ԺԵՐԱՐ ԲԱՑԱԿԱՅ` ԱՆԳԼԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԻՆ ԿԱՏԱՐԵԼԻՔ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԵՐԿՈՒ ՄՐՑՈՒՄԷ
Լիվըրփուլի կողմէ կատարուած յայտարարութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող վիրաւոր միջնապահ Սթիւըն Ժերար, այս շաբաթավերջին Սուանզիի դէմ տեղի ունենալիք մրցումէն (Անգլիոյ ախոյեանութիւն) բացակայելէ բացի, իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին կատարելիք երկու բարեկամական մրցումներու:
Յառաջիկայ 12 եւ 15 նոյեմբերին, Անգլիա յաջորդաբար պիտի հիւրընկալէ Սպանիան եւ Շուէտը:
Նշենք, որ 31 տարեկան Ժերար, վեց ամսուան բացակայութենէ մը ետք, երկու շաբաթ առաջ ֆութպոլի դաշտ վերադարձած էր:
CATEGORIES Մարզական


