ՄԱՐՈՆԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԳՈՐԾԵԼՈՒ Ի ԽՆԴԻՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇԱՀԵՐՈՒՆ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի դիմագրաւած հարցերն ու երկրին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ցաւ յայտնեց Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական երկփեղկումին համար եւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` կառչած մնալու Լիբանանի բարօրութեան եւ անոր գերագոյն շահերուն ապահովումին` զայն հեռու պահելով արտաքին որեւէ միջամտութենէ եւ զինք միջազգային ընտանիքին դէմ հակադրութեան մղելէ:
Խորհուրդը դատապարտեց ամէն երեւոյթ, որ կը սպառնայ լիբանանեան ազգային գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ դատապարտեց Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական ապակայունութիւնն ու արձանագրուող միջադէպերը:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ողջունեց Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներու պահանջներուն անսալու եւ զանոնք գոհացնելու քայլերը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց կառավարութեան` մշակելու տնտեսական այնպիսի ծրագիր մը, որ կ՛ապահովէ լիբանանցի քաղաքացիներուն բարօրութիւնը:
Խորհուրդը կարեւոր նկատեց Միջին Արեւելքի մակարդակին վրայ կրօնական վեհաժողովի մը գումարումը, որպէսզի ան կրօններու բնօրրանէն ուղղուած խաղաղութեան պատգամ մը ըլլայ ամբողջ աշխարհին համար:
Նշենք, որ խորհուրդին նիստին ընթացքին Ռայի պատրիարքը ներկայացուց Միացեալ Նահանգներ եւ Իրաք կատարած իր հովուապետական այցելութիւններուն արդիւնքները:

