ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ 80-ԱՄԵԱԿ(1931-2011)

Համազգայինի հրատարակչական աշխատանքը կը սկսի 1931-ին, երբ Ճեմարանի մէջ կը բացուի Համազգայինի տպարանը եւ իբրեւ առաջին գործ` լոյս կ՛ընծայէ Ճեմարանի ծրագիր-կանոնագիրը: Տպարանը տպագրական մամուլ չունէր, պարզապէս գրաշարութիւնն ու սրբագրութիւնը տեղի կ՛ունենային Ճեմարանէն ներս:

Ճեմարանի ծանրաբեռնուած պիւտճէն կը դժուարացնէր հրատարակչական գործին ընթացքը: Համազգայինի հիմնադիրներէն Նիկոլ Աղբալեան կ՛առաջարկէ լուծում մը եւ, հաշուակցելով Ճեմարանին հետ, տպարանը կը դարձնէ իր սեփականութիւնը` անոր գործունէութեան շարունակականութիւնը ապահովելու համար: Տպարանը կը կոչուի «Յոյս» եւ կը ծաւալէ դասագիրքերու եւ այլ գործերու հրատարակչական աշխատանք:

1938-ին առաջին անգամ կը հրատարակուին Համազգայինի օրացոյցները:

1944-ին տպարանէն կը սկսի լոյս տեսնել Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան «Ակօս» հանդէսը: 1946-ին կը ձեռնարկուի Լեւոն Շանթի ամբողջական երկերու հրատարակութեան: 1947-ին, Նիկոլ Աղբալեանի մահէն ետք, իր կտակին համաձայն, տպարանը կը դառնայ Համազգայինի սեփականութիւնը եւ Կեդրոնական վարչութեան որոշումով  կ՛անուանուի Համազգայինի տպարան: 1948-ին Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անդամ Գասպար Իփէկեան իր գրասենեակը կը հաստատէ տպարանի կողքին եւ Համազգայինի գործավար- քարտուղարի իր պաշտօնով կը սկսի գրախանութի եւ գրատարածի աշխատանքները կազմակերպել: Այդ թուականէն սկսեալ կը ձեռնարկուի նաեւ ընթերցանութեան գիրքերու, մանկապատանեկան շարքերու, գրական, ինչպէս նաեւ կուսակցական, գաղափարական, յուշագրական եւ այլ գործերու հրատարակութեան աշխատանքին: Իփէկեանի մահէն ետք հրատարակչական աշխատանքներուն հսկողութիւնը կը կատարէ կեդրոնական վարչութեան վարիչ քարտուղար Օննիկ Մելիքսէթեան:

1953-ին Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ ապա պատուոյ նախագահ Վահէ Սէթեանի առաջարկով եւ Կեդրոնական վարչութեան ժողովի վաւերացումով կ՛որոշուի գնել տողաշար մեքենայ, նոյն թուականին նաեւ կ՛ապահովուի տպագրական մեծ մամուլ մը` ֆրանսայէն:

1955-ին որոշ հանգրուան մը տպարանը վարձակալութեան կը տրուի Պարգեւ Շիրինեանին` յատուկ պայմանագրութեամբ: Յաջորդ տարին Կեդրոնական վարչութիւնը դարձեալ ինք կը ստանձնէ յանձանձումը:

1960-ի մարտին, Ճեմարանի թիւ 3 շէնքին կառուցումը ամբողջացած ըլլալով, կը մշակուի ներքնայարկը տպագրական գործին յատկացնելու ծրագիր: Նիւթական միջոցներու անբաւարարութեան պատճառով, կը մտածուի Պէյրութի տպարաններէն մէկուն հետ գործակցաբար ընկերովի հաստատել եւ շահագործել տպարանը: Բանակցութիւնները կ՛երկարին` առանց դրական ելքի մը յանգելու:

1965-ի օգոստոսին Վահէ Սէթեան, անդամ Կեդրոնական վարչութեան եւ անկէ բխած տպարանային եւ հրատարակչական իրերայաջորդ յանձնախումբերու, յանձն կ՛առնէ հարկ համարուած 150.000 լիբ. ոսկիի ներդրումը կատարել` արդիական սարքաւորումներով օժտելու համար տպարանը եւ իրագործել տարիներէ ի վեր փայփայուած ծրագիրը: Գլխաւոր պայմանը այն էր, որ նուիրատուն 5 տարի անձնական նախաձեռնութեամբ պիտի վարէր տպարանը, կազմակերպէր գործը` յառաջացնելով անհրաժեշտ անձնակազմ եւ ընդլայնելով տպարանային սարքաւորումները, որուն աւարտին իբրեւ նուէր տպարանը պիտի փոխանցուէր Կեդրոնական վարչութեան:

