«ՓԹԻԹ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹ ԹԻՒ 3

2011-ին, խմբագրութեամբ Վերժին եւ Կարօ Աբրահամեաններու, լոյս տեսաւ «Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերաթերթի թիւ 3 համարը, որ կը բաղկանայ 32 էջերէ:

Իր նախորդ թիւերուն նման, «Փթիթ»ի ներկայ համարը եւս կը յատկանշուի պատանի ընթերցողներուն ուղղուած բարոյական թելադրանքներով: Ճիշդ հոս կը կայանայ սոյն թերթին դաստիարակչական առաքելութիւնը, որուն մղիչ ուժը կը հանդիսանայ բարոյագիտական սկզբունքը:

Այս յղացքով, «Վերամուտ եւ հայկական վարժարան» խորագրեալ յառաջաբանով իւրաքանչիւր պատանի իրազեկ կը դառնայ այն իրողութեան, թէ ամրան արձակուրդի օրերէն ետք, հարկ է խանդավառութեամբ ողջունել վերամուտը, որովհետեւ, առանց կրթութեան, կեանքը պիտի ըլլայ «անարժէք ու աննպատակ»: Աւելի՛ն. «Փթիթ» կը գօտեպնդէ պատանիներու սիրտերը ազգայնաշունչ այն գաղափարով, որ հարկ է յաճախել հայկական դպրոց, «որ ոչ միայն կը կերտէ լաւ մարդն ու քաղաքացին, այլեւ` լաւ հայը»:

Սոյն պատանեկան հրատարակութեան մէջ ուշագրաւ տեղ կը գրաւեն «Գայլն ու գառնուկը», «Պոռոտախօս կապիկը», ինչպէս նաեւ «Ճամբորդները եւ ծառը» խորագրեալ հեքիաթները, որոնց միջոցով «Փթիթ»ի խմբագիրները կը փոխանցեն իրենց պատանի ընթերցողներուն այն համոզումը, թէ մենք շնորհիւ մեր հնարամտութեան` կրնանք տապալել նոյնիսկ մեզ գերազանցող ուժերն անգամ, թէ` պոռոտախօսները իրենց գործած ստապատիր արարքին պատճառով կը պատժուին անպայման, թէ, վերջապէս, երախտապարտ պէտք է ըլլանք հանդէպ անոնց, որ բարիք կը գործեն:

Շահեկան է ծնողներուն վերապահուած բաժինը, ուր «Փթիթ» կը ծանօթացնէ իր ընթերցողներուն մանկապատանեկան երկու թերթեր:

Առաջինը` «Նոր Կեանք» խորագրեալ ամսաթերթն է, որ լոյս կը տեսնէ Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրէշի մէջ: «Նոր Կեանք»ի մանկապատանեկան էջը առաջին անգամ հրատարակուած է 1996-ի յունուարին: 2009 յունուարէն սկսեալ սոյն ամսաթերթը կը վերածուի պարբերաթերթի, ուր կ՛արտատպուին հայ մանկագիրներու գործերէն հատուածներ:

Իսկ երկրորդ թերթը կը կոչուի «Կկու», որ մանկապատանեկան յաւելուածն է Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի պաշտօնաթերթ «Գանձասար» շաբաթաթերթին: Յիշեալ յաւելուածը կը հրատարակուի փետրուար 1995-էն մինչեւ այսօր:

Արդարեւ, ծնողները գիտեն, թէ «Փթիթ»ը իր մատուցած նիւթերուն այլազանութեամբ եւ, մանաւանդ, մտային աշխատանք թելադրող հարցարաններով տրամաբանելու կը մղէ պարմանիները եւ կը հարստացնէ անոնց բառամթերքը` լեզուական յատուկ վարժութիւններով: Այս գիտակցութեամբ, ծնողները պէտք է քաջալեր ըլլան «Փթիթ»ի հրատարակչական գործունէութեան` ջանալով, որ սոյն մանկապատանեկան պարբերաթերթը մուտք գործէ ընտանեկան յարկերէ ներս, զարգացնէ պարմանիներու միտքերը` ուսումնական օգտակար գիտելիքներով եւ արթնցնէ անոնց սրտերուն մէջ ընթերցանութեան սէրը:

Այս յանձնառութեամբ, «Փթիթ»ը պիտի բարեխառնէ առօրեայ դասանիւթերով ծանրաբեռնուած պատանիներուն մտավիճակը` կրթաբարոյական զուարճալի խաղերով, իմացական հաճելի ապրումներու վայելքը փոխանցելով անոնց:

Կը մաղթենք, որ պատանիները պահեն սոյն թերթը իրենց կրթական կեանքին մէջ` մշտադալար ոգեւորութեամբ:

 

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Հոկտեմբեր 2011
Պէյրութ

Share this Article
CATEGORIES