ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Զմմառու պատրիարքական միաբանութեան 2011-ի ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ 24-էն 28 հոկտեմբերին` նախագահութեամբ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ի` կաթողիկոս պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց եւ ընդհանուր մեծաւոր Զմմառու պատրիարքական միաբանութեան, մասնակցութեամբ 28 միաբան արքեպիսկոպոս, եպիսկոպոս եւ վարդապետ  հայրերու:

Միաբանութեան ընդհանուր ժողովը սկսաւ երկօրեայ հոգեւոր կրթութեամբ: Ապա միաբան հայրերը ունկնդրեցին նախորդ վարչութեան տեղեկագիրները, ինչպէս նաեւ քննարկեցին միաբանութիւնը յուզող հարցերը: Այնուհետեւ ընդհանուր ժողովը իբրեւ պատրիարքական փոխանորդ ընտրեց հայր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեանը:

Նորընտիր պատրիարքական փոխանորդը, ծնեալ` Պէյրութ, 26 սեպտեմբեր 1974-ին, իր ուսումը ստացած է Զմմառու մէջ, ապա անցած է Հռոմ, ուր շարունակած է իր ուսումը Յիսուսեաններու Գրիգորեան համալսարանին մէջ` մասնագիտանալով եկեղեցական եւ աշխարհիկ կանոնագիտութեան մէջ: Ան նաեւ ստացած է դոկտոր տիտղոսը, հրատարակելով իր աւարտաճառը Լատերանեան համալսարանին մէջ` իբրեւ նիւթ ունենալով «Վանականութիւնը հայ եկեղեցւոյ մէջ. ծագումը եւ աղբիւրներ»: Ան նախագահն է հայ կաթողիկէ պատրիարքական կանոնական յանձնախումբին:

Միաբանական ընդհանուր Ժողովը ընտրեց նաեւ 4 վարչականներ, որոնք իրենց առաջին վարչական ժողովին ստանձնեցին հետեւեալ պաշտօնները` գերյ. հայր Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեանը` իբրեւ Ա. վարչական եւ վանքի փոխ մեծաւոր, հայր Բարսեղ վրդ Պաղտասարեան` իբրեւ վանքի ընդհանուր մատակարար եւ նոր ընծայարանի տեսուչ, հայր Եղիա վրդ. Դերձակեան` իբրեւ վանքի տնտես եւ հայր Մովսէս վրդ. Տօնանեան` իբրեւ միաբանութեան ընդհանուր քարտուղար, մատենադարանապետ, թանգարանապետ եւ լուսարար:

Ուրբաթ, 28 հոկտեմբերի երեկոյեան, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը հովուական գաւազան, մատանի, լանջախաչ եւ եպիսկոպոսական թագ շնորհեց հայր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեանին` թագադիր ծայրագոյն վարդապետի տիտղոսով:

Միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ վանքի մեծաւոր` գերպծ. հայր Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան, մասնակցութեամբ միաբանութեան նոր վարչութեան անդամներուն, հանդիսաւոր սուրբ պատարագ պիտի մատուցէ Զմմառու վանքին եկեղեցւոյ մէջ կիրակի, 6 նոյեմբեր 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, որմէ ետք պատրիարքական փոխանորդը եւ վարչական հայրերը պիտի ընդունին շնորհաւորանքները վանքի դահլիճին մէջ:

ԴԻՒԱՆ ԶՄՄԱՌՈՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ
ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ

Զմմառ, 29 հոկտեմբեր 2011

 

Share this Article
CATEGORIES