ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՊԱՐԶԱԲԱՆՈՒՄ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԳԾՈՎ
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան երէկ խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ մարդիկ կարեւորագոյն պաշտօններէն կը հրաժարին ու կը տեղափոխուին այլ պաշտօնի մը եւ բացարձակապէս բացատրութիւն չի տրուիր, հակառակ անոր որ ասիկա պարտադիր պահանջ է: Ան նշեց, որ այս մօտեցումը անյարիր է որեւէ քաղաքակիրթ երկրի:
Ան յայտարարեց, որ իշխանութիւնը պէտք է յստակ պարզաբանումներ ներկայացնէ, որ Երեւանի քաղաքապետը եւ ոստիկանապետը ինչո՛ւ հրաժարական տուին: Արմէն Ռուստամեանին չի բաւարարեր այն պատճառաբանութիւնները, թէ անոնք հրաժարական տուած են աւելի լաւ գործի անցնելու համար:
«Քաղաքապետը լաւ գործ չէ՞, ոստիկանապետը լաւ գործ չէ՞», հարց տուաւ Արմէն Ռուստամեան:
Ռուստամեան միայն համոզուած է Յովիկ Աբրահամեանի հրաժարականին պատճառով, քանի որ ան անկեղծօրէն խոստովանած է, որ իր հրաժարականը պայմանաւորուած է ընտրական հոլովոյթներով: Ըստ Ռուստամեանի, պարզ է, որ քուլիսներուն ետին լուրջ հոլովոյթներ կան, որոնց մասին պարզապէս անյարմար է խօսիլ:


