«ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՊԱԿԱՌՈՒՑՈՂԱԿԱՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ մեկնաբանեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի այն յայտարարութիւնը, որ երկրաշարժէն ետք Հայաստանի կողմէ ցուցաբերուած օգնութիւնը չի կրնար ազդել Հայաստան – Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման վրայ:
Ըստ նախարարին, այս յայտարարութիւնը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ թրքական կողմը կը շարունակէ այն ապակառուցողական դիրքորոշումը, զոր դրսեւորած է Ցիւրիխէն ետք եւ կը շարունակէ դրսեւորել զայն:
Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր Գագիկ Մինասեան հարց տուաւ, թէ ի՞նչ է Միացեալ Նահանգներու լաւատեսութեան պատճառը, եթէ թրքական դիրքորոշումը փոփոխութիւն չի կրեր: Էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ միշտ պէտք է լաւատես ըլլալ դիւանագիտութեան մէջ: «Հակառակ թրքական կողմի ապակառուցողական մօտեցումներուն, մենք ալ յոյս կը յայտնենք, որ պէտք է յարաբերութիւնները կարգաւորել եւ այդ ուղղութեամբ ջանքերը շարունակել», ըսաւ ան:
Պատասխանելով Ժառանգութիւն կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Ստեփան Սաֆարեանի մէկ հարցումին, նախարար Նալբանդեան նշեց, որ ՄԱԿևի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ժամանակաւոր անդամութեան կարգավիճակով Ազրպէյճանի ներկայութեան այդքան շատ ուշադրութիւն հրաւիրելու եւ ատիկա կարեւոր նկատելու կարիքը չկայ:
«Շատ են զգացմունքային յայտարարութիւնները, որոնք հիմնուած են Ազրպէյճանի քարոզչութեան վրայ, թէ` տեսէ՛ք, Ազրպէյճանը ինչի՛ հասաւ եւ կրնայ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը տեղափոխել Ապահովութեան խորհուրդ եւ այլն: Սակայն չեմ կարծեր, որ իրականութեան մէջ այդ անդամակցութեան պէտք է այդքան արձագանգ տայինք», յայտարարեց նախարարը:
Ան նշեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները բազմիցս յայտարարած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պէտք է լուծուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ եւ պէտք չէ այլ բեմեր տեղափոխուի:
Նախարարը նշեց, որ Հայաստանը պիտի շարունակէ հաւասարակշռուած եւ հանգիստ քաղաքականութիւն վարել թէ՛ այս, թէ՛ շրջանային այլ հարցերու մէջ: «Ազրպէյճանը, դառնալով ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ, թերեւս աւելի լուրջ եւ աւելի կառուցողական մօտեցումներ ցուցաբերէ, տեսնենք: Սակայն կասկածելի է: Արդեօք Ազրպէյճանը ետ պիտի կանգնի՞ պատերազմ հրահրելու կոչերէն, ռազմատենչ յայտարարութիւններէն եւ ցեղապաշտական յայտարարութիւններէն: Խիստ կասկածելի է», ըսաւ Նալբանդեան:


