ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՅԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի` անդրադառնալով Սուրիոյ նկատմամբ արաբական նախաձեռնութեան յաջողութեան` շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգները կը պնդեն իրենց այն կեցուածքին վրայ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իր օրինականութիւնը կորսնցուցած է եւ պէտք է իշխանութենէն հեռանայ: Ան միեւնոյն ժամանակ նշեց, որ իր երկիրը կը զօրակցի իր ժողովուրդին դէմ բռնարարքները դադրեցնելու առնչութեամբ Ասատի վարչակարգը համոզելու միջազգային բոլոր ջանքերուն:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Սուրիոյ կողմէ արաբական նախաձեռնութեան դրական ընկալումը «իմաստուն եւ լաւ որոշում» մը նկատեց` նշելով, որ «միասնաբար պիտի գործենք տագնապի լուծման եւ արտաքին միջամտութիւնը արգիլելու համար»:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ ստանձնած յանձնառութեան գործադրութեան համար երաշխիքներու գոյութեան, իշխան Ֆայսալ ըսաւ, որ «միասնաբար պիտի աշխատինք, եւ երկխօսութիւնը նախարարական յանձնախումբի աշխատանքին ճամբով կը շարունակուի: Որոշուեցաւ նիստը բաց պահել իրագործուած քայլերը քննարկելու համար, եւ այդ բոլորը ի շահ Սուրիոյ, սուրիացի ժողովուրդին, անոր միասնականութեան ու կայունութեան պահպանման, արիւնահեղութեան կանխարգիլման եւ կացութեան մագլցումի առաջնորդող որեւէ հարց կանխարգիլելու համար»:

Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզօղլու «Շարք Աուսաթ»ին յայտնեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ վերաբերեալ «սուրիացի քաղաքայինները պաշտպանելու եւ ուժի կիրարկումը արգիլելու համար միջոցառումներ պիտի որդեգրէ», սակայն մերժեց յաւելեալ մանրամասնութիւններ յայտնել` միաժամանակ նշելով, որ «Թուրքիոյ վարչապետը թրքական կառավարութեան անունով պիտի յայտարարէ այդ միջոցառումները»:

«Եթէ արաբական նոր նախաձեռնութիւնը սուրիացի ժողովուրդին պահանջները կը գոհացնէ եւ յաւելեալ արիւնահեղութեան բացառումը կ՛երաշխաւորէ` ինչո՛ւ ոչ», ըսաւ ան:

Սուրիական ընդդիմադիր աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ»ին յայտնեցին, որ «Անգարա սուրիական ընդդիմութեան խոստացաւ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան (Անտիոքի մէջ սուրիական գաղթակայան) իր այցելութեան ընթացքին պիտի յայտարարէ չորս քայլեր, որոնք են` սուրիական վարչակարգին հետ բոլոր յարաբերութիւնները խզել եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակազմին դէմ տնտեսական համապարփակ եւ ամբողջական պոյքոթին միանալ»:

Ֆրանսա ողջունեց Սուրիոյ տագնապի լուծման Արաբական լիկայի ծրագիրը եւ զայն անմիջապէս ու ամբողջական կերպով գործադրելու կարեւորութիւնը շեշտեց: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պեռնար Վալերօ յայտնեց, որ «Ֆրանսա պիտի հետեւի սուրիական կառավարութեան կողմէ ծրագիրին գործադրութեան եւ կ՛ողջունէ մասնաւորաբար աշխատանքային ծրագիրը, որ կը պահանջէ ճնշումը դադրեցնել, բանտարկեալները ազատ արձակել, բանակը զօրանոցները վերադարձնել, մամլոյ ազատութիւնը յարգել եւ Սուրիոյ միջազգային լրատուամիջոցներուն ազատ շրջագայութիւնը ապահովել»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին ողջունեց Արաբական լիկային եւ Սուրիոյ միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը: «Ռուսիա Եոմ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտնած է, որ Ռուսիա «վստահ է, որ Գահիրէի մէջ որդեգրուած կարեւոր որոշումները իսկական կարելիութիւն կ՛ընծայեն բռնարարքները դադրեցնելու եւ Սուրիոյ մէջ դէպքերը դէպի խաղաղ բանակցութիւններ ուղղելու, որպէսզի սուրիացիները իրենք իրենց ներքին հարցերը լուծեն` առանց արտաքին որեւէ միջամտութեան»:

 

Share this Article
CATEGORIES