ԻՍՐԱՅԷԼ ԵՒՍ ԴԱԴՐԵՑՈՒՑ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՈՒՄԸ

Իսրայէլի կառավարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Պաղեստինի` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անդամակցութեան պատճառով կը դադրեցնէ կազմակերպութեան ֆինանսաւորումը:

31 հոկտեմբերին Պաղեստին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի լիիրաւ անդամ դարձաւ:

ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ըսած է, որ համապատասխան որոշումը ինք անձամբ տուած է:

Նախապէս կազմակերպութեան ֆինանսաւորումը դադրեցուցած էին նաեւ Միացեալ Նահանգներն ու Քանատան: Ըստ անոնց, կազմակերպութիւնը իրաւունք չունէր Պաղեստինի անկախութիւնը ճանչնալու: Անոնք կը պնդեն, որ անկախ Պաղեստինի պետութիւն կրնայ ստեղծուիլ միայն իսրայէլացիներու եւ պաղեստինցիներու միջեւ բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք: Իսկ պաղեստինցիները յայտարարած են, որ բանակցութիւններու սեղան պիտի չվերադառնան, այնքան ատեն որ Իսրայէլ կը շարունակէ պաղեստինեան տարածքներուն մէջ հրէական բնակավայրեր կառուցել:

 

Share this Article
CATEGORIES