ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը այս տարուան ծրագրի ծիրին մէջ նկատի ունեցաւ այցելութիւններ կազմակերպել հայկական թանկարժէք իրեր պահպանող վայրեր` հայկական գանձատուներ, քանի որ հոն կը գտնենք մեր պատմութեան կարեւոր արժէքները: 1 նոյեմբեր 2011-ին տեղի ունեցաւ այդ այցելութիւններուն առաջինը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարան:
ԼՕԽ-ի զանազան մասնաճիւղերէն անդամներ ժամը 10:30-ին հասան մայրավանք եւ հաւաքուեցան «Կիլիկիա» թանգարանին գետնայարկ սրահը, ուր ընդունուեցան Հրանդ վրդ. Թահանեանի կողմէ: Տէրունական աղօթքէն եւ շարականի երգեցողութենէ ետք, յանձնախումբի ատենապետ Յասմիկ Գէորգեան անդրադարձաւ թանգարանին ներկայացուցած արժէքին` դիտել տալով, որ անիկա վառ օճախ է, ստեղծագործութիւններու շտեմարան, գանձատուն` մեր պատմութեան արժէքներուն եւ թանկարժէք իրերուն: Անոր համաձայն, ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին պարտականութիւնը աւելին է քան ընտանիքի եւ հայ կնոջ հարցերուն լուծումներ գտնելը, որովհետեւ անիկա իր գործունէութեամբ կը միտի լիբանանահայ հանրութիւնը ծանօթացնել հայկական արժէքներուն:
Յ. Գէորգեան դիտել տուաւ, որ այս տարուան ծրագիրով այցելութիւններ պիտի տրուին իւրայատուկ վայրեր, ուր հայկական թանակագին գանձեր ամփոփուած են` նպատակ ունենալով հայ կիները ծանօթացնել մեր արժէքաւոր մշակոյթին:
Ապա ԼՕԽ-ականները բարձրացան առաջին յարկ, ուր կան զուտ ծիսական արարողութեան պատկանող իրեր, որոնցմէ բաժին մը կ՛օգտագործուի տօնական եւ յատուկ օրերու: Հայր Հրանդ բացատրեց, թէ թանգարանի շինութիւնը սկսած է 1994-ին երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Սարգիսեան կաթողիկոսի (հետագայի` Ամենայն Հայոց կաթողիկոս) օրով եւ աւարտած 1998-ին` Արամ Ա. կաթողիկոսի օրով: Հրանդ վրդ. Թահանեան ըսաւ, որ կը գտնուինք «հրաշք» վայրի մը մէջ, ուր հաւաքուած են Կիլիկիոյ թագաւորութեան շրջանէն եկած իրեր:
Հայր սուրբը մանրամասնօրէն բացատրեց միւռոնի պատրաստութիւնը, ցոյց տուաւ Մայր Մաշտոցը, խօսեցաւ Բարձրբերդի աւետարանի ձեռագիրին մասին, ինչպէս նաեւ մատնանշեց Յովհաննէս Կարապետի եւ ուրիշ բազմաթիւ սուրբերու մասունքները: Ներկաները ստացան բոլոր իրերու յատկանիշները եւ տեղեակ եղան անոնց արժէքներուն:
Երկրորդ յարկը աւելի ձեռագիրներու, մանրանկարչութեան, հնատիպ գիրքերու, գրիչներու, դրամներու, հնագիտական շարք մը կը ներկայացնէ: Հոս կը գտնուին նաեւ հին ու արդի գորգերու հաւաքածոյ մը եւ Հայաստանի մեծ քարտէսը` մելանով գծուած կտաւի վրայ: Հայր սուրբը խօսեցաւ բոլոր իրերուն մասին, ի մասնաւորի` Յայսմաւուրքի մասին մանրամասն տեղեկութիւն փոխանցեց:
Երրորդ յարկը գեղանկարչութեան եւ քանդակներու բաժինն է, ուր կը տեսնենք Այվազովսքիէն, Հրայրէն, Կիւվէն գեղանկարներ. հոս կան Գարեգին Ա. կաթողիկոսի, Զարեհ Ա. կաթողիկոսի եւ Արամ Ա. կաթողիկոսի քանդակները:
Այս իրերէն մաս մը հասած է թանգարան` նուիրատուներու միջոցով: «Կիլիկիա» թանգարանը իր ամբողջութեան մէջ վառ օճախ մըն է, ստեղծագործութիւններու շտեմարան մը, որ արժանի է հիւրընկալելու հայ թէ օտար անձեր, որոնք հետաքրքրուած են հայկական մշակոյթի ստեղծագործութիւններով:
Հարիւրէ աւելի ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ մէկուկէս ժամ ծանօթանալէ ետք «Կիլիկիա» թանգարանին արժէքներուն, շատ գոհ տրամադրութեամբ եւ ոգեւորութեամբ լեցուած հոգիներով մեկնեցան:

