«ԻՐԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԷՄ ՊԱՏԵՐԱԶՄԵԼՈՒ» Կ՛ԸՍԷ ԱԼԻ ԱՔՊԱՐ ՍԱԼԵՀԻ
«Քըրսըր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի` մեկնաբանելով լրատուամիջոցներուն մէջ շրջանառուող այն տեղեկութիւնը, թէ Իսրայէլ կը պատրաստուի Իրանի հիւլէական կայանը հարուածելու, յայտարարած է, թէ Իրան պատրաստ է Իսրայէլի դէմ պատերազմելու:
«Իսրայէլ անընդհատ կը սպառնայ Իրանի, ատոր մէջ որեւէ նոր բան չկայ», ըսած է Սալեհի` զգուշացնելով, որ Իրան պատրաստ է յարձակումի որեւէ փորձի ամէնէն կոշտ ձեւով արձագանգելու:
«Մենք ինքնավստահ ենք եւ պատրաստ ենք պաշտպանելու մեր երկիրը», ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:
CATEGORIES Միջազգային


