ՓԱՓԱՆՏՐԷՈՒ ՀԱՄԱԽՈՀԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄԷ

Կէորկիոս Փափանտրէու

«Պի.Պի.Սի.» երէկ հաղորդեց, որ Յունաստանի վարչապետ Կէորկիոս Փափանտրէու մտադիր է իր հրաժարականը յայտարարել եւ երկրի նախագահին առաջարկել ձեւաւորել համախոհական կառավարութիւն` գլխաւորութեամբ Յունաստանի Կեդրոնական դրամատան նախկին կառավարիչ Լուքաս Փափատեմոսի, սակայն Փափանտրէու նախարարաց խորհուրդի արտակարգ նիստի մը ընթացքին յայտարարեց, որ ինք որոշած է մնալ իր պաշտօնին վրայ:

«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով իր աղբիւրները, կը հաղորդէ, որ Յունաստանի վարչապետը հրաժարած է Եւրոպական Միութեան առաջարկած հակաճգնաժամային թղթածրարին շուրջ հանրաքուէ կատարելու գաղափարէն: Յունաստանի կառավարութիւնը փլուզման եզրին յայտնուեցաւ, երբ քանի մը նախարարներ յայտարարեցին, որ իրենք դէմ են Եւրոպական Միութեան առաջարկած հակաճգնաժամային թղթածրարը ընդունիլ-չընդունելու հարցը հանրաքուէի ներկայացնելու վարչապետին ծրագիրին: Հարցախոյզները ցոյց կու տան, որ յոյներուն մեծ մասը դէմ պիտի քուէարկէր այդ ծրագիրին:

Թէեւ Փափանտրէու ըսաւ, որ չի հեռանար, սակայն համաձայն գտնուեցաւ ստեղծելու համախոհական կառավարութիւն մը, որ ընդդիմութեան պահանջն է: Վարչապետը յոյս ունի գոնէ այդ ձեւով փրկելու Եւրոպական Միութեան առաջարկած օգնութեան թղթածրարը:

Եւրոպական Միութեան հակաճգնաժամային ծրագիրով կը նախատեսուի պարտքերու մէջ խրուած Յունաստանին տրամադրել 130 միլիառ եւրօ եւ անոր պարտքերուն 50 առ հարիւրը չեղեալ նկատել, փոխարէնը Յունաստան պէտք է ձեռնարկէ ծախսերու կրճատման շարք մը խիստ միջոցառումներու, որոնց դէմ է Յունաստանի ժողովուրդը:

 

Share this Article
CATEGORIES