ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ ԻՐԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՀԵՏ ԳՈՐԾԱԿՑԻԼ ՓՈՐՁՈՂՆԵՐԸ
Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը հաւանութիւն տուած է Իրանի դէմ աւելի խիստ պատժամիջոցներ կիրարկելու գաղափարին:
Արեւմտեան լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ նոր պատժամիջոցները պիտի կիրարկուին հիմնականին մէջ Իրանի Կեդրոնական դրամատան դէմ: Ասիկա Միացեալ Նահանգներու պատասխանն է Իրանի իշխանութիւններուն` Ուաշինկթընի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ատել Ժապերի դէմ մահափորձ ծրագրելուն համար:
Նոր պատժամիջոցները պիտի փակեն ամերիկեան տնտեսութիւն մուտքը բոլոր այն ելեւմտական հիմնարկներուն, որոնք Իրանի Կեդրոնական դրամատան հետ գործնական յարաբերութիւններ ունին:
Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ Հաուըրտ Պըրմըն յայտնած է, որ «կը կարծեմ, որ Իրանի Կեդրոնական դրամատունը ոչ միայն ահաբեկչութեան կ՛աջակցի, այլ նաեւ կը ֆինանսաւորէ հիւլէական ծրագիրը եւ կ՛աջակցի Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու մարմինին»:

