ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՅԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ ՆՈՒԱՃՈՒՄԸ

Նախագահ Սլէյման եւ Քըրթպաուի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ողջունեց Արաբական լիկայի արձանագրած նուաճումը, որուն ծիրին մէջ ան կրցած էր Սուրիոյ իրադարձութիւններուն գծով յանգիլ որոշ համաձայնութեան:

Նախագահ Սլէյման նշեց, որ այս իրագործումը ցոյց կու տայ, թէ Արաբական լիկան իր ազդու դերակատարութիւնը վերահաստատած է, յատկապէս` միջարաբական հարցերու լուծման առումով: Ան կարեւոր նկատեց Արաբական լիկայի դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխարգիլել արտաքին որեւէ միջամտութիւն:

Նախագահ Սլէյման նշեց նաեւ, որ ինք հանգիստ կը զգայ 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկները առեւանգող բուն յանցագործին ձերբակալումով եւ կոչ ուղղեց դատական իշխանութիւններուն ու ապահովական կառոյցներուն, որ մղեն յանցագործը բացայայտելու առեւանգումի գործողութեան մաս կազմած ցանցին բոլոր անդամներուն ինքնութիւնը:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ խորհրդարանին նախանցեալ օր գումարած օրէնսդրական նիստը ողջունելի կը նկատուի, որովհետեւ անոր ընթացքին վաւերացուած են շարք մը կարեւոր օրինագիծեր, ինչպէս` Իսրայէլ ապաստանած լիբանանցի քաղաքացիներուն տունդարձի թղթածրարին վերաբերող օրինագիծը:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց ներկայացնելու այնպիսի առաջարկներ, որոնք կ՛ընդգրկեն երկրին սահմանադրութիւնը բարեկարգող օրինագիծեր եւ կը նպատակադրեն հիմնել երկրին արդի պետութիւնը:

Նախագահ Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նախկին նախարարներ Ուատիհ Խազեն եւ Սելիմ Ուարտէ, որոնք քննարկեցին լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները:

Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES