ԱՅՆ ԹԻՆԷԻ ՄԷՋ ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԴԵՍՊԱՆ ԱՊԱՏԻՆ

Խորհրդարանի նախագահը` դեսպան Ապատիի հետ հանդիպման ընթացքին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Ապատի յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկեց նաեւ անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրի թղթածրարին վերաբերող հարցեր:

Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ իր հանդիպումը դրական եղած է. ան աւելցուց, որ քննարկուած են Լիբանանի ազգային երկխօսութիւնը վերսկսելու հեռանկարները:

Նշենք, որ Պըրրի Ատհայի տօնին առիթով շնորհաւորական հեռագիրներ ստացաւ Քուէյթի խորհրդարանի նախագահ Ժասեմ Խուրաֆիէն, Յորդանանի խորհրդարանի նախագահ Թահեր Մասրիէն, Իրաքի նախկին վարչապետ Իյատ Ալլաուիէն եւ Արաբական խորհրդարանական համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար Նուրէտտին Պոշքոժէն:

 

Share this Article
CATEGORIES