ԲԵՄԱԴՐԻՉ ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ` «ԱՐԵԳ» ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ՆՊԱՏԱԿՈՎ

Հինգշաբթի, 27 հոկտեմբեր 2011-ին, Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի գեղարուեստական ղեկավար եւ բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային Սոֆիա Յակոբեան, Ս. Քառասնից Մանկանց եւ Աբգարեան վարժարաններու կարգ մը դասարաններու աշակերտներուն հետ: Բեմադրիչին կ՛ընկերանար գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալ մարմինի անդամ Արաքսի Խտըրլարեան:

Հինգշաբթի, 21 հոկտեմբերին, բեմադրիչը նոյն նպատակով այցելեց Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան:

Հանդիպումներու ընթացքին բեմադրիչը աշակերտներուն ծանօթացուց «Արեգ»ի կառուցուածքին, աշխատանքային ոճին, ընդհանուր գործունէութեանը եւ հեռակայ ծրագիրներուն: Ան ըսաւ, թէ դասարանային զոյգ բաժանմունքներուն համար ստեղծուած են յատուկ դասագիրքեր: Տեսական նիւթերու կողքին, աշակերտները կ՛ունենան գործնական աշխատանքներ` առաւելաբար կեդրոնանալով դերասանի վարպետութեան, բեմական խօսքի եւ բեմական շարժման վրայ: Ռոպերթ Առաքելեան նշեց, որ «Արեգ» դպրոցին մէջ հնարաւորինս ջանք կը թափուի ուսուցանելու եւ սերտելու ամէն ինչ` կապուած թատրոնի հետ: Ան խօսեցաւ թատրոնի տեսակներու, դիմայարդարման, կեդրոնացման, երեւակայութեան զարգացման, կարգապահութեան, թատերական զանազան հնարքներու եւ բազում այլ հարցերու մասին: Հանդիպման ընթացքին աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան բեմադրիչին կողմէն առաջարկուող յանպատրաստից վարժութիւններուն: Ռոպերթ Առաքելեան տեղեկացուց, որ «Արեգ» թատերական դպրոցի նախորդ 2 տարիներու շրջանաւարտները տարբեր սրահներու մէջ ելոյթներով հանդէս եկած են հանրութեան առջեւ` ներկայացնելով «Ծնունդի նուէրը», «Անտառի դպրոցը», «3 խոզուկները», «Արայիկին արկածները», «Կիկոսի մահը», «Ծառերը», «Դասը», տրամաթիքական, տիկնիկային, մնջախաղի եւ ռատիօ թատրոնի ներկայացումներով: Բեմադրիչը տեղեկացուց, որ «Արեգ»ը կը պատրաստուի 2011-ի դեկտեմբերին հանրութեան ներկայացնել երաժշտախառն հեքիաթ մը: Աշակերտներէն շատեր խանդավառուած` հարցումներ ուղղեցին բեմադրիչին եւ անմիջապէս որոշում կայացուցին ընդունուիլ Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոց:

Ռոպերթ Առաքելեան թատրոն կը դասաւանդէ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն եւ Թորոսեան վարժարաններուն մէջ, ուր արդէն իսկ առիթ գտած եւ աշակերտներուն խօսած է «Արեգ»ի մասին: Հինգշաբթի, 10 նոյեմբերին, նախատեսուած է հանդիպման նպատակով այցելել Ազգային Ս. Խանամիրեան վարժարան, իսկ յառաջիկայ օրերուն բեմադրիչը պիտի շարունակէ այցելութիւնները նաեւ այլ վարժարաններ, որպէսզի առաւելագոյն թիւով աշակերտներ ծանօթանան Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցին աշխուժ եւ շինիչ գործունէութեան:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES