ է»:

«Դժուար ընթեռնլի տառատեսակներ, այն տառատեսակները, զորս կ՛արհամարհենք եւ ծիծաղաշարժ աստիճանի տգեղ կը նկատենք, անոնք են, որ ամէնէն աւելի յարմար են սորվելու եւ յիշելու գործընթացին», կ՛աւելցնէ ան:

«Երբ կը տեսնենք տառատեսակ մը, զոր կարդալը դիւրին է, զայն մեր ուղեղին գործընթացէն կ՛անցընենք առանց ուշադրութիւն դարձնելու: Սակայն, երբ կը տեսնենք անծանօթ տառատեսակ մը` տարօրինակ ոլորքներով եւ «պոչերով», քիչ մը աւելի ճիգ պէտք է թափենք»:

«Այս յաւելեալ ճիգը նշան մըն է ուղեղին, թէ ինչ որ կը փորձենք կարդալ, արժանի է յիշողութեան մէջ պահուելու: Սովորական նախադասութիւններ, որոնք կ՛արտագրուին ելեկտրոնային պայծառ պաստառներու վրայ, դիւրին կը կարդացուին եւ` առանց ճիգի»:

«Միւս կողմէ` բարդ կառուցուածքով եւ աղօտ տառատեսակներով արտասովոր նախադասութիւններ կը պահանջեն աւելի գիտակցուած ճիգ, ինչ որ կ՛առաջնորդէ ուղեղի յաւելեալ գործունէութեան: Այս ամբողջ յաւելեալ աշխատանքը, բառերը վերծանելու իմացական այս հաճելի ճիգը կ՛արթնցնէ մեզի», կ՛եզրակացնէ Լեհրըր:

«Բախտը կը նախընտրէ ցցունը եւ շեղակին. անընթեռնլիութեան ներգործութիւնը` կրթական արդիւնքներու վրայ» վերնագիրով ուսումնասիրութիւնը լոյս տեսած է Փրինսթընի համալսարանին «Քոկնիշըն» թերթին մէջ: Անոր հեղինակներն են Քանըր Տիմընտ-Եամըն, Տանիել Մ. Օփընհայմըր եւ Էրիքա Պ. Վոն:

 

ՈՒՂԵՂԸ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԺԽՏԱԿԱՆ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐԸ

«ՄԻ՛ ՄՏԱՀՈԳՈՒԻՔ, ԱՄԷՆ ԻՆՉ ԼԱՒ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ», Կ՛ԸՍԷ ՈՒՂԵՂԸ: ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐԱԾ ԵՆ ՊԱՏՃԱՌ ՄԸ, ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ ԼԱՒԱՏԵՍՆԵՐ ԴՐԱԿԱՆ ՀԱՅԵՑԱԿԷՏ ՄԸ ԿԸ ՊԱՀՊԱՆԵՆ` ՆՈՅՆԻՍԿ ՀԱԿԱՌԱԿԸ ՓԱՍՏՈՂ ԱՊԱՑՈՅՑՆԵՐՈՒ ԱՌԿԱՅՈՒԹԵԱՆ: ՄԷԿ ԽՕՍՔՈՎ` ԱՆՈՆՑ ՈՒՂԵՂԸ ՆՈՒԱԶ ԿԸ ԳՈՐԾԷ…: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս:

«Նէյչըր Նիւրոսայընս» թերթին մէջ լոյս տեսած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, ուղեղը շատ վարպետօրէն իր գործընթացներէն կ՛անցընէ ապագայի լաւ լուրերը:

Իսկ ոմանք նոյնիսկ կ՛անտեսեն ժխտական որեւէ բան եւ միշտ կը պահեն դրական աշխարհահայեացք մը:

Եունիվըրսիթի քոլեճ Լանտընէն գիտնականներ կ՛ըսեն, թէ ժողովուրդին 80 առ հարիւրը լաւատես է, նոյնիսկ երբ ինքզինք չ՛որակեր իբրեւ այդպիսին:

Գիտնականները չափած են 14 հոգիի լաւատեսութեան մակարդակը եւ զանոնք քննած են ուղեղը նկարող գործիքով:

Անոնք իւրաքանչիւրին հարցուցած են, թէ ընդհանրապէս որքա՞ն հաւանական էր, որ պատահէին 80 տարբեր «վատ դէպքեր», որոնց շարքին` ամուսնալուծումներ եւ քաղցկեղի հիւանդութիւն:

Ապա ուսումնասիրողները հարց տուած են, թէ այս մէկը որքանո՞վ հաւանական էր իրականութեան մէջ: Քննութեան աւարտին մասնակցողներէն պահանջուած էր դարձեալ նշել հաւանականութիւնները` համեմատութեան կարգով:

Ուշագրաւ տարբերութիւն մը արձանագրուած էր լաւատեսներուն վերատեսութեան ենթարկած համեմատութիւններուն մէջ, որոնք կախեալ էին իրականութեան հետ առնչուած իրենց լսած լաւ կամ վատ լուրերէն:

Ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող գիտնականը` Թալի Շարոթ կ՛ըսէ, թէ քաղցկեղի հաւանականութեան վտանգը սահմանուած էր 30 առ հարիւրով:

Եթէ հիւանդ մը կը կարծէր, թէ քաղցկեղի վտանգի մը համեմատութիւնը 40 առ հարիւր էր, ապա ուսումնասիրողներուն կողմէ կատարուած քննութեան աւարտին վտանգին իր նախատեսութիւնը իջեցուցած էր 31 առ հարիւրի:

Սակայն, եթէ հիւանդը սկիզբը կը կարծէր, թէ վտանգը միայն 10 առ հարիւր էր, ապա միայն լուսանցքային համեմատութեամբ մը աւելցուցած էր վտանգին առկայութիւնը:

ԸՆՏՐԱՆՔԻ ՀԱՐՑ

Ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ երբ լուրերը դրական են, շատ աւելի աշխուժ գործունէութիւն տեղի կ՛ունենայ ուղեղին յառաջամասին մէջ, որ կ՛առնչուի սխալները ուղեղին գործընթացէն անցընելու հետ: Ժխտական լուրեր լսելու պարագային` ամէնէն աւելի լաւատես անձերուն ուղեղին յառաջամասին մէջ կ՛արձանագրուի նուազագոյն աշխատանքը, իսկ ամէնէն նուազ լաւատեսներուն քով` ամէնէն աշխուժ աշխատանքը:

Ասիկա կը նշանակէ, որ ուղեղը կը զատէ եւ կ՛ընտրէ, թէ ո՛ր ապացոյցին պէտք է կառչի:

«Ծխելու մահացու հետեւանքներուն մասին պատգամները ի զուր են, որովհետեւ մարդիկ կը կարծեն, թէ քաղցկեղ ունենալու իրենց հաւանականութիւնը քիչ է, կը բացատրէ Շարոթ:- Ամուսնալուծումներու համեմատութիւնը 50 առ հարիւր է, սակայն մարդիկ նոյնը չեն կարծեր: Շատ հիմնական կողմնակալութիւն մը տեղի կ՛ունենայ ուղեղին մէջ»:

Քարտիֆի համալսարանէն ջղագէտ Քրիս Չէյմպըրզ կ՛ըսէ. «Ուղեղին այս գործընթացը շատ հետաքրքրական է, շատ նուրբ եւ շատ հիանալի»:

«Ասիկա լուսարձակի տակ կ՛առնէ բան մը, որ հետզհետէ աւելի ցայտուն կը դառնայ ջղագիտութեան մէջ. թէ` որոշումներ կայացնելու ընթացքին ուղեղին գործունէութեան մէջ հիմնական մաս մը կը սկսի նախատեսութիւնները զարնել իրականութեան փորձաքարին: Այլ խօսքով` ամէն ոք «գիտնական» է»:

«Թէեւ շատ բարդ եւ կատարելագործուած  են ջղաբանական այս ցանցերը, այսուհանդերձ, լա՛ւ է գիտնալ, թէ ինչպէ՛ս ուղեղը երբեմն կը յանգի սխալ եւ շատ լաւատես եզրակացութիւններու` հակառակ տուեալներու առկայութեան»,կ՛ըսէ ան:

Կը թուի, թէ լաւատեսութիւնը նպաստաւոր ներգործութիւն ունի մեր առողջութեան վրայ: Շուրջ 100 հազար կիներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ լաւատեսներուն քով սրտի հիւանդութիւններու եւ մահացութեան վտանգներուն համեմատութիւնները նուազ են:

Սակայն, ինչպէս Շարոթ կը մատնանշէ` «ժխտական երեւոյթը այն է, որ կը թերագնահատենք վտանգները»:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES