ԱՂՋԿԱՆՑ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՄԱՐԶԻՉՆԵՐՈՒ ԵՌՕՐԵԱՅ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐ` 4 ՆՈՐՎԵԿԻԱՑԻՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի աղջկանց յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Նորվեկիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին, Պհամտունի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցան աղջիկ մարզիչներու եռօրեայ դասընթացքներ:
Այս դասընթացքները տեղի ունեցան նորվեկիացի չորս մարզիկներու հսկողութեամբ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ վկայագիրներու եւ յուշանուէրներու յանձնում` ձեռամբ Լիբանանի աղջկանց ֆութպոլի յանձնախումբի նախագահ եւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ Համբիկ Միսաքեանի:
Որոշուեցաւ, որ յաջորդ դասընթացքը տեղի ունենայ յառաջիկայ գարնան:
CATEGORIES Մարզական

