«ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳԱՐՈՒՆԸ ԹՈՒՐՔ-ԻՐԱՆԵԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՓՃԱՑՈՒՑ» ԿԸ ԳՐԷ «ՔՐԻՇՉԸՆ ՍԱՅԸՆՍ ՄՈՆԻԹԸՐ»
Ամերիկեան «Քրիշչըն Սայընս Մոնիթըր» օրաթերթը կը գրէ, որ «Արաբական գարուն»ը Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները վատթարացուց:
«Արաբական երկիրներուն մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութիւններու առնչութեամբ Իրանի եւ Թուրքիոյ ցուցաբերած մօտեցումները այդ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններու վատթարացման պատճառ դարձան: Բացի ատկէ, Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ բարեկամութիւնը վերածուեցաւ մրցակցութեան», կը գրէ օրաթերթը` ընդգծելով, որ ներկայիս Թուրքիա յաղթողի, իսկ Իրանը պարտուողի դերին մէջ է:
«Հակառակ այն բանին, որ Թուրքիա ամբողջ այդ ընթացքին իր ազդեցութիւնը կը մեծցնէր, Իրանը բարկանալէ բացի ոչինչ կ՛ընէր: Այդ հոլովոյթին մէջ Թուրքիան յաղթող, իսկ Իրանը պարտուող կողմն է», կը նշէ ամերիկեան օրաթերթը:
CATEGORIES Միջազգային

