ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ հերթաբար ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան զինուորական կցորդ Ռաֆել Քորմաչովը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն առեւանգումը կազմակերպած ու գործադրած յանցագործ Ուաէլ Ապպասի հարցաքննութիւնը տակաւին կը շարունակուի ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի երէկ կէսօրին մեկնեցաւ Պոլիս:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա պատրաստակամութիւն յայտնեց մասնակցելու Ազգային երկխօսութեան նիստին` շեշտելով, որ Հըզպալլայի ապազինումը պիտի ըլլայ առաջնահերթութիւն:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ կուսակցութեան ղեկավարութենէն հրաժարելու իր որոշումը վերջնական է` նշելով, որ ասիկա վերջին տարին է, որ ինք կը ղեկավարէ կուսակցութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Թուֆիք յայտնեց, որ Պէյրութի եւ Գահիրէի միջեւ յարաբերութիւնները հեզասահ են: Ան նշեց, որ Գահիրէի եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութիւնը ընթացքի մէջ է:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ յատուկ Միջազգային դատական ատեանի բանբեր Մարթըն Եուսեֆ հաստատեց, որ դատական ատեանը ստացած է փաստաթուղթ մը, որ իսրայէլեան Մոսատը յանցագործ ու մեղսակից կը նկատէ` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան:

ԼԱՀԷՅԻ համաձայն, Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմարի առողջական վիճակը բաւական վատ է եւ ան Քանատայի մէջ բուժման կը հետեւի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն յայտնեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ շարք մը հարցեր, որոնց շարքին են պետականութեան մտայնութենէն ետ մնալու հարցը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ լիբանանցի ընտանիքներուն Իսրայէլէն Լիբանան վերադառնալու պայմանները ներկայիս ձեռնտու են:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Սելիմ Քարամ յայտնեց, որ Լիբանան տակաւին պատրաստ չէ համամասնական դրութեան հիման վրայ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս` կրթական մարզին մէջ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ընտրական օրէնքին նկատմամբ կառավարութեան մէջ տիրող տարակարծութիւնները համամասնական դրութեան չեն վերաբերիր, այլ` ընտրաշրջաններուն թիւերուն:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի վարչապետարան կատարած այցելութիւնը կը միտէր վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ քննարկել Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին թղթածրարը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES