«ՍԵՄԵՐ» ՀԱՏՈՐԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ` ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԳՐԻԳՈՐ ՊԸԼՏԵԱՆԻ ՀԵՏ

Հանդիպման ներկաները

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ «Ազդակ»ի միացեալ գործակցութեամբ, երէկ` հինգշաբթի, 3 նոյեմբեր 2011-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում Գրիգոր Պըլտեանի հետ` անոր «Սեմեր» հատորի ֆրանսերէնի թարգմանութեան առիթով:

Բացման խօսքը արտասանեց Սարգիս Կիրակոսեան, որ Գ. Պըլտեանը բնութագրեց իբրեւ բանաստեղծ մը, որուն բնագիրը, իր մտածողական եւ նոյնիսկ իմաստասիրական շեշտուած երանգներով` կը պարտադրէ կեդրոնացեալ ընթերցում. ան դասական բանաստեղծութենէն հիմնովին հեռու ըլլալով` կը պահանջէ ընթերցողէն հոգեբանական եւ իմաստասիրական ընթերցում, չըսելու համար վերլուծում, դիտել տուաւ ան: Ս. Կիրակոսեան նշեց, որ փիլիսոփայութեան եւ գրականութեան զուգորդումը նաեւ զգալի է Պըլտեանի արձակին վրայ, որ նոյնպէս հասցէագրուած է ընտրեալ ընթերցողներու սեղմ շրջանակի մը: «Հայկական դասականի եւ ֆրանսական արդիականի ծնունդ հոգեբանական-իմաստասիրական վէպ մը, բարդ ու բազմաշերտ, ամբողջականօրէն նոր եւ ինքնատիպ, որքան իր «Մանտրանիշ»ը, «Տրամ»ը կամ «Մարտ»ը», ըսաւ Կիրակոսեան: Անոր համաձայն, Պըլտեանի համար գիրը վտանգաւոր ուղեւորութեան որոգայթներու վնասազերծում է եւ գրականութեան վերանորոգման յարատեւ աշխատանք ու ծրագիր` միշտ նոր ու բարդ:

Իր խօսքը եզրափակելով` Ս. Կիրակոսեան նշեց, որ «Սեմեր»ու հեղինակին գրութիւնը բազմադէմ եւ բազմամակարդակ իր նկարագիրով ամբողջութիւն մը կը դառնայ` կեանքին տեսադաշտէն իմաստասիրութեան անհունին բացուող, իբրեւ իր ժամանակի եւ վայրի հոգեբանական վիճակներով տրուած իմացական որոնում եւ յայտնագործում:

Սարգիս Կիրակոսեան

Գրիգոր Պըլտեան

Ապա խօսք առաւ Գրիգոր Պըլտեան, որ անդրադարձաւ «Սեմեր»ու ծննդոցին, անոր նախորդած «երկունք»ին, նման գործի մը թարգմանութեան դիմաց ցցուող դժուարութիւններուն եւ զայն թարգմանելու կարեւորութեան: Ան նշեց, որ այս գիրքը վերադարձ մըն է դէպի հոն, ուր ամբարուած է իրականութիւնը, ուրկէ գրականութիւնը կը սնանի: Անոր համաձայն, յատկանշական է այն թաղը, ուր ապրած է, ուրկէ կ՛երեւին ծովածոցն ու լեռները, հոն կան միտքերն ու զգացումները:

Գ. Պըլտեան դիտել տուաւ, որ իր գիրքերու շարքը կը կրէ «Գիշերադարձ» անունը` նշելով, որ իր գրականութիւնը կը վերաբերի ապրուող կեանքերու, գոյութիւն ունեցող կամ ունեցած անձերու, վայրերու, ժամանակներու:

Խօսելով «Սեմեր»ու «երկունք»ին մասին` հեղինակը յայտնեց, որ նախ կը սկսի նօթագրելու, պրպտելու, հետազօտելու, տուեալներ փնտռելու ու զանոնք թուղթին մէկ ծայրը գրելու աշխատանքով, ապա կու գայ այս բոլորը թուղթին վրայ թափելու եւ տողերու մէջ տեղադրելու հանգրուանը: Անոր համաձայն, թէեւ ինք կ՛ուզէ գրել գործ մը, որ խրած է իրականութեան մէջ, ունի տեղ, ժամանակ, դէմք ու դէպք, բայց միեւնոյն ատեն այդ բոլորը պէտք չէ սահմանափակուին նեղ պատերու ու շրջագիծերու մէջ, այլ պէտք է հետաքրքրութիւն յառաջացնեն եւ մատչելի ու ընկալելի ըլլան բոլորին կողմէ:

Ապա Գրիգոր Պըլտեան աւելի մանրամասն կերպով խօսեցաւ «Սեմեր»ու երեք հիմնական հերոսուհիներուն մասին, որոնք թէեւ տարբեր միջավայրէ կու գան, մեծ տարբերութիւններ ունին, բայց եւ այնպէս ունին հասարակաց գիծեր, նմանութիւններ: Ան բացատրեց այն կացութիւնները, որոնց մէջ ուզած է անմահացնել իր հերոսները, օրինակ` իրենց հետ անցեալի մասին զրուցելու ընթացքին: Ապա գիրքէն ընթերցումներ կատարուեցան հայերէնով եւ ֆրանսերէնով:

Շարունակելով իր խօսքը` Գ. Պըլտեան անդրադարձաւ ֆրանսերէն թարգմանութեան, զոր կատարած է Սոնիա Պեքմեզեան: Ան խօսեցաւ թարգմանութեան ընթացքին ծագած հարցերուն եւ վէպը իր հարազատութեամբ ներկայացնելով հանդերձ` մատչելի դարձնելու նպատակով ի գործ դրուած ջանքերուն մասին:

Ապա ան նշեց, որ խօսակցական լեզուին եւս պէտք է տեղ տալ գրականութեան մէջ, որպէսզի անիկա աւելի կենդանի ու բնական ըլլայ:

Share this Article
CATEGORIES