Հարկ է արձանագրել, որ այս ամբողջ ժամանակահատուածին Համազգայինի հրատարակչականը կը գործէր արդիւնաւոր կերպով` տարբեր տպարաններէ լոյս ընծայելով դասագիրքեր, գրական, պատմական եւ յեղափոխական երկեր:

Ահաւասիկ, 26 օգոստոս 1965-ին տեղի ունեցած ժողովին որոշումը կը գործադրուի իր ամբողջական հարազատութեամբ: Կեդրոնական վարչութիւնը, առ ի երախտագիտութիւն Վահէ Սէթեանին, կ՛որոշէ տպարանը անուանել անոր անունով:

1965-ին Երուանդ Մոնոֆարեան կը նշանակուի Համազգայինի հրատարակչատան տնօրէն եւ հրատարակչական ու գրատարածման գործը կը վարէ մինչեւ 1998 թուական:

1975-ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բռնկումով եւ Պէյրութ մայրաքաղաքի բաժանումով` արեւելեան եւ արեւմտեան կողմերու, տպարանը հետզհետէ կը դիմակալէ մեծ դժուարութիւններ: Ի վերջոյ 1988-89 թուականներուն անհրաժեշտ կը դառնայ տպարանին փոխադրութիւնը Պուրճ Համուտի «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր նաեւ կը տեղափոխուի մինչ այդ Պուրճ Համուտի մէկ թաղամասին մէջ գործող գրախանութը:

1998-ին կեդրոնական վարչութեան որոշումով Համազգայինի «Վահէ Սէթեան»  տպարան-հրատարակչատան եւ գրատարածման կառոյցի տնօրէնութեան պաշտօնին կը կոչուի օրին Կեդրոնական վարչութեան գործավար Յակոբ Հաւաթեան: Կեդրոնական վարչութեան կողմէ յառաջացած խնամակալ մարմին մը կը հսկէ կառոյցի ընդհանուր գործունէութեան եւ տնօրէնութեան կողքին մասնակից կը դառնայ նոր ծրագիրներու մշակման ու գործադրութեան:

Իր հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր Համազգայինի հրատարակչական քաղաքականութեան մաս կազմած է դասագրքերու պատրաստութեան աշխատանքը: Այս բնագաւառին մէջ իրենց ներդրումը ունեցած են Լեւոն Շանթ, Մուշեղ Իշխան, Բենիամին Թաշեան, Արմէն Մարաշլեան, Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան, Յարութիւն Քիւրքճեան եւ ուրիշներ: Մանկապատանեկան գրականութիւնը միշտ ալ հանդիսացած է այս հաստատութեան հիմնական առաքելութիւններէն մէկը: Համազգայինի հրատարակչատունէն լոյս տեսած ու գրական երկերով արեւմտահայ գրադարանը հարստացուցած են Շանթը, Աղբալեանը, Մ. Իշխանը, Գառնիկ Բանեանը, Պօղոս Սնապեանը, Յակոբ Պալեանը, Շահանդուխտը եւ այլ մտաւորականներ: Համազգայինի հրատարակչատան մէջ իրագործուած է ու կը շարունակէ իրագործուիլ տպագրութիւնը «Նիւթեր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Պատմութեան համար» հատորներուն եւ ՀՅԴ Բիւրոյի այլ հրատարակութիւններուն, որոնք արգասիքն են խմբագիրներ Հրաչ Տասնապետեանի եւ  Երուանդ Փամպուքեանի ճիգին եւ մանրակրկիտ հետազօտութեանց: Համազգայինի հրատարակչատան յեղափոխական- գաղափարական գրականութեան հրատարակութիւններուն մէջ մեծ է վաստակը  Սիմոն Վրացեանի, Կարօ Սասունիի, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի, Կարօ Յովհաննէսեանի եւ այլ բազմաթիւ մտաւորականներու: Տասնամեակներ շարունակ Համազգայինի հրատարակչատան մէջ իրագործուած է տպագրութիւնը  ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի եւ «Ազդակ շաբաթօրեակ-Դրօշակի»ի. այստեղ իրենց վաւերական ներդրումը ունին խմբագիրներ Սարգիս Զէյթլեան,  Բաբգէն Փափազեան, Նազարէթ Պէրպէրեան եւ Վազգէն Էթիեմեզեան: Բագին գրական հանդէսի, «Ազդակ» օրաթերթի բացառիկներու եւ յաւելուածներու, ՀՄԸՄ-ի պաշտօնաթերթ «Մարզիկ»ի, Համազգայինի միաւորներու եւ Հայ Օգնութեան Միութեան հրատարակութիւններու, դաշնակցական երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան պարբերաթերթերու, ինչպէս նաեւ յարանուանական, դպրոցական եւ միութենական այլազան հրատարակութիւններու իրագործումը Համազգայինի տպարանին մէջ կը շարունակէ այս հաստատութեան տալ իւրայատուկ դիմագիծ:

2000 թուականին Համազգայինի գրախանութի տարածքը կ՛ընդարձակուի եւ կ՛օժտուի աւելի լայն յարմարութիւններով:

2003-ին, յետ խորհրդակցութեանց, կը գնուին Ֆրանսայի «Իմփրիմար» տպարանին բոլոր կազմածները եւ այս ձեւով տպարանը կ՛օժտուի աւելի լայն հնարաւորութիւններով: Տպարանին տարածքը եւ մնացեալ կազմածները նաեւ կ՛ենթարկուին արմատական նորոգութեանց:

2010-ին տպարանը կ՛օժտուի տպագրական եւ այլ արդիական նոր կազմածներով` արդի ժամանակներու պահանջներու գոհացում տալու յստակ առաջադրանքով: Այսօրուան դրութեամբ, հաստատութիւնը Համազգայինի հրատարակչական քաղաքականութիւնը կիրարկելու կողքին, կը ծաւալէ նաեւ առեւտրական գործունէութիւն, որ կը նպաստէ հրատարակչական կարգ մը ծրագիրներու ֆինանսաւորման:

2009-ին Համազգայինի հրատարակչական, տպարանային, գրատարածման եւ գրախանութի կառոյցներուն կողքին, կը հաստատուի նաեւ Համազգայինի արուեստի գործերու ցուցասրահը` բարերարութեամբ տէր եւ տիկ Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեաններուն: Կեդրոնական վարչութեան որոշումով ցուցասրահը կ՛անուանուի արուեստագէտուհի Լիւսի Թիւթիւնճեանի անունով:

2010 նոյեմբերին կ՛ամբողջանայ նաեւ նոր ու արդիական գրախանութի կառուցումը եւ կը կատարուի պաշտօնական բացումը: Գրախանութի շինութեան բարերարութիւնը կը ստանձնեն տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններ:

Համազգայինի հրատարակչական, տպարանային, գրատարածման, գրախանութի եւ արուեստի գործերու ցուցասրահի կառոյցներու գործունէութեանց աշխատանքներուն, տնօրէնութեան եւ անձնակազմի կողքին, այսօր իրենց շնորհակալ աշխատանքը կը կատարեն ու ընդհանուր գործին կը սատարեն նաեւ հրատարակչական մարմինը, տպարանի խնամակալութիւնը, մանկապատանեկան հրատարակութիւններու յանձնախումբը եւ ցուցասրահի վարչութիւնը:

Գրատարածի գործը այսօր ունի ընդգրկուն տարողութիւն: Գործակցութիւն հաստատուած է արտասահմանեան շօշափելի թիւով կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններու, գրատարածման կեդրոններու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հրատարակչատուներու հետ: Ցուցահանդէսներ, գիրքերու շրջուն վաճառքներ կը մնան գրատարածի մնայուն գործադաշտի կեդրոնը` միշտ հիմնական առաջադրանք ունենալով հայ գիրքը հասցնել հայ ընթերցողին: Հաստատութիւնը օժտուած է երկու կայքէջերով` գրատարածի եւ ցուցասրահի:

Հրատարակչական մարզին մէջ, հակառակ առկայ դժուարութիւներուն, ընթերցանութեան նահանջին ու հայ գիրի ու գրականութեան հանդէպ գոյութիւն ունեցող անտարբերութեան, հրատարակչական մարմինը եւ տնօրէնութիւնը յանձնառու կը մնան ընդլայնելու հրատարակչական գործադաշտը` ի խնդիր հայեցի սերունդներու կազմաւորման: Այստեղ հարկ է արձանագրել, որ հրատարակչական գործի զարգացման մէջ մեծ է դերը Սէթեան ընտանիքին, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամին եւ մեծ թիւով բարերարներու, որոնք նեցուկ կը հանդիսանան Համազգայինի հրատարակչական ծրագիրներու իրականացման:

Յարգանք`  80 տարուան այս երթին մէջ իրենց քրտինքը թափած հայ գիրի ու գրականութեան բոլոր նուիրեալներուն, որոնք այսօր արդէն առյաւէտ բաժնուած են մեզմէ: Վարձքը կատար երէկ, այսօր եւ նաեւ վաղը այս գործին նեցուկ հանդիսացող ու Համազգայինի առաքելութեան հաւատացող վարչական եւ հրատարակչական պարտականութիւն, ինչպէս նաեւ բարերարութիւն ու մեկենասութիւն ստանձնած բոլոր անհատներուն:

Share this Article
CATEGORIES