«ՈՉ ՈՔ ԿՐՆԱՅ ԼՈՒՍԱՆՑՔԱՅՆԱՑՆԵԼ ԼԻԲԱՆԱՆԸ, ԵՒ ՊԷՏՔ Է ԳՈՐԾԱԿՑԻԼ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՆԱՁԵՒԵՐՈՒՆ ՀԵՏ» ԸՆԴԳԾԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ

Վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ մեկնեցաւ Մեծն Բրիտանիա, ուր յառաջիկայ շաբաթասկիզբին հանդիպում մը պիտի ունենայ բրիտանացի իր պաշտօնակիցին` Տէյվիտ Քամերոնի հետ:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի բրիտանական «Պի. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ոչ ոք կրնայ լուսանցքայնացնել Լիբանանը, որ հազարաւոր տարիներու պատմութիւն ունի եւ որ շրջանին մէջ աշխուժ ու կարեւոր դերակատարութեան տէր է:

Անդրադառնալով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին` Միքաթի յայտնեց, որ ինք յանձնառու է, որ այդ ատեանը շարունակէ իր աշխատանքը` բացայայտելու համար նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան ճշմարտութիւնը: Ակնարկելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կատարած յայտարարութիւններուն` վարչապետը նշեց, որ սէյիտ Նասրալլա Միջազգային դատական ատեանին գոյութիւնը կտրականապէս չմերժեց: «Անշուշտ Հըզպալլա իր վերապահութիւնները ունի Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ, սակայն ան այդ որոշումը վստահած է սահմանադրական հաստատութիւններուն, որպէսզի անոնք իրենց որոշումը տան ատեանին առումով», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ ինք անշեղ կը մնայ միջազգային բանաձեւերուն հետ գործակցելու իր կեցուածքէն: Ան նկատել տուաւ, որ այդ բանաձեւերը կ՛ընդգրկեն նաեւ թիւ 1757 բանաձեւը, որ կը վերաբերի Միջազգային դատական ատեանին հիմնումին ու ֆինանսաւորումին: «Կարելի չէ խտրութիւն դնել եւ յարգել միայն թիւ 1701 բանաձեւն ու անտեսել միջազգային այլ բանաձեւեր», աւելցուց ան:

Միքաթի շեշտեց, որ ինք նախանձախնդիր կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ յանձնառու է Լիբանանի անկախութեան, միասնականութեան եւ գերիշխանութեան ամրապնդման:

 

Share this Article
CATEGORIES