ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ. «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԵՐ» ՀԵՂԻՆԱԿ` ՇԱՀԷ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Իւրայատուկ եւ ինքնաբուխ ստեղծագործական աշխատանքի մը արդիւնքն է երաժշտութեան նուիրուած նոր հրատարակուած այս Ալպոմը` նախաձեռնութեամբ տաղանդաւոր դաշնակահար Շահէ Խաչատուրեանի: Ան իր հիացումը արտայայտած է դաշնակի նուագածութեամբ, համբաւաւոր, տաղանդաշատ եւ անզուգական երգահան, յօրինող Խաչատուր Աւետիսեանին, լոյսին բերելով անոր եօթը ժողովրդական երգերուն պարեղանակները:
Խաչատուր Աւետիսեան հայրենի բացառիկ դէմքերէն է երաժշտութեան ոլորտին մէջ: Անոր նուիրուած գեղակազմ ու գեղատիպ այս գիրքին մէջ ներկայացուած են երգահանին կենսագրական գիծերը. Խաչատուր Աւետիսեան ծնած է 1926-ին, մահացած` 1996-ին, ժառանգ ձգելով հայկական երգի ու երաժշտութեան պատկառելի վաստակ մը: Հայաստանէն սփիւռք տարածուած են անոր սրտառուչ մեղեդիները, հայադրոշմ երգերն ու եղանակները, երգասէր մեր ժողովուրդին շուրթերուն վրայ յաւերժացնելով հայ արմատներէն ծնունդ առած երգեր, որոնցմէ եօթը եղանակներ իբրեւ պարեղանակ արձանագրուած են «Հայկական պարեր» այս գիրքին մէջ: Երգերուն նոթաները տպուած են գիրքին մէջ, որպէսզի նորագոյն մեր սերունդին երաժշտասէր նուագողները հետեւին ու նուագեն, ծանօթանան Խաչատուր Աւետիսեանի հոգեհարազատ ստեղծագործութեան:
Տպուած են «Իլիկներով պար», «Տաւիղ», «Իմ եղէգ», «Էլեգիա», «Կռունկներ», «Կակաչներ», «Կախարդական ծաղիկներ»:
Դաշնակահար Շահէ Խաչատուրեան իր արուեստագէտի նուագով ներկայացուցած է նաեւ Սայաթ Նովայէն երկու եղանակ, այնքան սիրելի մեր ժողովուրդին. «Քամանչա» եւ «Քանի վուր ջան իմ»:
Գործակցելով Խաչատուր Աւետիսեանի արժանաւոր որդի Միքայէլ Խաչատուրեանին հետ, որ նոյնպէս ծանօթ հայրենի երաժիշտ է, Շահէ Խաչատուրեան հատընտիր ձեւաւորումով ներկայացուցած է յիշուած «Հայկական պարեր»ը:
Այս գիրքին կը միանայ նաեւ խտասկաւառակը պարեղանակներուն: Ունկնդրեցինք ու ջերմ սիրով ընկալեցինք ստեղծագործական այս աշխատանքը, որուն նուիրուած շնորհահանդէս մը տեղի ունեցաւ 27 հոկտեմբեր 2011-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ:
Նոր օրերուն աղաւաղուած երգերը մէկ օրէն միւսը մոռցուելու ճակատագիրը պիտի ունենան: Խաչատուր Աւետիսեան անմահութեան ճանապարհորդն է արդէն: Անոր հոգեմտաւոր կտակը պիտի փառաւորուի ընդմիշտ` շնորհիւ նոր սերունդի շնորհալի զաւակներուն: Շահէ Խաչատուրեան ցոյց կու տայ այդ լուսաշաւիղը:

