ԿԻՊՐՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ԿԻՊՐՈՍ – ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԱԶԻ ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ

Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս

Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեսի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք Թուրքիան հրաւիրեց բնական կազի Իսրայէլի եւ Կիպրոսի միացեալ ծրագիրին մասնակցելու` ընդգծելով, որ կ՛ուզէ «հաշտութեան եւ խաղաղութեան պատգամ մը փոխանցել Թուրքիոյ»:

Խրիսթոֆիաս ըսաւ, որ «Թուրքիա պէտք է միայն միջազգային օրէնքի վճիռներուն համաձայն գործէ»:

Share this Article
CATEGORIES