«ՄԵՆՔ ՔԻՒՐՏԵՐԸ ՉԵՆՔ ՎՏԱՐԵՐ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԷՆ. ՄԵՆՔ ՔԻՒՐՏԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՆՈՅՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԱՊՐԱԾ ԵՒ ՆՈՅՆ ԱՐՀԱՒԻՐՔՆԵՐԸ ԿՐԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ԵՆՔ» «Օ. ԹԻ. ՎԻ.»ԻՆ Կ՛ԸՍԷ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Երեսփոխան Բագրատունի` հարցազրոյցին ընթացքին

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ այդ մասին շրջանառութեան մէջ դրուած ապատեղեկատուութեան հսկայական արշաւին:

Այս առիթով երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ եթէ հարցը ուղղակիօրէն կապուած է Լիբանանի ապահովութեան եւ լիբանանցի քաղաքացիին անվտանգութեան, ապա այդ պարագային ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կարծիքը յստակ է ու մեկին:

«Բայց եւ այնպէս Պուրճ Համուտի մասին կատարուող յայտարարութիւնները ուղղակի աղմուկի վերածուած են եւ անհիմն են: Երբ կը խօսինք Պուրճ Համուտի մասին, ապա պէտք է նկատի ունենանք, որ անոր աշխարհագրական տարածութիւնը կը սկսի Տորայէն եւ կ՛երկարի մինչեւ Նապաա, եւ ամբողջ բնակչութիւնը, որուն պատկերին մասին եթէ պիտի խօսինք, պիտի հաստատենք, որ անոնք մեծաւ մասամբ հայեր են եւ ուրիշներ, որոնք հայեր չեն, սակայն կայ նաեւ երրորդ մաս մը, որ կը բաղկանայ օտար բանուորներէ: Մենք այս հարցին մասին առաջին քննարկումը կատարած ենք նուազագոյնը երկու տարի առաջ: Տորայի մէջ վերջին հանգրուանին բազմացած են անպարկեշտ երեւոյթները, անբարոյութիւնը եւ ապօրինի գործունէութեանց անկիւնները: Անշուշտ այս օտար բանուորները կ՛աշխատին նաեւ Պուրճ Համուտի մէջ եւ հայ գործատէրերու մօտ:

«Սակայն պէտք է նշել, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը այս իմաստով ստացած է բազմաթիւ բողոքագիրներ եւ դիմած է նահանգապետին, որպէսզի անհրաժեշտ եղած տնօրինումներուն դիմէ անկարգութիւններ եւ օրինազանցութիւններ կատարող բանուորներուն դէմ: Ես անձամբ ստացած եմ բողոքագիր մը, որ ներկայացուած է ոչ հայկական միութեան մը կողմէ եւ Նապաայի մէջ բնակող 500 բնակիչներու (երկու երրորդը` ոչ հայեր) ստորագրութիւնը կը կրէ: Այդ բնակիչները Պուրճ Համուտի քաղաքապետութենէն կը պահանջեն վերջ տալ կամ սանձել կարգ մը օտար բանուորներու կողմէ յառաջացած անկարգութիւններն ու յոռի երեւոյթները», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը պահանջեց օտար բանուորներուն վարձով բնակարան տրամադրող տանտէրերէն իրենց բնակարաններուն վարձակալութեան համաձայնագիրները արձանագրել քաղաքապետութեան մօտ, որպէսզի քաղաքապետութիւնը իրազեկ դառնայ տիրող կացութեան, որովհետեւ ան բազմաթիւ բողոքներ ստացած է այդ իմաստով:

Ան նշեց, որ Պուրճ Համուտի մէջ կատարուած են նաեւ անկարգութիւններ լիբանանցի քաղաքացիներու նկատմամբ, «եւ երբ մարդիկ կը զգան, որ իրենց արժանապատուութիւնը, պատիւը եւ բնակարանը կը վտանգուի, չեն հարցներ, թէ որմէ՞ կու գայ վտանգը, այլ հարց կու տան, թէ ինչպէ՞ս կարելի է կասեցնել այդ յարձակումը:

«Մենք քիւրտերուն հետ նոյն պատմութիւնը ապրած եւ նոյն արհաւիրքները կրած ժողովուրդ ենք, հետեւաբար` այսօր անկարելի է այս հարցը այլոց կողմէ քաղաքական առումով շահագործել եւ աշխարհին ներկայանալ իբրեւ քրտական իրաւունքներուն պաշտպան կողմեր եւ անձնաւորութիւններ», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:

«Մենք ոչ ոք վտարած ենք Պուրճ Համուտէն, պարզապէս պահանջած ենք օրինաւոր կերպով արձանագրել վարձակալութեան համաձայնագիրները», նշեց ան: Ան շեշտեց, որ Պուրճ Համուտի մէջ ապօրինի փաստաթուղթեր կրող բանուորներուն ձերբակալումը կուսակցութիւնը չէ որ կը կատարէ, այլ` երկրին բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը:

«Անոնք, որոնք անճիշդ տեղեկութիւններու հիման վրայ կը մեղադրեն եւ կը դատապարտեն ՀՅԴ-ն ու Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը, թո՛ղ ստուգեն, թէ ո՛վ

Պուրճ Համուտի մէջ դաշունահարած է հայ երիտասարդ մը, ո՛վ հալածած է հայ երիտասարդուհիներ, որոնք կիրակի առաւօտեան եկեղեցի կ՛երթային», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ Պուրճ Համուտ ժողովրդավարութեան խարիսխ է, ուր գրասենեակներ ունին քաղաքական բոլոր կուսակցութիւնները:

Անդրադառնալով Լիբանանի ապահովական կացութեան` Յ. Բագրատունի դրուատեց ընդհանուր ապահովութեան դերակատարութիւնը` երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու իմաստով:

Համամասնական դրութեան հիման վրայ մշակուած ընտրական օրէնքի նախագիծին ակնարկելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ հարկ է մշակել այնպիսի օրէնք մը, որ երաշխաւորէ Լիբանանի բազմազանութիւնը, ազգային համերաշխութիւնը եւ միասնականութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES