ՌՈՒՍԻԱ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ` ՄԱԿ-Ի ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտարարած է, որ Ռուսիա կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ոչ մնայուն անդամակցութիւնը:

«ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամակցութեան Ազրպէյճանին բերելիք շահերը կախեալ է այդ կազմակերպութեան մէջ անոր գործունէութենէն: Ռուսիա` իբրեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամ, պատրաստ է իր փորձառութիւնը փոխանցելու Ազրպէյճանին», ըսած է Լուքաշեւիչ:

 

Share this Article
CATEGORIES